ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Գումգաբուի Ա­թո­ռա­նիստ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեա­նի, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներուն այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, ուր ընդունուեցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ Ա­թո­ռա­նիստ եկեղեցւոյ ա­նուան  տօ­նախմ­բու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի Կիրակի, 17 Օ­գոս­տոսին, Վե­րա­փո­խումն Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րին։ Անոնք օ­րուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեանց հա­մար խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ տե­ղե­կու­թիւն տուին  ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուած աշ­խա­տու­թեանց շուրջ։ Մաս­նա­ւո­րա­բար Քա­հա­նա­յից տան մա­սին ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րը փո­խան­ցուե­ցան, ինչ­պէս նաեւ զա­նա­զան ծրա­գր­ե­րու եւ կա­լուա­ծա­կան այլ խնդիր­նե­րու մա­սին գա­ղա­փա­րի փո­խա­նա­կումներ տեղի ունեցան։ Ի մի­ջի այ­լոց թաղականները տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ տարեկան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կի­րա­կի, Հոկտեմբերի 11-ին։ Ա­րամ Սրբազան ըն­դա­ռա­ջեց ե­ղած խնդրան­քին, կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն՝ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։

Միւս կողմէ, Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ընդունուեցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցի, որ Կիրակի, Հոկ­տեմ­բերի 4-ին պի­տի կա­տա­րուի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը ու Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին հանգս­տեան ա­ղօթք­նե­րով պի­տի յի­շուին ե­կե­ղեց­ւոյ հան­գու­ցեալ սա­տա­րող­նե­րը։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի պի­տի սար­քուի սի­րոյ սե­ղան՝ ի նպաստ թաղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին։ Թաղականները շա­բա­թա­վեր­ջի սոյն կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեանց հա­մար խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա­րամ Սրբազան ըն­դա­ռա­ջեց խնդրան­քին ու կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Ս. Գէորգ եկե­ղեց­ւոյթա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն՝ ի­րենց ապագայ գոր­ծու­նէու­թեանց մէ­ջ։

Բաց աստի, Հա­յաս­տան­ցի նկա­րիչ եւ բա­նաս­տեղծ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Մայ­տա Սա­րի­սի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ըն­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Լե­ւոն Լա­ճի­կեան վերջերս Գնա­լը կղզիի մէջ բացած էր ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր ներկա-յացուեցան Պոլ­սոյ վե­րա­բե­րեալ իր ստեղծագործած սեւ-ճեր­մակ գծան­կար­նե­րը։ Ան իր գե­ղա­րուես­տա­կան վաս­տա­կին ա­ռըն­թեր, ու­նի նաեւ կրթա­կան ծա­ռա­յու­թիւն։ Ան տար­բեր մար­զե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով՝ շա­տե­րուն գնա­հա­տան­քին ար­ժա­նա­ցած է։ Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին ի յի­շա­տակ  այ­ցե­լու­թեան իր ձե­ռամբ պատ­րաս­տուած Պատ­րիար­քա­րա­նի գծան­կա­րը յանձ­նեց Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։ Ա­րամ Սրբազան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց սոյն քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թեան հա­մար ու իր գնա­հա­տան­քն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղթանքները յղեց արուեստագէտին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015