ՆՈՐԱՊՍԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

Հայրիկ հարսանիքի ուրախութեան մասին իր մտածումները փոխանցելէ ետք կ՚անցնի նոր գրութեան մը՝ «Կոչումն հարսին եւ փեսային» խորագրով եւ առաջին տողին մէջ իսկ այդ կոչումը կը կոչէ «սուրբ» եւ «նուիրական», որովհետեւ անոնց միութիւնը Տիրոջ օրէնքն է, հրամանն ու հրաւէրը, որով հարսը կը կոչուի մայրութեան, իսկ փեսան՝ հայրութեան: Սուրբ Պսակի խորհուրդէն ետք անոնք արդէն կը կոչուին դառնալու հայր եւ մայր եւ Հայրիկի համաձայն՝ «չկան աշխարհիս վերայ այլ անուանք, կամ զանազան վայելուչ եւ փառաւոր տիտղոսներ որ հաւասարին եւ համեմատին սոյն սքանչելի անուանց հետ». մինչեւ անգամ թագաւոր, կայսր, իշխան եւ այլ փառաւոր անուանումներ այնքան մեծ չեն՝ ինչքան հայր եւ մայր կոչումը:

Հայրանալն ու մայրանալը Հայրիկ կը տեսնէ որպէս ստեղծագործութեան շարունակութիւն, որովհետեւ Սուրբ Պսակի խորհուրդի ժամանակ Աստուած կ՚օրհնէ նորապսակ զոյգերը, որոնք իրենց կարգին զաւակներ լոյս աշխարհ բերելով կ՚աճին ու մարդկային կեանքին ապագան կ՚ապահովեն։ Հայրիկ այստեղ կը խօսի մանուկին լոյս աշխարհ գալու առեղծուածին մասին, յայտնելով, թէ մարդ արարած չի՛ կրնար հասկնալ ու ըմբռնել այդ մեծ հրաշքը, որ կը կատարուի մօր արգանդին մէջ: Խօսքը ուղղելով գիտութեամբ զբաղողներուն «դու եւ չը գիտես այն խոր ու անյայտ օրէնքները, թէ ինչպէ՞ս մանուկ իւր մօր յարգանդ կը նկարի ի մարդ եւ ո՞ր ձեռքն է, որ այդ չքնաղ պատկերը անհուն ձեւերու տիպով կը նկարէ» կ՚ըսէ Հայրիկ, այդ մէկը կեանքի բնական ընթացք մը չըլլալը յայտնելով:

Զաւակ լոյս աշխարհ գալը հրաշագործութիւն կը կոչէ Հայրիկ, որովհետեւ այդտեղ հայրն ու մայրը Աստուծոյ հետ կը գործակցին. այս մտածումը Հայրիկ կ՚ամփոփէ իր այս տողերուն մէջ. «միայն երկնից Հօր ձեռքն է, որ մանուկներու փոքրիկ հասակները ի վեր կը քարշէ. երկրի ծնողք կաթն ու հաց կու տան, Երկնից Հայր բանաւորութեան լոյս եւ հանճարը. սոքա մեծ աշխատութեամբ ուսումն եւ գիտութիւն կ՚աւանդեն, եւ նա մանկական փափուկ ուղեղի մէջ խելքն ու հանճար կը զետեղէ»:

Երկինք եւ երկիր միանալով մշտապէս կ՚արարչագործեն մարդկութեան յարատեւող կեանքը. եթէ վերջ գտնէ այս հրաշագործ ստեղծագործութիւնը, վերջ կը գտնէ նաեւ մարդկութիւնը:

Այս բոլորին մասին խօսելով Հայրիկ որպէս առաջնահերթ ու կարեւոր կոչում կ՚ընդգծէ հայրութիւնն ու մայրութիւնը, որ ամուսնութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է: Հայրիկ կ՚ուզէ, որպէսզի նորապսակ զոյգեր իրենց ամուսնութեան հիմնական նպատակը տեսնեն ծնողք դառնալու մէջ. այնպէս ինչպէս այսօր, անցեալին եւս շատեր զուրկ էին այդ ամուսնութեան գաղափարէն, որոնց համար Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ «շատ ծանծաղամիտ ու կարճամիտ են նոքա, որ կը կարծեն թէ ամուսնութիւնը սոսկ մարմնոյ հաճոյք է, կամ խաղ ու զբօսանք»: Հայրիկ կ՚ըսէ, եթէ մարդ արարած կորսնցնէ իր ամուսնական կեանքի հիմնական նպատակներուն գիտակցութիւնը, տարբերութիւն մը չ՚ունենար անտառի կենդանիներէն՝ որոնք նոյնպէս կ՚ամուսնանան՝ պարզապէս բնազդով մղուած: Խօսունին եւ անասունին միջեւ եղող մեծագոյն տարբերութիւնը այդ գիտակցութեան գոյութիւնն է:

Հայրութեան եւ մայրութեան կոչումին գիտակցութիւնը վառ պահելու համար պէտք է նորապսակներ «անբիծ սիրով պատեն զիրար», կ՚ըսէ Հայրիկ. ան զոյգերը կը նմանեցնէ արեւի եւ լուսինի: Ան որպէս հարսին մեծագոյն օժիտ կը տեսնէ սէրը, որուն դիմաց «աշխարհիս բոլոր ադամանդները, բոլոր զարդուց պերճանքները, բոլոր հարստութեան գանձերը թէ ի կշիռ բերես, ամուսնական սիրոյն հետը չեն հաւասարիր», որովհետեւ նիւթական օժիտները բնական եւ բարոյական սիրոյ օժիտին տեղը չեն կրնար բռնել: Հայրիկ սէրը կը կարեւորէ, որովհետեւ սէրը ամուսնութեան եւ նորաստեղծ ընտանիքի մը սիւնն է. եթէ քանդուի այդ սիւնը՝ կը քանդուի բոլոր ընտանիքը եւ դժուար կ՚ըլլայ զայն վերստին վերականգնել:

Հայրիկ ընտանեկան կեանքին մէջ կը կարեւորէ սէրը, որովհետեւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, սէրը մահուան չափ զօրաւոր է. այդ զօրութիւնը կ՚ամրապնդուի երբ ընտանիքը «երկու շնչով կը շնչէ, երկու ոգւով կ՚ապրի, երկու կեանքով կը զօրանայ. եթէ մին պակասի սէրը կը մեռնի. զի սիրոյ կեանքը երկու սրտից միութիւն է», կ՚ըսէ Հայրիկ:

Հետեւաբար նորապսակ զոյգերու երկրորդ կարեւորագոյն կոչումը սիրոյ վէմը անշարժ ու անսասան պահելն է, որովհետեւ եթէ զոյգը այդ վէմը ամուր հիմերու վրայ հաստատէ՝ զայն ո՛չ ոք կրնայ քանդել: Շատեր կը փորձեն այդ վէմը քանդել՝ ինչպէս սատանան օձի կերպարանքով փորձեց Դրախտային ընտանիքը կործանել. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ աշխարհի վրայ շատ են նման օձեր, որոնք «սողալով կը մտնեն ընտանեկան դրախտի հարսնարանը, թոյն թափելով, հրապուրիչ լեզուով, սիրոյ կեանք եւ քաղցրութիւն ի մահ ի դառնութիւն կը փոխեն»: Այդ թոյներուն զոհը չդառնալու համար Հայրիկ կը յորդորէ հեռու մնալ «ազատութենէն». Օձը Եւան խաբեց, երբ Եւա առանձին կը շրջէր Դրախտի մէջ. թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկային աշխարհը որոշ «իրաւունք» կու տար տղամարդուն աւելի «ազատ» շրջելու. այդ մէկը եւս Հայրիկ սխալ կը տեսնէ, որովհետեւ «հաւատարմութիւնը հաւասար է ամուսնական պարտուց եւ իրաւանց մէջ»:

Նման իմաստութեամբ չապրելու պարագային ընտանեկան կեանքը կրնայ քանդուիլ եւ որպէս փաստ եւ օրինակ Հայրիկ ցոյց կու տայ դատարանները, ուր բազմաթիւ զոյգեր կը դիմեն, որպէսզի ամուսնալուծուին: Նման իմաստութեամբ ընտանեկան կեանք չառաջնորդելու պարագային ի՞նչ կը պատահի. «գնա՛ ի դատարանն եւ կը տեսնաս. Երկու ամուսնեաց մէջը սէրը անդէն կը մեռնի, միութիւն կը քակուի, նախանձուն կրակը կը խանձէ սիրտերը, երկու ամուսինք իրարու դէմ անհաշտ ատելութեամբ կը վարին եւ այնուհետեւ տես դու, ընտանեկան կագ ու կռիւ կը սկսի. բողոք, դատաստան, մի զմիով անպատկառ չարախօսութիւն եւ մերթ եւս չարաչար զրպարտութիւն...», կ՚ըսէ Հայրիկ: Նոյն պատկերը չե՞նք տեսներ նաեւ մերօրեայ նորապսակ ընտանիքներու մէջ, ուր իրապէս կը պակսի Սուրբ Պսակի խորհուրդին եւ անոր պարտաւորութիւններուն գիտակցութիւնը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է ամուսնալուծութեան հիմնական պատճառը:

Պատասխան.  Ամուսնալուծութեան պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն հիմնական պատճառներէն են հաղորդակցութեան պակասը, նիւթական խնդիրները, անհաւատարմութիւնը եւ պարտաւորութիւններու բացակայութիւնը: Վատ հաղորդակցութիւնը կրնայ զոյգերը առաջնորդել թիւրիմացութեան եւ վրդովմունքի, իսկ նիւթական լարուածութիւնը կրնայ զգալի խնդիրներ ստեղծել մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ: Դաւաճանութիւնը կը խախտէ վստահութիւնը եւ կը խարխլէ ամուսնութեան հիմքը: Բացի այդ, զոյգեր կը բաժնուին, երբ կը գտնեն, որ անոնք չունին ընդհանուր արժէքներ եւ նպատակներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024