ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԳՈՒՇԱԿԸ
Ի՞նչ է ասիկա:
Ամբողջ ազգ մը խաչբառ կը լուծէ, մարզական խաղերու կը հետեւի, կամ գիշերուան թատերախաղը կը դիտէ, մինչ իսրայէլական զէնքերը ուղղուած են իր ճակատին, հողին, արժանապատուութեան եւ քարիւղին:
Ինչպէ՞ս արթնցնեմ զինք իր մրափէն ու համոզեմ զինք, թէ Իսրայէլի երազները իր սահմաններէն շատ աւելի երկար են, եւ թէ իր այս Վատիկանեան խաղաղարար տեսքով համաշխարհային հանրութեան ներկայանալը չի՛ նշանակեր, թէ Լիբանանի հարաւը վերջին հանգրուանն է:
Արդարեւ, եթէ անոր [Իսրայէլին] այսօր կամովին Լիբանանի հարաւը տրուեցաւ, ան վաղը Լիբանանի հիւսիսը պիտի պահանջէ, պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը Լիբանանի հարաւին մէջ:
Եթէ ամբողջ Լիբանանը տրուի անոր, ան Թուրքիան պիտի պահանջէ, պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը Լիբանանի մէջ:
Եթէ Թուրքիան տրուի անոր, ապա ան Պուլկարիան պիտի պահանջէ, պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը Թուրքիոյ մէջ:
Եթէ Արեւելեան Եւորպան տրուի անոր, ապա ան Արեւմտեան Եւրոպան պիտի պահանջէ, պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ:
Եթէ Հիւսիսային Բեւեռը տան անոր, ապա ան Հարաւային Բեւեռը պիտի պահանջէ, պաշտպանելու համար իր անվտանգութիւնը Հիւսիսային Բեւեռին մէջ:
***
Պայուսակներս լեցուցի քարտէսներով, փաստաթուղթերով եւ բացատրողական գծագրութիւններով (Infographics) ու ամբողջ արաբական աշխարհը շրջեցայ՝ քաղաք առ քաղաք, տուն առ տուն:
Որպէս պատմաբան խօսեցայ անոնց մեր երկրին, գետերուն եւ խմելու ջուրին նկատմամբ Իսրայէլի թշնամական մտադրութիւններուն եւ պատմական յաւակնութիւններուն մասին: Որպէս տեղագրող (topographer) անոնց ներկայացուցի փաստեր, գաղտնի եւ յայտնի փաստաթուղթեր՝ արաբերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով…, սակայն այդ բոլորը ո՛չ մէկուն հոգն էր:
Ապա որպէս արուեստագէտ խօսեցայ անոնց, ներկայացնելով ամենէն համբաւաւոր գծագրութիւնները, ծաղրանկարները, որոնք Իսրայէլը կը պատկերացնեն որպէս կատուի ճանկ՝ գաղութատիրութեան, որպէս կամուրջի գլուխ՝ կայսերապաշտութեան, որպէս գալարուող օձ, որպէս խայթող կարիճ, որպէս կէտ, որպէս վիշապ, որպէս Տրաքուլա (dracula), որպէս Ռայա եւ Սաքինա1… կը մեռցնէ, կը սպաննէ, դաւադրութիւններ կը հրահրէ… Ո՛չ մէկուն հոգն է:
Ապա որպէս ելեկտրականութեան փորձագէտ խօսեցայ անոնց. զգուշացուցի զանոնք, թէ քարիւղի աղբիւրները Իսրայէլի յաջորդ նպատակն են. եւ մենք՝ որպէս արաբներ, կրնայ ըլլալ փայտէ դարաշրջանին վերադառնանք, շրթներով եւ հագուստի քղանցքով կրակ փչելուն…: Ո՛չ մէկուն հոգն է:
Ապա որպէս բժիշկ խօսեցայ անոնց, Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին ինչպէս կը թունաւորեն աշակերտներն ու աշակերտուհիները, ականապատուած դիակները Սապրայի եւ Շաթիլայի կոտորածներուն2: Տակաւին, գրաւուած հողերուն վրայ մեր ժողովուրդին նկատմամբ շարունակական չարաշահումները, տուներու բռնագրաւումը, բնակիչները վռնտելը, կեցութեան վայր որոշելը, ճամբորդել արգիլելը, վերադառնալ արգիլելը, դպրոցներ փակելը, թաղային խորհուրդներուն մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը, ցոյցերը բռնի ուժով ճնշելը, ջիղերու կազ եւ արցունքաբեր ռումբեր արձակելը, ինչպէս նաեւ յետամնացութիւն յառաջացնելը…: Ո՛չ մէկուն հոգն է:
Ապա որպէս հայր խօսեցայ անոնց: Զգուշացուցի զանոնք, թէ արաբական աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր դպրոց կրնայ Կովերու ծով դպրոց3 ըլլալ: Ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր գրող կամ բանաստեղծ կրնան Քամալ Նասէր4 կամ Ղասան Քանաֆանի5 ըլլալ: Տակաւին, իւրաքանչիւր քաղաքապետ [գիւղապետ-թաղապետ] կամ պետական կառոյցի տնօրէն կրնայ անթացուպերով իր տուն վերադառնալ՝ Պասամ ալ-Շաքաայի6 եւ Քարիմ Խալաֆի7 նման…: Ո՛չ մէկուն հոգն է:
Ապա գիւղացիներուն որպէս գիւղացի խօսեցայ. գործաւորներուն որպէս գործաւոր, վաճառականներուն որպէս վաճառական, աջակողմեաններուն որպէս աջակողմեան, ձախակողմեաններուն որպէս ձախակողմեան: Խնդրարկուներուն որպէս խնդրարդկու (bidder), չափաւորականներուն որպէս չափաւորական, ծերերուն որպէս ծեր, երեխաներուն որպէս երեխայ… Ըսի անոնց, թէ Շոլթզի պայմանագիրը8 նման է Քամբ Տէյվիտի9 եւ Սինայի10 պայմանագրերուն, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր պայմանագրերուն, ինչ որ ձեր կռնակներուն ետեւն կնքուած են: Այն [Շոլթզի պայմանագիրը] ծայրայեղ ճշգրտութեամբ ձեւակերպուած է, ինչպէս Ճոքանտայի [Մոնալիզայի] ժպիտը, որ չես գիտեր թէ ան կը ժպտա՞յ մեզի, թէ՞ կը ծաղրէ մեզ: Այդ պատճառով որոշ արաբական իրարու հակառակ երկիրներ, ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ անոնք կրնան հաշտուիլ…, հաշտուեցան այս պայմանագրին պատճառով: Միւս կողմէ, բարեկամ պետութիւններ որ ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ կրնային հակառակիլ, այս պայմանագրին պատճառով հակառակեցան…: Սակայն, քաղաքական շարժումները սահմաններ ունին, ինչպէս նաեւ միջազգային ջանքերը չափանիշներ ունին, զորս կարելի չէ խախտել: Աւելին, արաբական մնայուն գագաթաժողովը եւ անոր կեդրոնական դատը՝ Պաղեստինը, իր արտակարգ նիստերը անորոշ ժամանակով չի՛ կրնար շարունակել, այնքան ատեն որ տեղէ մը պատասխան եւ ուրիշ տեղ մը աջակցութիւն չստանայ:
Տակաւին, Լիբանանի Ազգային դիմադրութիւնը, ինչքան ալ խիզախ ըլլայ, առանձինն չի՛ կրնար զայն վերացնել, եթէ այդ փորձը արաբական իւրաքանչիւր երկրի մէջ չընդհանրացուի:
Քաջագործութեան եւ ֆիտայութեան ամենէն լաւ պատմութիւնները պատմեցի անոնց: Հիանալին այն է, որ մարդ իր հայրենիքին համար յեղափոխականի ոգիով ըլլայ, թակարդներ կը լարէ, թշնամիները կը հետապնդէ լեռներուն վրայ: Իսկ հանգիստի ժամանակ, իր զէնքը կը սեղմէ իր կուրծքին ու լուսինի լոյսին տակ հայենիքէն իրեն հասած նամակները կը կարդայ…, ուր ամէն մէկ էջի մէջ նշանածէն մազ մը կայ, կամ սիրելիէն՝ չորցած վարդի թեթրիկ մը…:
Յուզիչ եւ զայրացած թոնայնութեամբ մը անոնց կարդացի դիմադրութեան եւ պայքարի ամենէն գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները, Նազէմ Հիքմաթէն11, Լորքայէն12, Հօ Շի Մինէն13, ինչպէս նաեւ Մահմուտ Տարուիշէն14 եւ Սամիհ ալ-Քասէմէն15…: Ո՛չ մէկուն հոգն էր:
Բոլորը կտրուած ճիւղի մը նման կը նայէին ինծի…, եւ հառաչելով իրենց գործերուն կ՚երթային:
Աւելի ի՞նչ կրնամ ընել անոնց, իրենց հպարտութիւնը, զայրոյթը եւ վախը արթնցնելու համար:
Դէմքիս դիմա՞կ մը պէտք է դնեմ, որ Պիկէնի16 չարագուշակ երկու ակռաներու տեսքով երեւամ, կամ Մոշէ Տայանի17 նման սեւ աչքակապ մը հագնիմ եւ երեխաներու մահճակալներուն շուրջը ցատկեմ գիշերուայ մութին:
Արդեօք հրապարակներու վրայ շողագիրներ (radiograph) ցուցադրեմ այն ատելութեան մասին, որ Շարոնի, Պերեզի, Օրեանզի, Էյթանի եւ ուրիշներու կուրծքերուն տակ կը հասուննայ այս ազգին [արաբ] հանդէպ: Այլեւ ճնշումներ, նուաստացում, սով եւ աւերուածութիւններ, ինչ որ անոնք կը գործադրեն անոր ու անոր ժողովուրդներուն դէմ:
Արաբ ժողովուրդները այս աստիճանի՞ կորսնցուցած են՝ հողի, ազատութեան, արժանապատուութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը, թէ՞ արաբական ահաբեկչութիւնը նախապէս շատ աւելի ճնշած, սովամահ ըրած, ահաբեկած ու տեղահանած է զինք, քան այն ինչ Իսրայէլը մինչեւ հիմա ըրած է եւ ապագային ալ կրնայ ընել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ
1 Ռայա եւ Սաքինա Ալի Համամ: Եգիպտացի քոյրեր, որոնք նշանաւոր մարդասպաններ կը համարուէին: Անոնք՝ դեկտեմբեր 1919-նոյեմբեր 1920-ի միջոցին խումբ մը ստեղծած էին (6 անդամներէ բաղկացած)՝ կիները գայթակղեցնելու եւ զանոնք սպաննելու՝ գողութեան նպատակով: Այդ ընթացքին Աղեքսանդրիոյ մէջ սարսափի ալիք բարձրացած էր: Մինչեւ որճրագործութեան հասնիլը անոնք ամէն տեսակի ապօրինի եւ անբարոյական գործերով զբաղած են: Անոնք ձերբակալւած են եւ դատուած են 17 կիներու կեանքերը խլելու համար: Դեկտեմբեր 21-22 1921-ին կախաղան բարձրացուցած են զանոնք: Եգիպտոսի նոր ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ առաջին կիներն են, որոնք կախաղան հանուած են:
2 Լիբանանի մէջ պաղեստինցի փախստականներուն յատուկ ճամբարներ: Այս երկու ճամբարներուն մէջ երկու կոտորածներ իրականացուած են: Առաջինը 16 սեպտեմբեր 1982-ին՝ տեւած է երեք օր, որու զոհ գացած են 750-3500 պաղեստինցի մանուկներ, երիտասարդներ, կիներ եւ ծերեր: Կոտորածը իրականացուցած են լիբանանեան խմբաւորումներ՝ Ալ Քաթայիպ կուսակցութիւնը (Լիբանանի ամենէն նշանաւոր քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկը: Հիմնադրուած է 1936-ին, Փիէռ ալ-Ճըմէյէլին կողմէ), Լիբանանի Հարաւային բանակը եւ Իսրայէլի բռնագրաւող բանակը: Երկրորդ կոտորածը՝ 20 մայիս 1985-ին սկսած է եւ տեւած է մէկ ամիս, որու զոհ գացած են շուրջ 3100 պաղեստինցիներ: Կոտորածը իրականացուցած են Ամալ շարժումը (Լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւն, Շիաա համայնքին կապուած: Հիմնադրուած է 1974-ին, Մուսա ալ-Սատըրին կողմէ) եւ լիբանանեան բանակի վեցերորդ ենթաբաժանումը:
3 Դպրոց Եգիպտոսի Արեւելան նահանգին մէջ, որ 8 ապրիլ 1970-ին իսրայէլեան Phantom տիպի ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են: Ռմբակոծութեան հետեւանքով 30 երեխայ զոհուած է, 50 երեխայ՝ վիրաւոր եւ դպրոցը ամբողջութեամբ քանդուած է:
4 Պաղեստինցի քաղաքական գործիչ-առաջնորդ, գրող եւ բանաստեղծ (1924-1973): 9 ապրիլ 1973-ին նահատակուած է Պէյրութի մէջ իր երկու ընկերներուն՝ Քամալ Ատուան եւ Մուհամմատ Եուսէֆ Նաճճարի հետ, իսրայէլեան յատուկ ջոկատայիններու իրագործած յարձակումի ընթացքին:
5 Պաղեստինցի գրող եւ քաղաքական գործիչ (9 ապրիլ 1936 - 8 Յուլիս 1972): Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդական ճակատի նշանաւոր գործիչներէն մէկը: Նահատակուած է 8 յուլիս 1972-ին, իր ինքնաշարժին մէջ տեղադրուած ռումբի պայթունին հետեւանքով:
6 Պասամ Ահմատ ալ-Շաքաա (1930 - 22 յուլիս 2019): Պաղեստինի Նապլըս քաղաքի նշանաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը, որ 1976-1982-ի ընթացքին եղած է այդ քաղաքին քաղաքապետը: 2 յունիս 1980-ին մահափորձի ենթարկուած է՝ իր ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ռումբի պայթունի մը պատճառով: Չէ՛ մահացած, սակայն պայթունի հետեւանքով կորսնցուցած է իր երկու ոտքերը: Այս դէպքէն ետք ան գրած է. «Եթէ յաջողեցան ոտքերս կտրել, սակայն պիտի չկարենան պայքարս մարել: Հրեաները ուզեցին որ մեռնիմ, սակայն Աստուած կեանք շնորհեց ինծի, որպէսզի առաքելութիւնս շարունակեմ՝ արաբ եւ ազատ Պաղեստինը պաշտպանելու, ամբողջ Պաղեստինը: Իւրաքանչիւր արաբ մարդու իրաւունքն է Պաղեստինը պաշտպանել, որովհետեւ արաբ ժողովուրդին եւ ամբողջ արաբական աշխարհին դատն է, որ արաբական-ազգային դատ է»:
7 Քարիմ Հաննա Խալաֆ (1973 - 30 մարտ 1985): Ծնած է Պաղեստինի Րամ-Ալլահ քաղաքին մէջ, որու քաղաքապետը եղած է 1972-1982 ժամանակահատուածին: Քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է, ինչի հետեւանքով հալածուած է Իսրայէլի կողմէ: 1982-ին հեռացուցած են զինք քաղաքապետի պաշտօնէն, Արիհա (Երիքով) աքսորած ու տնային կալանք սահմանած են անոր: 1980-ին Խալաֆի ինքնաշարժին մէջ ռումբ դրած են, ինչի հետեւանքով Խալաֆ կորսնցուցած է իր աջ ոտքը եւ մինչեւ կեանքին վերջը արհեստական ոտք (prosthesis) ունեցած է եւ անթացուպ գործածած է:
8 17 մայիսի պայմանագիր կամ համաձայնագիր: Խաղաղութեան նախագիծ մը, որ կնքուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 17 մայիս 1983-ին, սակայն նախքան վաւերացումը՝ չեղարկուած է:
9 Քամբ Տէյվիտի համաձայնագիրը ստորագրուած է Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ, 17 սեպտեմբեր 1978-ին, 12-օրեայ գաղտնի բանակցութիւններէ ետք: Համաձայնագիրը ստորագրած են Եգիպտոսի նախագահ՝ Անուար Սատաթը եւ Իսրայէլի վարչապետ՝ Մնահիմ Պիկենը, Ամերիկայի նախագահ՝ Ճէյմս Քարթըրի ներկայութեամբ: Այս համաձայնագրի լոյսին տակ յաջորդ տարին՝ 1979-ին եգիպտա-իսրայէլեան խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուած է: Այս համաձայանգրին շնորհիւ, Սատաթն ու Պիկենը Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած են:
10 Սինայի կամ Սինայի միջանկեալ համաձայնագիրը կնքուած է Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ 4 սեպտեմբեր 1975-ին: Ըստ այս համաձայնագրին երկու երկիրներուն միջեւ վէճերը «չեն կրնար զէնքի ուժով լուծուիլ, այլ՝ խաղաղ ճանապարհով»:
11 Թուրք բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր (15 յունուար 1902 - 3 յունիս 1963): Թրքական յեղափոխական բանաստեղծութեան հիմնադիրը կը համարուի: Մասնակցած է Աթաթուրքի բարենորոգչական շարժումին, սակայն ետքէն հակառակած է անոր հաստատած վարչաձեւին, ինչ բանի պատճառով բանտարկուած է: Ազատ արձակուած է 1950-ին, եւ փախչած է Սովետական Միութիւն, ուր եւ մահացած է:
12 Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա, սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր (5 յունիս 1898 - 19 օգոստոս 1936): Ոմանք զինք 20-րդ դարու լաւագոյն գրողներէն մէկը կը համարեն: Սպանացի ազգայնական յեղափոխականները զինք կախաղան հանած են՝ երբ տակաւին երեսունութ տարեկան եղած է: 1965-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած է անոր բանաստեղծութիւններէն գրքոյկ մը՝ «Մեղրի երգը» վերնագիրով:
13 Հօ Շի Մին (19 մայիս 1890 - 2 սեպտեմբեր 1969): Գրող, հրապարակախօս, քաղաքական գործիչ, յեղափոխական, Հիւսիսային Վիեթնամի վարչապետ (1945-1955) եւ նախագահ (1945-1969):
14 Պաղեստինցի եւ արաբ ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը (13 մարտ 1941 - 9 օգոստոս 2008): Իր անունը կապուած է յեղափոխութեան եւ հայրենիքի հետ: Տարուիշը կը համարուի ամենէն նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը, ով նպաստած է արաբական արդի բանաստեղծութեան զարգացումին՝ անոր մէջ խորհրդապաշտութիւն մտցնելով:
15 Պաղեստինցի նշանաւոր բանաստեղծ (11 մայիս 1939 - 19 օգոստոս 2014): Իր անունը կապուած է յեղափոխութեան եւ դիմադրութեան հետ:
16 Հրեայ երկրաբան, քաղաքկան գործիչ (1 մարտ 1943): Լիկուտ կուսակցոթեան Քնէսէթի անդամ: Իսրայէլի նախկին վարչապետ՝ Մենախեմ Պիկէնի որդին է:
17 Հրեայ ռազմական առաջնորդ եւ քաղաքական գործիչ (20 մայիս 1915 - 16 հոկտեմբեր 1981): Իսրայէլի նոր պետութեան մարտական խորհրանիշ համարուած է, որովհետեւ մասնակցած է արաբա-իսրայէլական պատերազմին, Սուէզի ճգնաժամին, 1967-ի վեցօրեայ պատերազմին: 1977-ին ստանձնած է արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնը եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Եգիպտոս-Իսրայէլ բանակցութիւններուն մէջ: 1941-ին դիպուկահարի մը հարուածին պատճառով կորսնցուցած է իր ձախ աչքը, ինչի հետեւանքով սեւ աչքակապ մը կրած է մինչեւ իր կեանքին վերջը: