ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ յայտարարեց, որ շատ մօտաւոր ապագային կարելի է շօշափելի հանգրուանի մը հասնիլ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ։ «Ընդգծած եմ, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն ու բարդութիւններուն, դանդաղեցումներուն եւ ապակառուցողականութեան, Հայաստան վճռական է եւ հաստատակամ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կառուցելու եւ խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար։ Մենք կը հաւատանք, թէ երկուստեք շինիչ մօտեցման պարագային շատ մօտ ապագային կրնանք շօշափելի հանգրուանի հասնիլ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Միրզոյեանի այս առաւօտեան յայտարարութիւններէն առաջ, երէկ, հայկական լրահոսին մէջ երեւցած էին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի ամսավերջին տեղի ունենայ սահմանազատման յանձնաժողովներու նոր հանդիպում մը։ Իր վերջին յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Գրիգորեան խօսած էր Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ՝ մանաւանդ, որ վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերստին առաջարկներու փոփոխութիւններ եղած են։ Գրիգորեանի խօսքով՝ կան հարցեր, որոնց պարագային բանաւոր բանակցութիւններու ժամանակ համաձայնութիւն գոյացած է, բայց խաղաղութեան պայմանագրի թեքստին մէջ որոշ յետընթացներ նկատուած են։ «Չի կրնար Հայաստանի շահերուն հակասող փաստաթուղթ մը ըլլալ», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը չի ստորագրեր այդ մէկը։

Ան իր յայտարարութիւններուն մէջ մեկնաբանեց նաեւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու առկայ բարդութիւնները։ Իր խօսքով՝ Հայաստան Ռուսաստանի հետ զէնքի մատակարարման վերաբերեալ նոր պայմանագիր մը չունի։ Բանակցութիւնները ներկայիս կ՚ընթանան՝ ցարդ չմատակարարուած զինամթերքին շուրջ։ Բաց աստի, Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Մենք որեւէ ակնկալութիւն չունինք ՀԱՊԿ-էն, այս վերջինը երբեք չէ ճանչցած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները, ինչ որ շատ լուրջ խնդիր մըն է»։

Մինչ այդ, Արմէն Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան վարչութեան պետ Ռորի Տոմմիի հետ։ Այս փուլին ան յայտնեց, որ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանէն ներս կայուն անվտանգային միջավայր ունենալու։

Տարածաշրջանի դերակատարներն ալ կը շարունակեն վառ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ հեռախօսազրոյցի ընթացքին հերթական անգամ արժեւորեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանանին ալ յայտնեց, որ տարանցիկ համագործակցութեան զարգացումը չի կրնար հիմք հանդիսանալ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան խախտման համար։

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանէն երկկողմանի բանակցութիւններու համար առաջարկ չէ եկած։ Հայաստան կողմնակից է, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները արդիւնաւէտութիւն ունենան։ Հայկական կողմը կը կարեւորէ, որ ձեւաւորուած ձեւաչափերը ըլլան շարունակական։ Իր խօսքով՝ հնարաւոր է, որ հայկական կողմը նախատեսէ դիւրացնել Ատրպէյճանի բեռներու եւ քաղաքացիներու շարժը, սակայն, սա պէտք է ըլլայ իր իրաւազօրութեան շրջանակներուն մէջ։ «Եթէ ճանապարհները ապաշրջափակուին, այդ բանը պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան ներքեւ։ Սա կը նշանակէ նաեւ, որ անվտանգութիւնը եւս պէտք է ապահովուի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ», ըսաւ ան ու շեշտեց, որ այս սկզբունքներուն մասին պէտք է բանակցիլ։ Խանդանեան աւելցուց.

«Եթէ Ատրպէյճան ընդունի տակաւին անցեալ տարի երկու երկիրներու առաջնորդներուն կողմէ համաձայնեցուած յայտնի սկզբունքները, ապա, այո, այդ շրջանակէն ներս հնարաւոր է նախատեսել Ատրպէյճանի բեռներու, ինքնաշարժներու, քաղաքացիներու շարժի դիւրացումներ, որպէսզի այն վախերը, ռիսքերը, որոնք կան թէ՛ մեր մօտ եւ թէ Ատրպէյճանի մօտ, հնարաւոր ըլլայ որոշակիօրէն կառավարել»։

Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ նախընթաց օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն տուած այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ հայկական դիւանագիտութեան գերագոյն նպատակն է ապահովել երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024