ԼՈՒՍԱՐԱՐԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս նոր նշանակումները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ազատուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէնի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչի պարտականութիւններէն։ Ան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն։ Վերջին շրջանին այս բաժինը կը գլխաւորէր Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան, որ միեւնոյն ժամանակ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչն է։

Նորին Սրբութիւնը Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեանն ալ նշանակեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար։

Բաց աստի, Տ. Յովհաննէս Աբեղայ Թորգոմեան ծառայութեան կոչուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմէն ներս։ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Հայրապետեանն ալ պաշտօնի կոչուեցաւ Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ։

Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից եկեղեցականներու հերթական խումբին հետ։ Անոնք մեկնած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2024