ՄՏԱԾՈՒՄԸ ԵՒ ՄՏԱԾԱԿԱՆԸ
«Մտածական»ը յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Մարդուս հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչո՞ւ»ն եւ «ինչպէ՞ս»ը քրիստոնեայ կեանքին եւ ընդհանրապէս «կեանք»ին, որպէսզի յարի եւ պատասխանէ Տիրոջ իրմէ խնդրանքին։
Արդարեւ, մարդ, որքան ալ տարուած ըլլայ աշխարհային զբաղումներով, որքան ալ «նիւթականացած» ըլլայ, ան միշտ հարցում մը ունի աներեւոյթ եւ անհասկնալի հոգեւոր երեւոյթներու մասին։ Մարդ միշտ կը փնտռէ պատասխան մը իր «ինչո՞ւ»ներուն եւ «ինչպէ՞ս»ներուն։
Հաւատացեալ կամ թերահաւատ եւ նոյնիսկ բոլորովին անհաւատ, միշտ իրենց մտքին մէկ անկիւնը ունին «արդեօք» մը։ Ոմանք հաւատալու մէջ կը տարակուսին, ոմանք ալ՝ իրենց անհաւատութեանը մէջ։ Երբեք չեմ մոռնար՝ ինքզինք «անհաւատ» հռչակող բարեկամ մը, վտանգի մը դէմ «Աստուա՜ծ իմ» բացագանչած էր եւ երբ հարցուցի իրեն, թէ «ի՞նչ ըսիր», քիչ մը ամօթահար պատասխանած էր. «շատ վախցայ, բերնէս այդ խօսքը ելաւ…»։
Ուրեմն, սիրելիներ, քաջութիւնը վտանգի մէջ ալ «անհաւատ եմ» ըսելն է, բայց մարդուս համար ասիկա գրեթէ անկարելի է, քանի որ մտքին մէկ անկիւնը միշտ Աստուած կը զգացնէ իր գոյութիւնը եւ մարդ այդ պահուն կը զգայ, թէ տկար է՝ բայց ունի ապաւէն մը, ունի վստահելի Անձ մը…։
Ըսուեցաւ որ «մտածական»ը փնտռտուք մըն է։ Այս ընելու համար պահանջուած է ուշադրութիւն մը, զոր դժուար է կեդրոնացած պահել։ Սովորաբար այս կէտին մէջ մեզի կ՚օժանդակէ գիրք մը՝ զոր կը գործածեն քրիստոնեաները. անիկա Սուրբ Գիրքն է, Աւետարանը յատկապէ՛ս. ապա հոգեւոր հայրերուն գրութիւնները, հոգեւոր կեանքի երկերը, արարչութեան եւ պատմութեան մեծ մատեանը, Աստուծոյ «Այսօր»ին էջը։
Խորհրդածել կարդացածին վրայ մարդս կ՚առաջնորդէ իւրացնելու զայն, մերձեցնելով զայն իր անձին։
Հոս ուրիշ գիրք մը կը բացուի. «կեանքին գիրքը»։ Միտքերէն կ՚անցնի մարդ իրականութեան։ Մարդուս խոնարհութեան եւ հաւատքին չափով, հոն կը գտնուին յուզումները՝ որոնք կ՚ալեկոծեն մարդուս սիրտը եւ զորս կարելի է զատորոշել։ Ուստի, պէ՛տք է ճշմարտութիւնը մէջտեղ բերել՝ գալու համար Լոյսին։
Մտածականին գործելակերպերը նոյնքան զանազան են, որքան հոգեւոր հայրերը։ Պէտք է քրիստոնեան ուզէ մտածական ընել կանոնաւորապէս, ապա թէ ոչ՝ պիտի նմանի սերմանողի առաջին երեք տասնեակ հոգերուն՝ (ՄԱՐԿ. Դ 4-7, 15-19)։ Բայց գործելակերպ մը՝ մեթոտ մը միայն ուղեցոյց մըն է. կարեւորը՝ յառաջանալն է Սուրբ Հոգիին հետ, աղօթքին միակ ուղիով, որ Յիսուս Քրիստոսն է։
Մտածականը գործի կը լծէ մարդուն միտքը, երեւակայութիւնը, յուզումը եւ բաղձանքը։ Այս զօրաշարժը անհրաժեշտ է խորացնելու համար հաւատքին համոզումը, խթանելու համար սրտին դարձը եւ զօրացնելու համար Քրիստոսին հետեւելու կամքը։
Քրիստոնեայ աղօթքը նախընտրաբար կը կեդրոնանայ Քրիստոսի խորհուրդներուն խորհրդածութեան վրայ, ինչպէս նաեւ աստուածային ընթերցումին։ Աղօթական խորհրդածութեան այս կերպը թէեւ արժէքով մեծ է, բայց քրիստոնեայ աղօթքը հարկ է, որ ձգտի դէպի աւելի հեռուն. Տէր Յիսուսին սիրոյն ճանաչումին եւ Անոր հետ միութեան։
Հարկ է խուսափիլ յանդուգն դատողութիւններէ, մտածումներէ. իւրաքանչիւր անձ զգոյշ ըլլալու է որքան կարելի է նպաստաւոր իմաստով մեկնաբանելու իր մերձաւորին մտածումները, խօսքերը, գործերը։
«Ամէն բարի քրիստոնեայ պարտի ըլլալ աւելի փութկոտ մերձաւորին խօսածը փրկելու, քան թէ դատապարտելու մէջ։ Եթէ կարելի չէ փրկել, զայն հարց տանք անոր, թէ ինք ինչպէ՞ս կը հասկնայ զայն եթէ գէշ կը հասկնայ, ուղղենք զինք սիրով, իսկ եթէ ասիկա չբաւէ, փնտռենք ամէն ատակ միջոց, որպէսզի ան ճիշդ ըմբռնելով ինքզինք փրկէ», կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլա։
Մտածութեան մէջ արդար ըլլալու է եւ արդարութիւնը կու գայ իմաստութենէ եւ ուրեմն, պէտք է խուսափիլ անիրաւ դատողութիւններէ, մտածութիւնը գործածել անկեղծութեամբ, իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ։
Անիրաւութիւնը ճշմարտութեան դէմ ամենէն ուղղակի թշնամին է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ