ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։ Հարկ է նշել, որ Ասպետ Թաթուլեան որդին է Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասու նորոգ վախճանեալ անդամներէն Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Թաթուլեանի։ Անոնք վերջերս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին մեկնած էին՝ մասնակցելու համար լուսահոգի տէր հօր թաղման կարգին։ Այս ուղեւորութեան առիթէն օգտուելով Թաթուլեան եւ Հավլուճեան փափաքած էին այցելել նաեւ Իսթանպուլ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ զրուցելու ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ լսած էին պոլսահայ եկեղեցական կեանքին մասին, ինչ որ զիրենք առաջնորդած էր Իսթանպուլ քաղաքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը, որոնց բացատրութիւններ տուաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին։ Ան իր եղբայրական ողջոյններն ալ փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024