ՏՔԹ. ԺԱՆԷԹ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ. ԲԺՇԿՈՒՀԻՆ, ԳԻՏՆԱԿԱՆԸ, ՄԱՐԴԸ, ՄՇԱԿԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆ

Մարդ արարածը կեանքի ճամբորդ է։ Կը ծնի, ֆիզիքապէս կ՛աճի: Կեանքի փորձառութիւններ կ՚ամբարէ։ Գիտակցական համոզումներով ընտրութիւններ կ՚ընէ, ապա, եւ միայն ապա՝ մտայնապէս եւ հոգեպէս կը կազմուի։ Կը դառնայ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Այլ բնորոշումով՝ ԱՆՁՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Այսինքն ա՛յն, որուն կը տեսնենք եւ որուն հետ կը հաղորդակցինք։

Ժանէթ, այսպէս ճանչուած էր։

Ծնած էր սեպտեմբեր 20, 1938-ին Մուսուլ, Իրաք։ Կրտսեր դուստրն էր եղեռնէն ճողոպրած տիգրանակերտցի Սաթուգեղցի Աբրահամ Մուրատեանի եւ տիգրանակերտցի Թալիա Տուլիսանեանի։

Նախնական ուսումը ստացած էր Մուսուլի Հայկական Ազգային նախակրթարանին մէջ։ Հիւծախտով տառապած հայրը կորսնցուց փոքր տարիքին։ Քրոջը՝ Ալիսի ամուսնութենէն ետք, մօրը հետ փոխադրուեցան Սուլէմանիյէ քաղաքը, ապա՝ Քէրքուք:

Հիւսիսային Իրաքի երկրոդական վարժարաններու պաքալորէայի առաջնութիւնը շահած է 1955-ին։ Նոյն տարին, տասնեօթ տարեկանին, ընդունուած է Պաղտատի Բժշկական համալսարանը, զոր առաջնութեան արժանանալով աւարտած է 1961-ին։

Իրաքի Բժշկական համալսարանի պատմութեան մէջ, Ժանէթ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆՆ է, որ այդ կոչումին արժանացած է։

Բազմակողմանի յատկութիւններով օժտուած էր Ժանէթ.

ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԷՐ ԵՒ ԲԺՇԿՈՒՀԻ 1964-ին, ԱՄՆ-ի Քորնելի Բժշկական համալսարանի մէջ մասնագիտացաւ վիրահատութեան ախտորոշման՝ (surgical pathology) քաղցկեղի, երիկամներու եւ ԷՅԾ մարզերուն մէջ: Իր մասնագիտութեան մէջ արժանացաւ ԱՄՆ-ի րաձրագոյն Պորտ վկայականի:

Քորնել Բժշկական համալսարանը այսպէս կը բնորոշէ համաշխարհային ճանաչում վայելող Ժանէթի 36 տարիներու գործունէութիւնը. «Գերազանցապէս յարգուած դասախօս էր բժշկական համալսարանին մէջ․ դաստիարակն էր ԱՄՆ-ի կարգ մը նշանաւոր ախտաճանաչական բժշկական մասնագէտներու։ Տքթ․ Մուրատեան խանդավառող եւ երեւակայող ուսուցողն էր, յատկապէս շնորհուած էր իր խանդավառութիւնը փոխանցելու իր ուսանողներուն։ Առ այդ, ան կրկնակի առիթներով «լաւագոյն դաստիարակի» կոչումը ստացաւ համալսարանին մէջ։ Համաշխարհային ճանաչում վայելող Տքթ․ Մուրատեան մեծապէս յարգուած եւ գնահատուած էր իր համակարգին մէջ գործող մասնագէտներուն կողմէ՝ իր բազմաթիւ գիտական հետազօտական եւ գիրքերու մասնագիտական յօդուածներու հրատարակութիւններուն համար։ Տարիներով ան Քորնել Բժշկական համալսարանի ախտաճանաչման բաժանմունքի տնօրէնն էր։ Իր նուիրումը, մասնագիտութիւնը միշտ պիտի յիշուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք առիթը ունեցած են գործակցելու անոր հետ»։

Ան ստացաւ համալսարանի բարձրագոյն պատուաւոր «Emerita Professor»ի կոչումը։

Համաշխարհային ճանաչում վայելեց։ Հեղինակն է աւելի քան յիսուն գիտական հետազօտական աշխատասիրութիւններու: Մասնակցած է թէ՛ ԱՄՆ-ի, թէ՛ համաշխարհային բազմաթիւ բժշկական գիտաժողովներու։ Բազմաթիւ տեղական եւ համաշխարհային բժշկական դասախօսութիւններ ներկայացուցած է։ Հրաւիրուած էր արտասահմանեան երկիրներ դաստիարակելու տեղի ախտաճանաչական գիտաշխատողներ։

Համալսարանէն դուրս, Ժանէթ իր մասնագիտական բժշկական խորհուրդներով օժանդակեց բազմաթիւ անհատներու։ Փափկանկատ բժշկուհին, իրեն դիմողներուն հիւանդութիւնները գաղտնապահութեան սահմաններուն մէջ պահեց։

Գիտական եւ բժշկական մարզին զուգահեռ, տքթ. Մուրատեան բացառապէս գերզգայուն ՄԱՐԴ էր, բառին յատկութիւններու խորագոյն եզրերով։

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Համաշխարհային եւ յատկապէս հայ գրականութեան սիրահար էր։ Տրցակներ կը պահէր իր սիրած գրական երկերէն։

Իր յատկութիւններու գերագոյն արժանիքը իր ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՅ ըլլալն էր։

Հայաստանն ու հայութիւնը իր կեանքի առանցքն էին։ Անքակտելի եւ անքննելի։

Իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ ապրիլի 20-ին։ Անունի փնտռտուք չեղաւ։ ԿԱՄՔ․․․ Հայ ժողովուրդի ապրելու եւ յարատեւելու ուժը մարմնաւորող անունը ծնաւ։ Դուստրը պիտի ծնէր նոյեմբեր 29-ին, առաջին անկախ Հայաստանի փլուզումի թուականին, նորէն պրպտումի հարկ չկար․․․ անկախանալու ԵՐԱԶը պիտի պահուէր։ Կամք եւ Երազ, ահա իր հոգեհատոր զաւակները։

Ժանէթ իր գրական, մշակութային, թատերական շնորհներու հարազատ վայրը պիտի գտնէր նախ Պաղտատի ՀՄԸՄ-ին մէջ, ուր գրական յանձնախումբի անդամ էր։ Սակայն իր նուիրուածութիւնը, ծաւալումը, բառին իսկական առումով ծաւալման դաշտը պիտի ըլլար Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը։

Հիմնադիր անդամ էր Համազգայինի մասնաճիւղին։ Անդամ էր մասնաճիւղի «Մենք» պարբերականի խմբագրական կազմին։ Անդամ էր երգչախումբին։

Հիմնադիրն էր մասնաճիւղի՝ թէ՛ «Գրական գոհարներ եւ գինի», թէ՛ «Աշակերտական գիտելիքներու» միջվարժարանային հրապարակային ձեռնարկներուն։ Ժամեր, օրեր կը յատկացնէր գրական երկերու ընտրութիւններ կատարելով։ Կապ կը հաստատէր բոլոր մասնակցողներուն հետ՝ անոնց առոգանութեան ուղղութիւններ, միտքերու բացատրութիւններ տալով։ Իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ ցուցադրական միջոցներու վրայ կ՚աշխատէր։ Գոհունակութեամբ եւ անսահման սիրով կ՚ողջագուրէր մասնակցողները։

Ժանէթ իր բծախնդիր, ճշդապահ, խոր կարողութիւնները տրամադրեց նաեւ Նիւ Եորքի Համազգայինի թատերախումբի գործունէութեան։

Թատերախումբի 56 տարիներու գործունէութեան ընթացքին ան եղաւ թատերախումբի բեմական կատարողութեան գործադիրը «stage manager»։ Այսօր առանց դոյզն վարանումի կարելի է հաստատել, որ առանց Ժանէթի բծախնիր մօտեցման, Համազգայինի Նիւ Եորքի ներկայացումները պիտի չարժանանային այն իւրայատուկ գերազանց պատիւին, զոր կը վայելեն այսօր։

Ժանէթ իր գիտական արհեստավարժ կարողութիւնները դրսեւորեց Ս․ Նարեկացիի ծննդեան 1000-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ։ Երեկոն գիտաժողովի բնոյթ ստացաւ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք համալսարանին մէջ, մասնակցութեամբ գիտաշխատողներու՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Լիբանանէն եւ ԱՄՆ-էն։

Ժանէթ անդամ էր ՀՕՄ-ին։ Ան վարեց Նիւ Եորքի Մայր մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը։ Եղաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Անսահման սիրով եւ ակնածանքով կը նշէր, որ ինք իր հօր մահէն ետք, Մուսուլ, եղած էր ՀՕՄ-ի սան։ Բազմիցս դասախօսած, քաջալերած եւ դաստիարակած է նորագիր ՀՕՄ-ուհիները։

Ժանէթ 1957-ին անդամակացած էր ՀՅԴ-ին։

Ժանէթ Ս․ Լուսաւորիչ Մայր վարժարանի ամենօրեայ վարժարանին խնամակալ մարմնի քարտուղարութիւնը վարեց։

«Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ, բազմաթիւ յօդուածներով նկարագրած է տեղական ձեռնարկներ, Հայաստան այցելութիւնը, ՀՕՄ-ի կատարած աշխատանքի հիմնական կարեւորութիւնը: Երբեք իր անունով չստորագրեց․․․ Խորիմաստ «Ներկայ» կը ստորագրէր․․․

Հայաստան իւրայատուկ, անգերազանցելի տեղ կը գրաւէր Ժանէթի գիտակցութեան մէջ։

Հայաստանի իր առաջին այցելութիւնը 1990-ի ապրիլին էր, իր ամուսնութեան 35-ամեակին։ Այդ թուականէն ի վեր, գրէթէ ամէն տարի Հայաստան այցելեց։

Երեւանի մէջ Ժանէթի ժամադրավայրը Սայաթ Նովա պողոտային վրայ ՀՕՄ-ի գրասենեակն էր։ Հոն ընկերուհիներուն հետ կը ծանօթանար ՀՕՄ-ի մտահոգութիւններուն եւ գործունէութեան: Այդ խթան եղաւ, որ Ժանէթ իր ուժերը կեդրոնացնէ Հայաստանի օժանդակութեան կարօտ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներու պահանջներուն վրայ։ Եւ այդպէս վերջին տասը տարիներուն, ձեռնարկեց օժանդակութիւն հասցնել անոնց։ ԱՄՆ-ի մէջ հայ եւ օտար ծանօթներու օժանդակութեամբ Ժանէթ կարողացաւ պատկառելի նպաստ տանիլ դպրոցներուն՝ գրասեղաններ, գիրքեր, նորոգութիւններ կատարել տալ։ Խստապահանջ իր կեցուածքով, ամէն նպաստողի պաշտօնական ստացականներ կը բերէր Հայաստանէն։

Ժանէթ պսակուեցաւ Հրանդ Մարգարեանին հետ 1965 թուականի յունիսի 6-ին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, պսակադրութեամբ Տ. Գուրգէն Քհնյ․ Եարալեանի։ Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով՝ Կամք եւ Երազ։

Ան հպարտ էր իր զաւակներուն կրթական վերելքներով։ Կամք յաճախեցաւ Հարվըրտ համալսարան, ապա Շիքակոյի համալսարանէն ստացաւ փաստաբանական իր տոքթորականը։ Երազ յաճախեց Քոլումպիա համալսարանի Պարնարտ քոլէճը, ապա Ֆորտըմ համալսարանէն տոքթորականի վկայականով վկայուեցաւ հոգեբանութեան մէջ։

Անսահմանօրէն համեստ, խոհուն, նուիրեալ, օգնող, անսպառ եռանդով Ժանէթ իր մահկանացուն կնքեց 2024 թուականի փետրուարի 25-ին, գիշերուան ժամը 12.12-ին, իր տանը մէջ շրջապատուած ամուսինով, զաւակներով եւ հարազատներով։

Իր տոկուն, յոգնիլ չգիտցող, բացարձակ օգնող հոգին կը սաւառնի այսօր եւ կը խորհինք Քելթիկ սա եղերերգի տողերով կը դիմէ մեզի՝

Մի՛ սգաք․․․

Ոչ ալ արցունքով խօսեցէք իմ մասին․․․

Խնդացէք այնպէս, ինչպէս որ պիտի խնդայիք երբ ձեր կողքին ըլլայի։

Սիրեցի ձեզ

Դրախտ էր ձեր հետ ըլլալը:

ՍԳԱԿԻՐՆԵՐ՝ ՀՐԱՆԴ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԵՐԱԶ
ԵՒ ԹՈՌՆԵՐ՝ ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ՍԱՐԻՆ

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024