ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջին երեք գլուխներուն մէջ ընդհանուր ներածական ընելէ ետք կ՚անցնի այս աշխատութեան՝ «Մարդ եւ ամուսնութիւն» խորագրով. ինչպէս առաջին գլուխին մէջ, այստեղ եւս Խրիմեան Հայրիկ ամուսնութիւնը միւս բոլոր խորհուրդներէն ու օրէնքներէն վեր կը նկատէ. օրինակի համար, տասնաբանեայ պատուիրանը տրուեցաւ Սինա լերան վրայ՝ Մովսէսի միջոցով, սակայն Սուրբ Պսակի առաջին խորհուրդը կատարուեցաւ Դրախտին մէջ եւ նոյնինքն Աստուծոյ կողմէ: Կնոջ ստեղծագործութեան հիմնական նպատակը արդէն իսկ Սուրբ Պսակի խորհուրդն էր, որպէսզի ան մի՛շտ մնայ Ադամի հետ. այսինքն առաջին նախամարդուն մօտ արդէն իսկ զիրար սիրելու, իրարու հետ ապրելու խորհուրդը ի ծնէ գոյութիւն ունէր:
Ինչպէս մեր մօտ, նոյնպէս ալ նախամարդուն մօտ ամուսնութեան բուն օրէնքը սէրն էր, որ Հայրիկի վկայութեամբ մարդ արարածի բնութենէն անբաժանելի է: Աշխարհի գոյութեան պատճառը Խրիմեան Հայրիկ սիրոյ մէջ կը գտնէ. անոր բառերով. «Բնական սէրն է միայն բոլոր բնութեանց կենդանատու հոգին եւ զօրութիւն. Եթէ չը կենդանացնէ սէրը՝ բնութիւնը կը մեռնի. ո՛չ մայր կը ծնանի եւ իր զաւկին կաթ կու տայ, ոչ հաւ, ոչ ճնճղուկ ձագեր կը հանեն եւ կուտ տալով կը սնուցանեն»: Այս մտածումներու լոյսին տակ Խրիմեան կը հաւատայ, որ սէրը՝ ամուսնութեան ճամբով աշխարհի մարդկութեան հիմն է եւ հետեւաբար այնքան ժամանակ որ սէրը գոյութիւն ունի՝ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ մարդկութիւնը:
Ամուսնութիւնը Աստուծոյ արարչագործութեան շարունակութիւնն է. Աստուած ի՛նք ստեղծեց առաջին մարդը, սակայն մարդուն տուաւ այդ ստեղծագործելու շնորհքը: Սակայն Խրիմեան Հայրիկ յիշելով այս բոլորը կը զգուշացնէ, որ մարդ արարածը չի՛ պարծենայ այդ շնորհքով, որովհետեւ մօր արգանդին մէջ մանուկը պահողը նախախնամութիւնն է. «ամենայն պատկառանօք խոստովանիլ պէտք է թէ Նախախնամող ձեռքն է մարդոյն կենաց բուն սնուցիչ մատակարար», կ՚ըսէ Հայրիկ:
Այլ բացատրութեամբ, սիրոյ, Աստուածային նախախնամութեամբ ու ամուսնութեամբ է որ կը բարգաւաճի աշխարհը. ամուսնութիւնը կը նմանի ծառի մը՝ որուն մէկ փոքր սերմով հսկայական ծառ մը լոյս աշխարհ կու գայ. կինը մարդուն Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ մըն է, օրհնութիւն մը, որով նախամարդը սերնդագործեց։ Կնոջ գոյութեան կարեւորութիւնը շեշտելով Հայրիկ կ՚ըսէ. «Ադամայ եւ հանուր մարդկութեան կեանքը կինն է, որուն համար Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ թէ «նա է մայր ամենայն կենդանեաց»: Կինը մարդկային պատմութեան մէջ ունեցած է մեծ դեր. կնոջ ճամբով մեղքը մուտք գործեց աշխարհ՝ օձի խաբէութեամբ, սակայն նոյնինքն կնոջ ճամբով լոյս աշխարհ եկաւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը:
Այս գլուխին մէջ Խրիմեան Հայրիկ կը բացատրէ կուսակրօն ըլլալն ու հակառակը՝ ամուսնական կեանքի մէջ գտնուիլը, մանաւանդ որ առաքեալներուն նամակներուն մէջ յաճախ կուսակրօն ըլլալու եւ չամուսնանալու մասին վկայութիւններ կը գտնուին. անոնցմէ մէկը մինչեւ իսկ կ՚ըսէ. «Բարւոք է մարդոյ ի կին մարդ չը մերձենալ», սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կինը Աստուած ի՛նք տուաւ եւ հրամայեց աճիլ ու բազմանալ. հետեւաբար ամուսնական կեանքը Աստուածային պատուիրաններուն հակառակ չի կրնար ըլլալ. Խրիմեանի Հայրիկի բառերով. «Արարչին խորհուրդ եւ նպատակն էր, որ իւր պատրաստած ամայի երկիրը ամուսնական օրհնութեամբ լցնէր եւ մարդն իւր աճեցեալ սերնդով փառաւորէր զԱստուած»:
Կուսակրօնութիւնը իր կարեւոր տեղն ու դերը ունի, սակայն եթէ բոլորը դառնային կուսակրօն եւ իրենց կեանքը ամբողջութեամբ ընծայէին Աստուծոյ, այսօր մարդկութիւնը գոյութիւն չէր ունենար. այդ ամուսնական կեանքն ու սերնդագործութիւնն է, որ կ՚ապահովէ եկեղեցւոյ ապագան, այդ իսկ պատճառով Խրիմեան կ՚ըսէ, թէ ընտրութիւնը տրուած է մարդուն, բացատրելով թէ կուսակրօնութիւնն ու Սուրբ Պսակի խորհուրդով ամուսնանալը երկուքն ալ Աստուծոյ համար հաճելի եւ ընդունելի է, որովհետեւ առաջինը իր կեանքը կը նուիրէ Աստուծոյ՝ քարոզելով անոր փառքը, իսկ երկրորդը Աստուծոյ գործը «շարունակել»ով կը սերնդագործէ:
Խօսելով ամուսնութեան կարեւորութեան մասին՝ Խրիմեան Հայրիկ կու տայ այն հարցին բացատրութիւնը, որ եթէ սերնդագործելը կարեւոր է, ինչո՞ւ համար արգիլուած է բազմակնութիւնը՝ ինչ որ կը տեսնենք այլ կրօններու մէջ. Հայրիկ կը բացատրէ, թէ Դրախտի մէջ Աստուած Ադամի առանձնութիւնը փարատելու համար կու տայ մէ՛կ կին. Աստուած մէկ Ադամին համար մէկ Եւան բաւ կը համարէ:
Հետեւաբար Հայրիկ կը յորդորէ մնալ օրինադիր եւ ստեղծագործ Աստուծոյ օրէնքներուն մէջ, սակայն միւս կողմէ կը զգայ ու կը հաստատէ, որ մարդ արարածը օրէ օր կը չարանայ։ Ամուսնութեան ինչ ըլլալու այս գլուխը Խրիմեան կը վերջացնէ հետեւեալ տողերով. «մարդիկ անասնակենցաղ լինելով՝ կեանք կը վատթարանայ աշխարհիս վերայ, եւ վատթարանալով կը մեռնի դրախտի եօթը հազար տարուան ընտանիքը իւր ամէն սերնդով»:
Հայրիկ այս տողերը գրի կ՚առնէ այն ժամանակ՝ երբ տակաւին կը շարունակէր պահպանուիլ ընտանեկան սրբութիւնները, սէրն ու համերաշխութիւնը, ի՞նչ պիտի ըսէր ու գրէր, եթէ ան ապրէր այսօր... պիտի չնկատէ՞ր որ անասնակենցաղ մարդիկը քիչ են մերօրեայ աշխարհին մէջ՝ որովհետեւ յաճախ անասունները աւելի տէր ու պաշտպան կ՚ըլլան իրենց ընտանիքներուն՝ քան մարդ արարածը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը մտածես բազմակնութեան մասին:
Պատասխան. Բազմակնութիւնը կրնայ առաջ բերել բազմաթիւ մշակութային, իրաւական եւ բարոյական բարդութիւններ: Թէեւ կարեւոր է յարգել անհատներու ինքնավարութիւնը եւ անոնց սեփական յարաբերութիւնները, սակայն այդ մէկը կը ստեղծէ յարաբերութիւններու անհաւասար վերաբերմունք։ Բազմակնութիւնը կախուած է մշակութային մօտեցումներէն. բազմակնութիւնը լաւ է թէ վատ՝ կախուած է մարդու անհատական ըմբռնումէն ու սկզբունքներէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան