ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ եթէ Աստուծոյ պատուիրանները եւ իր բռնած ճամբաները պահէ, օգուտ կը ստանա՞յ:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ, իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի» (Առ 19.16):

Անշուշտ որ անոնք որոնք Աստուծոյ պատուիրանները կը պահեն ու կը գործադրեն, ապա այդ պատուիրանները զիրենք կը պահեն ու կը պաշտպանեն: Աստուծոյ պատուիրանները պահելու համար, մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր բռնած ճամբաներուն, այսինքն՝ արդարութեան, ճշմարտութեան, հաւատքի, բարոյականութեան եւ առաքինութեան ճամբաներէն պէտք է քալէ եւ ո՛չ թէ այս աշխարհի անցողիկ արժէքներու եւ հաճոյքներու ետեւէն ընթանայ:

Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին, կը գրէ. «Ով որ աստուածային պատուիրանը կը պահէ, պատուիրանն ալ զինք յաւիտեան կը պահէ: Պատուիրանին հնազանդելու մէջ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ հաճոյքը, հնազանդութեան օրհնութիւնը ճաշակելը եւ յաղթանակ շնորհող Քրիստոսի միջոցով մահուան դէմ յաղթանակ վայելելը կայ: Իսկ ով որ պատուիրանը կ՚արհամարհէ, ան զԱստուած է որ կ՚արհամարհէ եւ ինքզինք յաւիտենական մահուան անդունդը կը նետէ»:

Մեր օրերուն շատերու համար Աստուած, Քրիստոս, քրիստոնէութիւն, պատուիրաններ, եւ այլն, ժամանակավրէպ բաներու վերածուած են, եւ երբ մարդիկ այս նիւթերու մասին խօսին, շատերու կողմէ արհամարհանքի եւ ծաղրանքի կ՚ենթարկուին: Անդին իրենց ոլորտներուն մէջ որոշակի յաջողութեան հասած մարդիկ, անտեսելով աստուածային նախախնամութեան դերակատարութիւնը իրենց կեանքին մէջ, դարձեալ կ՚անարգեն ու նոյնիսկ կ՚անպատուեն բոլոր անոնք, որոնք այս նիւթերը կը շօշափեն, Աստուծոյ ու Քրիստոսի մասին կը խօսին: Այդպիսիները կը կարծեն, թէ իրենք «հերոսութիւն» կ՚ընեն, թէ իրենց ունեցած գիտութիւնն ու հնարաւորութիւնները բաւարար են, պապանձեցնելու համար այդպիսիները. այս մարդիկ մէ՛կ բան կ՚անգիտանան, որ այդպիսով նախ եւ առաջ իրենք զիրենք է որ կ՚անպատուեն ու կ՚անարգեն, որովհետեւ գիտութիւն եւ հնարաւորութիւն ունեցողները լիրբ եւ անպատկառ չեն ըլլար, այլ՝ պարզ ու խոնարհ, եւ իրենց խոնարհութեամբ ու պարզութեամբ կը նուաճեն ուրիշներու ցեխարձակումները: Պատճառը, որ վերը յիշուած մարդիկ այդպէս կը վարուին, որովհետեւ կ՚անարգեն Աստուծոյ պատուիրանները եւ իրենք զիրենք այդ պատուիրաններէն բարձր կը համարեն:

Աստուծոյ պատուիրաններուն պահպանութիւնը եւ գործադրութիւնը նման է զաւակներուն իրենց ծնողներուն պատուիրաններն ու թելադրութիւնը պահելուն եւ գործադրելուն: Ինչպէս զաւակ մը երբ իր ծնողներուն խօսքը կը լսէ, կը հնազանդի անոնց, լսելէ ու հնազանդելէ ետք կը գործադրէ անոնց թելադրութիւնները, ապա անպայմանօրէն յաջողութեան կը հասնի, նոյնն է պարագան մարդ արարածին, այսինքն, երբ մարդ իր Արարիչին պատուիրանները կը պահէ ու կը գործադրէ զանոնք, ապա անպայմանօրէն իր հոգիին օգուտ կը բերէ, որով ինքզինք արժանի կը դարձնէ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքին:

Յակոբոս առաքեալ կը թելադրէ. «Պատուիրանները լսելով մի՛ գոհանաք, այլ՝ կատարեցէ՛ք զանոնք. այլապէս դուք ձեզ խաբած կ՚ըլլաք: Որովհետեւ ով որ պարզապէս կը լսէ պատուիրանը, բայց չի կատարեր, կը նմանի անոր՝ որ ուշադրութեամբ ինքզինք կը դիտէ հայելիին մէջ. հազիւ հայելիէն հեռացած՝ ա՛լ չի տեսներ ինքզինք եւ կը մոռնայ իր ինչպէս ըլլալը: Մինչդեռ ան որ իր աչքերը կը յառէ Աստուծոյ ազատարար ու կատարեալ Օրէնքին եւ անոր մէջ կը յարատեւէ, այնպիսին լսելէ ետք չի մոռնար, այլ՝ կը գործադրէ զայն. անիկա երանելի պիտի ըլլայ կատարելուն համար» (Յկ 1.22-25): Իսկ Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ. «Մեզի վայել է Աստուծոյ պատուիրաններուն նայիլ, երբ անոնք կը կարդացուին, կամ երբ մեր յիշողութիւնը կը պահանջէ զանոնք, այնպէս ինչպէս մէկը հայելիին կը նայի, ինչպէս ըսած է Յակոբոս առաքեալը: Այդպիսին կ՚ուզէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նայիլ ինչպէս հայելիին կը նայի ու իրար չ՚անցնիր, որովհետեւ ո՛չ միայն այդ պատուիրանները լսող ըլլալ կ՚ընտրէ, այլ՝ ատոնք կատարող: Այդ պատճառով կը փափաքի, որ իր ճամբաները ուղղուած ըլլան Աստուծոյ օրէնքները պահպանելուն: Ինչպէ՞ս կրնաս առաջնորդուիլ, բայց Աստուծոյ շնորհով: Այլապէս, եթէ ան որոշէ Աստուծոյ պատուիրաններուն միայն նայիլ առանց զանոնք կատարելու, ապա անոնց մէջ ուրախութեան աղբիւր չի գտներ, այլ՝ շփոթութեան աղբիւր»:

Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան իր «Լոյս եւ Յոյս» գիրքին մէջ՝ «Խօսքը կատարողները» գրութեան մէջ այսպէս կը գրէ.

Տարիներ առաջ չորս հոգեւորականներ կը քննարկէին, թէ Աստուածաշունչի ո՞ր մէկ հայերէն թարգմանութիւնը ամենէն լաւն է: Անոնցմէ մէկուն համար բացարձակ հեղինակութիւն էր ոսկեղնիկ գրաբարը, որ մինչեւ այսօր «Թագուհի թարգմանութեանց» կը համարուի: Միւսը կը պնդէր, թէ լաւագոյն թարգմանութիւնը Էջմիածնական նոր աշխարհաբար հրատարակութիւնն է: Երրորդը նոր «Արարատ» թարգմանութիւնը կը նախընտրէր: Երբ կարգը չորրորդ հոգեւորականին հասաւ, ան ըսաւ. «Իսկ ես մօրս թարգմանութիւնը կը նախընտրեմ»: Միւս երեք հոգեւորականները դէմքի զարմացած արտայայտութեամբ դէպի չորրորդ հոգեւորականը դարձան, իսկ ան շարունակեց. «Այո՛, մայրս Աստուածաշունչը թարգմանած է: Ան Ս. Գիրքի իւրաքանչիւր էջը թարգմանած է իր կեանքին մէջ: Այդ թարգմանութիւնը իմ տեսած ամենահամոզիչ թարգմանութիւնն է»:

Արդարեւ, մեր կեանքին մէջ Աստուածաշունչին գործադրումն ու կիրառութիւնը մեր շրջապատի մարդոց համար կենդանի քարոզ է: Աստուծոյ Խօսքը լսելը, գործադրելը երանութիւն ու օրհնութիւն է ո՛չ միայն մեզի, այլ՝ ուրիշներուն համար եւս:

Ս. Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Պատուիրանները լսելով մի՛ գոհանաք, այլ՝ կատարեցէ՛ք զանոնք. այլապէս դուք ձեզ խաբած կ՚ըլլաք: Որովհետեւ ով որ պարզապէս կը լսէ պատուիրանը, բայց չի կատարեր, կը նմանի անոր՝ որ ուշադրութեամբ ինքզինք կը դիտէ հայելիին մէջ. հազիւ հայելիէն հեռացած՝ ա՛լ չի տեսներ ինքզինք եւ կը մոռնայ իր ինչպէս ըլլալը: Մինչդեռ ան որ իր աչքերը կը յառէ Աստուծոյ ազատարար ու կատարեալ Օրէնքին եւ անոր մէջ կը յարատեւէ, այնպիսին լսելէ ետք չի մոռնար, այլ՝ կը գործադրէ զայն. անիկա երանելի պիտի ըլլայ կատարելուն համար» (Յկ 1.22-25):

Աստուծոյ խօսքը հայելիի նման ցոյց կու տայ մեր սիրտին ծածուկ խորհուրդներն ու մտածումները, մեր ներքին աշխարհը (Եբր 4.12): Խօսքը միայն լսողները այդ հայելիին առջեւէն հպանցիկօրէն կ՚անցնին ու իրենց թերութիւնները, տկարութիւններն ու մեղքերը չեն նկատեր, եւ կամ ջանք չեն թափեր ատոնք ուղղելու համար: Հետեւանքը կ՚ըլլայ, որ անոնք ատոնց մասին կը մոռնան, որովհետեւ ուրիշ բաներու կարեւորութիւն կու տան: Իսկ Խօսքը կատարողները իրենց ամբողջական ուշադրութեամբ կը կարդան Աստուածաշունչը, իրենց միտքին մէջ կը պահեն ու իրենց կեանքին մէջ կը գործադրեն զայն՝ ինչպէս ներքին բարիք, այնպէս ալ արտաքին վարքի տիրոյթներէն ներս: Ա՛յս է օրհնութիւններու եւ երանութեան գաղտնիքը:

***

Հետեւաբար, աշխատինք ո՛չ միայն պատուիրանները սորվիլ ու անգիր ընել, այլ՝ գործադրել մեր իսկ կեանքին մէջ: Պատուիրաններուն մեր կեանքի մէջ գործադրութեամբ է, որ մեր հոգին կը գեղեցկանայ ու կ՚ազնուանայ, դառնալով բնակարան ու հանգստավայր Ամենասուրբ Երրորդութեան, Որուն փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 77

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024