ՅԱՒԻՏԵՆԱՊԷՍ ԿԱՐԴԱՑՈՂԸ
Կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք... կարդացէ՛ք...
Մայրենի լեզուի ուսուցիչներէն մէկը այսպէս կը հրամայէր իր աշակերտներուն. անոր համոզումով կեանքի բոլո՛ր հանգրուաններուն համար պէտք էր կարդալ. պէտք էր կարդալ դասերը հասկնալու եւ սորվելու համար, պէտք էր կարդալ ընկերութեան մէջ ինքնավստահ ու գիտակից ներկայութիւն մը դառնալու համար, պէտք էր կարդալ ապագայի համար. պէտք էր կարդալ նոյնիսկ ժամանցի համար: Խենթ մըն էր գուցէ, որովհետեւ մեր հասարակութեան մէջ շատ գիրք կարդացողը խելագար տիտղոսին կ՚արժանանայ:
Մեր գրականութեան մեծերը մի՛շտ ալ եղած են խելագարներ, որոնք սովը ունեցած են գիրք կարդալու։ Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Պարոյր Սեւակ, որ այնքա՛ն կը կարդար, որ մտահոգութիւն կը պատճառէր ընտանիքին ու շրջապատին. անոնցմէ մէկն էր Օտեան, Թումանեան, Իսահակեան եւ ուրիշներ, որոնք հայկականին կողքին ունեցած էին ժամանակ ուսումնասիրելու եւ սերտելու օտարինը:
Անոնց լոյսին տակ ուսուցիչը կը շարունակէր «կարդացէ՛ք» ըսել իր աշակերտներուն, որոնք տակաւին լաւապէս չէին հասկնար ընթերցանութեան կարեւորութիւնը, սակայն անոնցմէ մէկը կ՚որոշէ լսել ուսուցիչի խրատը եւ անդադար կարդալ. ան այս որոշումին մասին իր ապագայ գրութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Այդ օր վերջնականօրէն որոշեցի անդադրուն ու «յաւիտենապէս» կարդալ հետեւելով ճգնազգեաց այն կրօնաւորին, որ ննջարանիս դիմացի սենեակը կը բնակէր եւ կարծէք լուսաւոր ամէն վայրկեան եւ կամ գոյ ելեկտրական լոյսը կ՚օգտագործէր կարդալու... միայն կարդալու համար»:
Երիտասարդը իր որոշումին համաձայն կը նուիրուի ընթերցանութեան եւ գիրքը, ուսումը իր մօտ տարբեր իմաստ մը կը ստանան. կ՚ուզէ անդադար կարդալ, սորվիլ ու դարձեալ կարդալ: Առիթով մը կը սկսի մտածել իր ապագային մասին. կ՚ուզէր բարձրագոյն ուսում ստանալ, սակայն ո՞ւր եւ ինչպէս՝ տակաւին յստակ չէր. ժամանակ մը ետք մտածումները զինք կը հասցնեն այն համոզումին, որ պէտք է մեկնի Գերմանիա՝ այդտեղ գերմաներէն լեզու սորվելու համար: Առիթով մը կ՚որոշէ այս որոշումը յայտնել ուսուցիչին՝ որ անոր մէջ արթնցուցած էր ընթերցանութեան սէրը. իր մտածումով, ուսուցիչը վստահաբար պիտի քաջալերէր անոր որոշումները եւ խրախուսէր հաստատ մնալու ուսանելու որոշումին վրայ: Այս մտածումներով կ՚երթայ ուսուցիչին մօտ եւ կը խօսի իր ապագայ ծրագիրներուն եւ նպատակներուն մասին, սակայն սպասումին հակառակ, ուսուցիչը խիստ ոճով մը կ՚ըսէ.
-Ինչո՞ւ գերմաներէն... գնա՛ եւ իմացած լեզուներդ կատարելագործէ՛... գնա՛:
Այս ժխտական վերաբերումը ընդվզում մը կը յառաջացնէ աշակերտին մօտ եւ վայրկենական իսկ կ՚որոշէ ալ չկարդալ, ուսումը չսիրել: Ժամ մը ետք սակայն ուսուցիչը իր մօտ կու գայ եւ կ՚ուզէ խօսիլ ու բացատրել բացասական վերաբերումի պատճառը. ուղղակիրօրէն աշակերտին աչքերուն նայելով ուսուցիչը կ՚ըսէ.
-Հանդարտէ՛ վայրկեան մը եւ մտիկ ըրէ խօսքերս. տղա՛ս, հիմա լաւ լսէ եւ տրամաբանելով ու վերլուծելով նկատի առ ըսելիքներս: Գերմաներէ՞ն կը փափաքիս սորվիլ, գնահատելի է, ոչ մէկ վնաս կը տեսնեմ այդ դրական մտածումիդ մէջ: Իմ նկատի ունեցած կէտս տարբեր է: Դուն ինծի ըսէ, քանի՞ տարի կ՚ուզես գերմաներէնին տիրապետելու համար: Քանի՞ տարի ատկէ ետք պէտք են քեզ մասնագիտութեան մը դաշտի նկատառելի հանգրուանի մը հասնելու համար: Նիւթական հարցը ինչպէ՞ս պիտի կարգադրես, այս մասին ալ մտածա՞ծ ես: Իմ թելադրութիւնս այն պիտի ըլլայ, որ լաւ մտածես այս բոլորի մասին եւ հրաժարիս այդ որոշումէդ: Աւելցնեմ անմիջապէս, որ ուսանելու տենչդ չեմ մոռնար: Ահա իմ թելադրութիւնս, աւելին, իմ առաջարկս քեզի: Գնա՛ եւ դուն որոշէ... Նկատի ունենալով, որ դուն յատուկ հետաքրքրութիւն եւ բացառիկ ձիրք ունիս Հայագիտական եւ Հայերէնագիտական մարզէն ներս, գնա՛ եւ աշխատէ՛ եւ փորձէ այդ բաժինը կատարելագործել: Այլ ասպարէզներու վրայ թափառողներ շատ կան եւ յաճախ անտեսուած են: Այսօր շուրջդ նայէ՛, ամէն տեղ հայերէնի, հայոց լեզուի ուսուցիչի պակաս կայ, կը փնտռուի հայերէնի ուսուցիչը, ո՞ւր պիտի գտնենք զայն: Կը վստահեցնեմ քեզ, որ վաղը քեզ նմանները Ճեմարանի մէջ եւ այլուր փնտռելով պիտի յափշտակեն: Կայ Սուրէն Խանամիրեան գոլէճը եւ դեռ չգիտեմ ինչ անունով մկրտուած այլ գաղութներու դպորցներ: Փոխանակ տարիներ Գերմանիա թափառելով կեանքի ասպարէզի մը հեռանկարով ժամավաճառութիւն ընելու գնա՛ եւ հայ դպրոցէն ներս ծառայութեամբ ժամանակդ եւ արժանիքդ փայլեցուր:
Այս բոլորին արդիւնքը տեսնելու համար պէտք է կարդալ նոյնինքն ա՛յդ աշակերտին վկայութիւնը. տարիներ ետք այդ աշակերտը իր մօտ կը կանչէ Խորէն Կաթողիկոսը եւ նամակ մը տալով կ՚ըսէ. «Կարդա՛, տեսնեմ ինչ ունիս ըսելիք»: Երիտասարդը կը կարդայ նամակը.
«Ցաւով իմացնում ենք, որ Սպահանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական ամբիոնի դասախօս՝ Հայկ Աճէմեանը Վարդանանցի տօնակատարութեան ընթացքում ճառախօսելիս սրտի կաթուած խփեց ու վախճանուեց: Ուսանողներ մնացել են առանց դասախօսի: Խնդրում ենք Ձերդ Վեհափառութիւնից անմիջապէս մէկին ուղարկէք նրան փոխարինելու»:
Երիտասարդը զարմացած կը նայի Վեհափառ Հօր, որ նամակի ընթերցանութենէն ետք կը շարունակէ իր խօսքը.
«Պահանջուած թեկնածուն դուն պիտի ըլլաս, ատոր համար ուզեցի որ կարդաս: Հայր Գարեգինին եւ Հայր Արտաւազդին հետ երկար խորհրդակցելէ ետք, յարմար տեսանք, որ դուն ստանձնես այս գործը, դուն կրնաս յաջողութեամբ, պատուով եւ ճակատաբաց դուրս գալ այս գործին մէջէն: Գնա՛ հնարաւորին չափ արագ անցնագրային եւ ճամբորդական պատրաստութիւններդ տես, որպէսզի ամենէն կարճ ժամանակին հասնիս գործիդ, երբ դեռ ուսանողները ցրուած չեն...»:
Մի քանի օր ետք երիտասարդը օդանաւի մէջ էր... կ՚երթար Պարսկաստան՝ որպէս հայերէն լեզուի ուսուցիչ:
***
Երիտասարդ ուսուցիչը մի քանի օրեր առաջ կեանքէն հեռացող Հոգշ. Տ. Եղիշէ Ծայրագոյն Վարդապետ Մանճիկեանն է, որ իր ուխտին հաւատարիմ, մինչեւ իր մահը մնաց «յաւիտենական կարդացող» եւ ամբողջ կեանք մը նուիրեց հայ լեզուի ուսուցումին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ ստեղծեց արհեստական բանականութիւնը:
Պատասխան. Արհեստական բանականութիւնը արդիւնքն է մի քանի տասնամեակներ շարունակ աշխատող բազմաթիւ հետազօտողներու: Սակայն արհեստական բանականութեան մէջ յատուկ տեղ կը գտնէ Էլըն Թուրիկը (Alan Turing), որ մեծ ներդրում ունեցած է Արհեստական բանականութեան ստեղծման գործին մէջ: Պէտք է յիշել Ճոն Մաքքարթին (John McCarthy), որ 1950 թուականին ստեղծեց «Արհեստական բանականութիւն» եզրը: Որպէս «ստեղծիչ» յատուկ տեղ կը գրաւեն Մարւին Մինսքին (Marvin Minsky) եւ Հերպերթ Սայմընը (Herbert Simon), որոնք զգալի ներդրում ունեցան Արհեստական բանականութեան վերաբերեալ կատարուած հետազօտութիւններուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան