ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Փարիզ, ուր ունեցան շուրջ հինգ օրուան կեցութիւն մը։ Վարժարանի անգլերէնի ակումբէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան այս ուղեւորութեան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։ Սորպոնի պատմական համալսարանէն ներս անոնք մասնակցեցան MUN-ի (մոտել-ՄԱԿ) հաւաքին։ «Բոլորին համար գիտելիք, բոլորին համար գերազանցութիւն» կարգախօսով կազմակերպուած SIMUN խորհրդաժողովին աշխարհի զանազան երկիրներէն լիսէականներ եւ համալսարանականներ մասնակցեցան։ Դպրեվանքցիներու խումբը բաղկացաւ ութ աշակերտէ։ Այսպիսի հաւաքներ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ տեղի կ՚ունենան պարբերաբար։ Լիսէական կամ համալսարանականներ որոշ նիւթերու շուրջ քննարկումներ կը ծաւալեն՝ ՄԱԿ-ի աշխատանքային կարգի օրինակով։

Փարիզի մէջ դպրեվանքցիները բանավէճերու մասնակցեցան զանազան նիւթերու շուրջ. օրինակ՝ կանանց իրաւունքներ, սեռային հաւասարութիւն, գաղթականներ, 2024 թուականի ողիմպիականներուն մասնակցելիք մարզիկներու իրաւունքներն ու պայմանները։ Անոնք քննարկումներուն մասնակցութիւն բերին՝ որպէս Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ճաբոնի, Մեքսիկայի, Պրազիլիոյ, Պանկլատեշի, Քոլումպիայի եւ Արժանթինի պատուիրակներ։ Քառօրեայ աշխատանքները տասն նիստէ բաղկացած էին։ SIMUN-ի խորհրդաժողովի ընթացքին Դպրեվանքէն ութ աշակերտ երեք տարբեր կոմիտէի մէջ լուծման հեռանկարներու շուրջ կարծիքի փոխանակումներու մասնակցեցան։ Եզրափակիչ փուլին անոնք գրաւոր առաջարկներ ալ ներկայացուցին։ Հուսկ, իւրաքանչիւրը ստացաւ վկայական մը, ինչ որ ապագային կրնայ յատկանշական ըլլալ։ Փարիզի մէջ նման հաւաքի մը մասնակցութիւն բերելը Դպրեվանքի սաներուն տեսակէտէ ունեցաւ նաեւ այլ կարեւոր նշանակութիւն։ Անոնք բազմութիւն լսարանի խօսք ուղղելու փորձառութիւն ձեռք բերին, նաեւ ընտելացան բանավէճի, քաղաքական վերլուծութեան եւ դիւանագիտական լեզու օգտագործելու ուղղութեամբ։ Զանազան երկիրներէ աշակերտներու հետ շփումն ալ անոնց առջեւ ուրուագծեց նոր հորիզոն մը, նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռեց նոր ցանցերու մէջ ներգրաւուելու ուղղութեամբ։

Խորհրդաժողովի խտացեալ ծրագրին մասնակցելու առընթեր Դպրեվանքի սաները ունեցան սահմանափակ ազատ ժամանակ, որու ընթացքին առաւել չափով հիւրընկալուեցան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի Փարիզի սանուց միութեան կողմէ։ Տղաքը հնարաւորինս ֆրանսական մայրաքաղաքի պատմամշակութային տեսարժան վայրերուն ծանօթացան։ Այս ամբողջին մէջ անոնք տարրական պատկերացում մըն ալ կազմեցին Ֆրանսայի մէջ հայոց ներկայութեան շուրջ՝ մանաւանդ հետեւելով Մեծն Կոմիտասի, Շարլ Ազնաւուրի եւ Միսաք Մանուշեանի նման տիրական դէմքերու հետքերուն։

Կը տեղեկանանք, որ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի աշխատակիցն ալ տեսակցած է պոլսահայ երիտասարդներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024