ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՊՍԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ

Այս ա­ռա­ւօտ խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ի Տէր հան­գած է մեր քա­հա­յա­նից դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէ­զէն­լեան, որ եր­կար տա­րի­ներ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած էր մեր ե­կե­ղեցւոյ։ Ան ե­ղած էր Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ եւ Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բազ­մա­մեայ երէ­ցը։ Ան­դամ էր Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի։ 1999 թուա­կա­նին կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած էր որ­պէս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Ազ­գա­յին պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի գու­մար­ման ժա­մա­նակ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։

Ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը՝ վա­ղուան թի­ւո­վ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015