ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը միաբաններ նշանակուեցան նոր պաշտօններու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս նշանակումներուն կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան ազատուեցաւ գաւազանակրի պարտականութիւններէն, զորս կը կատարէր երկար տարիներէ ի վեր։ Ան ծառայութեան կոչուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։
Տ. Եսայի Աբեղայ Գրիգորեան նշանակուեցաւ նոր գաւազանակիր։ Ան մինչ այդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգային բաժնի գործավար-քարտուղարի պատասխանատուութիւնները կը կատարէր։
Բաց աստի, Տ. Գրիգոր Աբեղայ Մինասեան նշանակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յանձնակատար։
Հարկ է յիշեցնել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համակարգէն ներս վերջին շրջանին Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ իրերայաջորդ նոր նշանակումներ կը կատարուին։
Շուրջ երկու ամիս առաջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի շարք մը սաներ ստացած էին քահանայական ձեռնադրութիւն՝ մինչ յառաջիկայ աշնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է նաեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։