ԱՅՇԷ ԿԻՒԼՆՈՒՐ ՇԱՔԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Իյի» կուսակցութեան կողմէ Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Այշէ Կիւլնուր Շաքիրը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցութեան Կղզեաց մասնաճիւղի վարչայինները։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց հիւրերուն այցելութիւնը։ Ան նշեց, որ Իշխանաց կղզիները որպէս վարչական միաւոր՝ ունին առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, ամառուան եւ ձմեռուան շրջաններուն բնակչութեան թիւը կը տարբերի շատ մեծ համեմատութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Կղզեաց խնդիրներուն վերաբերեալ դիտարկումները հիւրերուն նկատառման յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ այդ ամբողջին մէջ առանձնացուց համայնքային կեանքին եւ մեր համայնքի անդամներուն վերաբերեալ հանգամանքները։ Քաղաքապետի թեկնածու Շաքիրն ալ անդրադարձաւ կղզիներու վերաբերեալ իր մտահորիզոնին եւ սպասումները բացատրեց՝ միասնականութեան դրական պատգամներով։
Թրքահայ կեանք
- 12/04/2024