ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Մայրութիւն»ը մարդկութեան գերադաս վիճակը՝ գագաթնակէտն է, քանի որ մարդ՝ որպէս կին-մարդ ամենէն բարձր կերպով աստուածնման կ՚ըլլայ, Աստուծոյ կը նմանի, Անոր գործակից եւ Անոր անմիջական գործակատա՛րը կ՚ըլլայ։ Յաճախ խորհրդակցեցանք այս նիւթով, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բայց քանի որ ան մարդկութեան, մարդ գոյութեան ամենէն կենսական եւ էական դիրքն է, ուրեմն կ՚արժէ յաճախ խորհրդակցիլ անոր մասին…։
Մայրը իր մայրական իւրայատուկ աստուածային կարողութեամբ՝ ծնո՛ւնդ կու տայ «մարդ» էակին, ինչպէս Աստուած իր ամենակարողութեամբ ստեղծեց մարդը։
Եւ մայրը երբե՛ք չի մնար որպէս ծնող, այլ ան կը շարունակէ խնամել, հոգալ, հոգ տանիլ իր զաւկին՝ ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Եւ Աստուած Ի՛նքն ալ չի՛ թողուր մարդը մինչեւ կեանքին վախճանը՝ միշտ անոր հետ է, անոր հետ կը քալէ, կը հոգայ, կը նախախնամէ զայն։ Աստուած միայն արարիչ չէ՛, այլ նաեւ՝ նախախնա՛մ իր բոլոր արարածներուն։ Արդարեւ ստեղծագործութիւնը «դէպք» մը չէ, այլ՝ ընթացք մը անվե՛րջ։
Ուստի կը տեսնուի, որ Աստուծոյ գործը եւ մայրութեան պատասխանատուութիւնը ո՜րքան համանման են ըստ էութեան։ Աստուած կը ստեղծէ եւ կը շարունակէ նախախնամութիւնը իր արարածին նկատմամբ, եւ միշտ հաւատարիմ է եւ գթալից է իր հոգատարութեան մէջ։ Մայրն ալ, չի մնար որպէս ծնող, այլ երբեք չի՛ թողուր խնամքը իր որդիին նկատմամբ՝ ի՛նչ տարիք ալ ունենայ ան, որքան ալ հասուն ըլլայ տարիներու ընթացքին։
Ուրեմն Աստուծոյ եւ մայրացած կին-մարդուն նմանութիւնը բանական հիման վրայ հաստատուած իրողութիւն մըն է։ Այս իմաստով մայրացած կին-մարդը՝ աստուածացած մա՛րդն է։ Արդարեւ Աստուած սէ՜ր է եւ երկայնամիտ, իսկ մայրը՝ մօր սիրտը ովկիանոս մըն է՝ որուն խորը՝ յատակը կը գտնուի՝ սէր, գութ եւ ներողամտութի՛ւն։ Ուստի Աստուած եւ մայր կը հետապնդեն նո՛յն նպատակը՝ ստեղծել-ծնիլ եւ նախախնամել-հոգ տանիլ մինչեւ վերջ։ Աստուած «Տէր» է, իսկ մայրը՝ «տիրուհի», զորս՝ կը ստեղծէ Մի՛ն, իսկ կը ծնի միւսը…։
Փոխաբերական իմաստով, մայր կը նշանակէ՝ սկիզբ, աղբիւր, պատճառ, նաեւ՝ սնուցման եւ զարգացման օրրան, ի՛նչ որ կը համապատասխանէ աստուածութեան, աստուածնմանութեան։ Չէ՞ որ Աստուած նախապատճա՛ռն է ամէն գոյութեան, ամէն էութեան. սկիզբը, աղբիւրը կեանքին եւ ամէն կենդանութեան։ Եւ դարձեալ, աստուածութեան յատկանի՛շն է՝ ըլլալ սնուցման ու զարգացման օրրան ամէն էութեան, ապրող, կեանք ունեցող բոլոր գոյութիւններուն։
Հոգածութեան, խնամքի ամենագեղեցիկ բացատրութիւնն է՝ «մայրական հոգածութիւն»ը՝ մօր նման «անկեղծ» ու «հաւատարիմ» ըլլալ իր առաքելութեանը մէջ եւ հաւատարի՛մ միշտ…։
«Մայր»ը որպէս ածական կը նշանակէ նաեւ՝ գլխաւոր, հիմնական։ Իրականին մայրը հիմն է ընտանիքին եւ անշուշտ ընկերութեան, քանի որ ան է, որ կը հասցնէ անդամներ ընտանիքին եւ ամբողջ ընկերութեան։ Եւ բազմաթիւ իմաստներ ունի մայրը ըստ գործածութեան. զոր օրինակ՝ դիեցիկ մայրը կը կոչուի. ստնտու կամ ծծմայր, ինչպէս նաեւ՝ խորթ մայրը. մօրու, կնքուած երախայի մը՝ սանամայր, մայր լեզու. նախալեզու, մայրենի լեզու. մօրմէն սորված, այսօր գործածուած ընթացիկ լեզու։ Կան նաեւ «մայր» բառով բազմաթիւ ասացուածքներ, որոնք լակոնական ոճով կը բացատրեն ընդհանուր կեանքը։ Զոր օրինակ. «մայրը լացնել», կը նշանակէ՝ մեծ վիշտ պատճառել, կեանքը անտանելի ընել, սպաննել։ «Մօրէ մերկ»՝ աղքատ, չքաւոր, կարօտ, զուրկ, մուրացկան, խեղճ։ «Մօրը ելլել»՝ մօրը նմանիլ, մօրը քաշել բնաւորութեամբ եւ տեսքով։ «Մօրը ծիծը կտրող»՝ չարաճճի, ճարպիկ, վարպետորդի, սրիկայ։ «Մօրը կաթը ծծած»՝ ազնիւ, պարկեշտ, ընտիր։ Նաեւ «մայր» բառը կը գործածուի կարգ մը զգացումները աւելի զօրաւոր կերպով արտայայտելու, զոր օրինակ՝ «մայրագորով», «մայրագութ» կը նշանակէ՝ մայրական սաստիկ սիրով՝ գութով, մօր նման սիրել, գթալ, մայրասիրտ, մայրախնամ, եւ կը գործածուի որպէս ածական։
Ուստի կը տեսնուի, որ «մայր» եզրը կ՚ենթադրէ ամբողջ սիրոյ եւ գութի խորհուրդը։ «Մայր»ը այս իմաստով կեանքին նախաքայլը եւ ապահով ընթացքի երաշխիքն է։ Եւ այս առանձնայատկութեամբ «մայր»ը ո՜րքան կը նմանի աստուածայինին եւ ո՜րքան կը համապատասխանէ աստուածային սիրոյ, գութին եւ երկայնամտութեան։ Եւ ո՜րքան իրաւացի է ըսել՝ թէ «մայր»ը որպէս կին-մարդ, ամենէն շատ աստուածանման մա՛րդն է։
Իսկ մայրը՝ որպէս մարդ մարմնացումն է զոհողութեան, անձնուիրութեան, նուիրումի, քանի որ ան ո՛չ միայն կեանք կու տայ, այլ մանաւանդ իր կեանքը կու տայ իր կեանք տուածին՝ իր զաւկին համար։
Մայրը տիպա՛րն է «մարդ»ուն, այն ի՛նչ որ կը վերաբերի մարդ էակին որպէս պարտականութիւն, որպէս պատասխանատուութիւն, իր իրականացումը կը գտնէ նախ եւ առաջ մօր անձին մէջ։
Արդարեւ Օնոռէ Պալզաք ի զուր չէ ըսած, թէ՝ ազգի մը ապագան մայրերու ձեռքին մէ՛ջն է։
Ասոր նման է Ժան Պոլի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Տուէք մեզի լաւագոյն մայրեր, եւ մենք կ՚ըլլանք լաւագոյն մարդիկ»։ Եւ ուրեմն մարդկութեան ապագան կախում ունի մայրերէն։
Հապա ուրեմն ճի՛շդ է, որ մայրը Աստուծոյ ստեղծագործութեան եւ նախախնամութեան առաջնակարգ գործակիցը եւ գործակատա՛րն է…։
Օգոստոս 15, 2015, Իսթանպուլ