ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԵՐԱԶԸ
Թագաւոր մը, կը պատմուի, թէ երազ մը տեսած էր՝ երկինքէն փոխանակ անձրեւի աղուէս կը տեղար։ Ան մտահոգուած՝ անմիջապէս հրաման արձակեց.
«Ո՛վ որ երազս ինծի բացատրէ, անոր հազար ոսկի կու տամ»։ Թագաւորին այս հրամանը լսող աղքատ մարդ մը կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Եթէ երեք օր ժամանակ տաս ինծի, երազդ կը մեկնեմ քեզի»։
Եւ աղքատ մարդը գնաց անապատ, ու սկսաւ շրջիլ ու մտածել այնտեղ։ Երբ ան կը շրջէր, վիշապ մը տարակուսանքի մէջ խեղճ մարդը տեսաւ եւ ըսաւ.
«Ինծի ի՞նչ կու տաս, եթէ թագաւորին երազը բացայայտեմ քեզի»։ Աղքատ մարդը յուսադրուելով վիշապին առաջարկէն պատասխանեց. «թագաւորը, այս բանին համար ի՛նչ որ խոստացաւ՝ կէսը քեզի կու տամ»։
«Գնա՛, ուրեմն եւ յայտնէ թագաւորին, թէ ժամանակն է՝ որ այսուհետեւ մարդիկ նենգաւոր են, եւ խաբեբայութիւններ կ՚ընեն աղուէսի նման…»։
Եւ աղքատ մարդը թագաւորին գնաց եւ ըսաւ, ի՛նչ որ ըսած էր վիշապը։ Բացատրութիւնը հաճելի եկաւ անոր, քանի որ իսկապէ՛ս մարդիկ կը նմանէին աղուէսի՝ աղուէսի պէս կը շարժէին իրարու հանդէպ։
Ուստի թագաւորը տուաւ իրեն խոստացած ոսկիները։ Եւ մարդը խաբեց վիշապը ու չվերադարձաւ վիշապին՝ տալու համար իրեն խոստացած ոսկիները։ Այսպէս չյարգեց իր խոստումը անոր հանդէպ։
Ժամանակ մը վերջ, թագաւորը ուրիշ երազ մը տեսաւ՝ այս անգամ անձրեւի փոխարէն ոչխար կը տեղար երկինքէն։ Դարձեալ հրամայեց, որ կանչուի այն աղքատ մարդը՝ որ ինչպէս առաջին անգամ, մեկնաբանէ երազը։ Ան թագաւորէն նոյն բանը խնդրեց՝ երեք օր ժամանակ ուզեց, բայց իբրեւ ապերախտ, ամչցաւ երթալ վիշապին մօտ։
Եւ այնուամենայնիւ, երթալով պաղատագին ըսաւ.
«Մեղա՜յ քեզ. յայտնէ ինծի երկրորդ երազին միտքը, եւ քեզի կու տամ առաջին եւ այս անգամուան երկրորդ պարտքս»։ Եւ վիշապը առանց մարդուն պարտազանցութիւնը յիշելու ըսաւ.
«Գնա՛ եւ յայտնէ թագաւորին, թէ ժամանակը այն է, որ մարդիկ արդէն ոչխարի նման պարզամիտ պիտի ըլլան»։
Եւ աղքատ մարդը գնաց թագաւորին եւ մեկնեց անոր երկրորդ երազը՝ ինչպէս ըսած էր վիշապը։
Այս մեկնութիւնը եւս հաւնելով թագաւորը՝ դարձեալ անոր տուաւ հազար ոսկի։ Եւ մարդը առաւ ոսկիները, տարաւ յանձնեց վիշապին։
Անկէ յետոյ, թագաւորը ուրիշ երազ մը եւս տեսաւ, այս երրորդ երազն էր տեսած թագաւորին։
Այս երրորդին մէջ, թագաւորը տեսաւ, որ անձրեւի փոխարէն երկինքէն սուսեր կը տեղայ։
Անգամ մը եւս հրամայեց, որ կանչեն այն աղքատ մարդը, որպէսզի ան եւս մեկնէ իր երազը։
Եւ մարդը, դարձեալ երեք օրուան ժամանակամիջոց մը խնդրելով կ՚երթայ վիշապին մօտ, որը անմիջապէս, որպէս բարեկամ, կը մեկնէ երազը եւ կ՚ըսէ.
«Գնա՛ եւ յայտնէ թագաւորին, թէ մարդիկ հետզհետէ դարձած են բռնաւորներ եւ սուսերաւորներ»։ Եւ աղքատ մարդը սորվելով աս մեկնութիւնը, մտածեց. «Ինչո՞ւ հիմա թողում վիշապին հազար ոսկին եւ կամ ինչո՞ւ միւս հինգ հարիւր ոսկին եւս բերեմ, յանձնեմ անոր, աւելի լաւ է՝ զարնեմ, հարուածեմ եւ սատկեցնեմ վիշապը եւ բոլոր ոսկիներուն տիրանամ»։ Այս խորհելով՝ աղքատ մարդը ջանաց հարուածել, ծեծել վիշապը, բայց չյաջողեցաւ, եւ խոյս տուաւ վիշապը անկէ։
Այս տեսնելով՝ զղջաց աղքատ մարդը եւ մտածեց. «Չարիք գործեցի, միւս անգամ երբ պէտք ըլլայ, այլեւս ինչպէ՞ս կու գամ անոր մօտ…»։
Այո՛, սիրելինե՜ր, պահ մը մենք ալ խորհինք, իրական, մեր ամէն մէկուն ապրած կեանքին մէջ ալ մարդիկ երբեմն «աղուէս», երբեմն «ոչխար» եւ եթէ առիթը ներկայանայ՝ երբեմն ալ «բռնաւորներ» եւ «սուսերաւորներ» չե՞ն իրարու նկատմամբ։ Եւ ո՜րքան հետաքրքրական է, որ նոյն անձը կրնայ փոխուիլ երբեմն «աղուէս» կ՚ըլլայ, երբեմն «ոչխար» եւ երբեմն ալ «սուսերաւոր»։
Անշուշտ զօրաւոր եւ անայլայլելի նկարագրի տէր անձեր միայն կը մնան միշտ նոյն դիրքին վրայ, եւ անոնք կամ «աղուէս» են, կամ «ոչխար» եւ կամ «սուսերաւոր», բայց միշտ նո՛յնն են…։
Այս մեզի կը յիշեցնէ Աւետարանի հետեւեալ հատուածը՝ ուր Յիսուս կը զգուշացնէ մեզ.
«Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն՝ որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ Իրենց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշէն խաղող կը քաղե՞ն կամ տատասկէն՝ թուզ…» (ՄԱՏԹ. Է 15-16)։ Եւ դարձեալ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Աւելի լա՛ւ է թշնամիին ապտակը, քան կեղծ բարեկամին համբոյրը»։
Եւ վերջապէս Յիսուսի պատուէրը, որ կ՚ըսէ.
«Ձեր այոն թող այո՛ ըլլայ եւ ոչը՝ ո՛չ»։
Սիրելի բարեկամներ, դիտեցէք ձեր շուրջը եւ պտի տեսնէք, որ մարդիկ ո՜րքան յարափոփոխ են. կը շարժին, ընդհանրապէս, այն կերպով՝ ինչ որ կը պահանջէ իրենց շահը, եւ անոնք, շատերը, պատրա՛ստ են զոհել իրենց մերձաւորին, բարեկամին շահը իրենց փոքր շահուն։ Մարդիկ շուտ կը փոխուին՝ այսօր «բարի» կարծուածը, կը տեսնէք, որ «չա՛ր» է, կարծես նոյն անձը չըլլար…։
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ ժամանակը փոխուած է եւ մարդիկ ալ փոխուած են։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. մարդիկ իրապէս փոխուա՞ծ են, թէ մարդը միշտ նո՛յն «մարդ»ն է. դա՜րեր, դարեր առաջ ի՛նչ որ էր մարդ, դարձեալ նոյն մա՛րդն է, թերեւս արտաքին կաղապարը՝ «ծրար»ը փոխուած է, եւ ա՛յդ է որ զայն «փոխուած» ցոյց կու տայ…։
Այս տրուպ գրիչին համեստ կարծիքն է այս՝ ի՛նչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ եւ պատմութիւնը կը վկայէ։
Ուստի ամէն շրջանի եւ ամէն տեղի մարդը միշտ նոյն մարդն է, թէեւ արտաքին երեւոյթը, կերպը՝ «ծրար»ը փոխուի, բայց էականը՝ բնաւորութիւնը միշտ նո՛յնն է մարդուն։ Եւ եթէ այդպէս չըլլար՝ դարե՜ր շարունակ երբ քարոզուեցաւ բարութիւն, սէր, բարոյականութիւն, արդարութիւն, եւ այսօր ալ կը շարունակուէ՞ր… եւ այդպէս կ՚երեւի, թէ պիտի շարունակուի քարոզութիւնը այդ առաքինութիւններուն՝ որոնք կը պակսի՜ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 4, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024