ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արման Սրկ. Մարաշլեան եւ այլ դպիրներ։
Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ ի նշանաւորումն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնին։ Առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի գլխաւորած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը նորին սրբազնութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց յարակից «Յովհաննէս Կոլոտ» սրահին մէջ։
Եկեղեցական
- 11/26/2024