ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի վերջին Արեւագալը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ ուրարակիր Թադէոս Գարափեքմեզի։

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024