ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՔԱՐԻԹԱՍ ԳԵՐՄԱՆԻԱ»Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը գլխաւորեց «Քարիթաս»ի միջազգային գրասենեակի դրամաշնորհներու գլխաւոր պատասխանատու Անտրէաս Պրենտեր։
Ողջունելով հիւրերը՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը այս կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ներկայ ծանր ժամանակներուն ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ան կարեւորեց նիւթական օժանդակութեան զուգահեռ՝ անոնց արդար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։
«Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամներէն Մոնս. տքթ. Հայնց Տեթլեֆ Սթեփս Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ տուաւ կազմակերպութեան կողմէ ձեռնարկուած աջակցութեան ծրագրերուն մասին։ Ան կարեւորեց ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան հաստատումը մարդկային կեանքէն ներս։
Եկեղեցական
- 11/25/2024
- 11/25/2024