ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ
Անցեալին Եւրոմիութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէր՝ փոխելու համար Թուրքիոյ մշակութային ու քաղաքակրթական մակարդակը եւ անոր եւրոպական չափանիշներ պարտադրելու ու կարգ մը պայմաններ յառաջ մղելով անդամակցութեան թեկնածու դարձնելու առումով: Այդ մշակութային եւ ընկերային բարեփոխումներու ծիրին մէջ կարելի է քննել կարգ մը հասկացողութիւններ:
Կարելի է համարել, որ ներկայ աշխարհաքաղաքան իրադարձութիւններու շուքին տակ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու բովանդակութիւնը շեղած է յետխորհրդային առաջին տասնհինգ-քսան տարիներու ընթացքին պարզուած եւրոասիական խմորումներէն: Կարգ մը ուժերու յայտնուիլը, Եւրոպայի ծերացումը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսաստան հակամարտութեան սրումը Եւրոմիութիւնն ու Թուրքիան կը դնեն նոր ընտրանքներու դիմաց՝ եթէ նկատի ունենանք Թուրքիոյ հաստատ քաղաքականութիւնը, որն էր Եւրոպա մուտք գործելը (որեւէ աշխարհաքաղաքական պայմաններով)։ Թուրքիոյ հանդէպ ԵՄ-ի մօտեցումը փոփոխութիւն կրելէ ետք եւ ինչպէս գերմանացի պաշտօնակատար մը ըսած է՝ «Թերեւս Թուրքիան շատ երկար պէտք է սպասէ»։ Արդարեւ, Թուրքիա ուշադրութիւնն ալ թեքեց այլ կողմ՝ Եւրոպայէն տեսակ մը յուսահատելով:
Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները կարելի է ուսումնասիրել հետեւեալ չորս դիտանկիւններէն, որոնք կրնան համարուիլ եւրոպական կամ թրքական կամ միաժամանակ կրնան միայն այդ կապերու մակարդակով ըլլալ՝ համընդհանուր աշխարհաքաղաքական ու քաղաքակրթական պարունակով:
1- Ըստ Եւրոպայի՝ Թուրքիոյ բարեփոխումներու կատարում: ԵՄ մուտք գործելով Թուրքիա կը դառնայ եւրոպական արժէքներու կրող երկիր մը։
2- ԵՄ կը դառնայ բազմամշակութային կառոյց ու քրիստոնէութիւն-մահմետականութիւն մեծ կամուրջ (այդ դերի ջատագովը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է): ԵՄ յաջողութեամբ կը համակարգէ Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա տնտեսական դաշտը ու աւելի լայն հնարաւորութիւններ կը բանայ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ՝ քաղաքական գործօններն ու արկածախնդրութիւնները նուազագոյնի հասցնելով:
3- Եւրոպական արժէքներն ու տնտեսական համակարգը կը վերափոխուի ու Թուրքիոյ ընդունումով ԵՄ ԱՄՆ-ի լիակատար կամակատարը կը դառնայ՝ տնտեսական կախուածութեան նոր դասաւորումներով ու Ռուսաստանի դէմ միակողմանի առճակատումով:
4- Եւրոմիութենէ ներս հզօր Թուրքիա մը անշուշտ չբաւարարուի միայն ԱՄՆ-ի կամակատար մը ըլլալէ, այլ անպայման յիշեցնէ թրքական գործօնի առաւելութիւնները:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024