Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԿՂԶԵԲՆԱԿ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ

Ս. Աս­տուա­ծած­նի Վա­րա­փոխ­ման տօ­նին առ­թիւ, Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ Ներ­սէ­սեան Դպրաց Դա­սու ան­դամ­նե­րը այց մը տուին Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի այն մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն, ո­րոնք ամ­րան շրջա­նին կը գտնուին կղզիի մէջ։ Այ­ցե­լու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գ­­րի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ան­դամ­ներ եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նէն սա­ներ։

Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րու ա­մա­րա­նո­ցի շէն­քին մէջ այս առ­թիւ ստեղ­ծուե­ցաւ բարձր տրա­մադ­րու­թիւն։ Տա­րեց­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լու ժա­մա­նակ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ընդգըծեց, թէ Ս. Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը նաեւ կը հա­-մարուի մայ­րե­րու օր, իբր այդ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ի­գա­կան սե­ռէ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը։ Հայր Սուր­բը յի­շե­ցուց, թէ ա­ւան­դու­թեան վե­րա­ծուած այս գե­ղե­ցիկ այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէր, որ­պէս­զի մա­նուկ­ներ, պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­ղորդ դառ­նան ե­րէց­նե­րը մե­ծա­րե­լու գի­տակ­ցու­թեան։ Ըստ այ­ցե­լու­նե­րուն, մեծ ու­րա­խու­թիւն մըն էր ե­րէց սե­րուն­դի ան­դամ­նե­րուն հետ նման հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լը։

Հայր Սուր­բը բո­լո­րին մաղ­թեց ա­ռող­ջու­թիւն ու խնդրեց, թէ ա­նոնք ան­պա­կաս ը­նեն ի­րենց ա­ղօթք­նե­րը։

Ա­ւե­լի վերջ կա­տա­րուե­ցաւ տնօրհ­նէք։ Ա­ւար­տին, միաս­նա­բար ար­տա­սա­նուե­ցաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը։

Հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ տա­րեց­նե­րու այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած խում­բին բո­լոր ան­դամ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին հի­ւան­դա­նո­ցի մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը՝ փո­խան­ցե­լով ա­նոնց ի­րենց բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2015