ԱԿՆԱՐԿ - 64 - «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱՏԵՂԵՂԼԻ ՉԷ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ»
Հայաստանի առաջին դէմք հանդիսացողին գոհար միտքերէն մէկն է այսօրուան մեր գրութեան վերնագիրը: Միտք մը, որ իւրաքանչիւր տրամաբանութիւն ունեցող անձի համար յիմարութիւն կը թուի, որովհետեւ տրամաբանական ո՛չ մէկ հենք ունի: Աւելին, եթէ բոլոր ժամանակներու մեր ղեկավարները այսպէս մտածէին եւ ո՛չ միայն մեր, այլ աշխարհով մէկ գոյութիւն ունեցող երկիրներու ղեկավարները այսպէս մտածէին, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար ո՛չ Հայոց պատմութիւն, ո՛չ Իտալիոյ պատմութիւն, Ամերիկայի պատմութիւն, Եգիպտոսի պատմութիւն, եւ այլն:
Ինչպէ՞ս կարելի է մերժել անցեալը, ի՛նչ ալ ըլլան այդ անցեալին հանգամանքները:
Ինչպէ՞ս կարելի է ուրանալ նախնիներուն օրրանները, որ ի՜նչ-ինչ պատճառներով ողողուած են նոյնինքն մեր նախնիներու արեամբ:
Ինչպէ՞ս կարելի է հրաժարիլ անցեալի մեր ժառանգութենէն, նոյնիսկ եթէ այսօր այդ ժառանգութեան ճնշող մեծամասնութիւնը մերը չէ:
Տրամաբանութիւն ունեցող, ազգային ու պետական մտածողութիւն ունեցող մարդուն համար կարելի չէ, մինչ տրամաբանութենէ զուրկ եւ ազգային արժէքներէ ու ազգային եւ պետական մտածելակերպ չունեցողին ու չունեցողներուն համար կարելի է, որովհետեւ այդպիսիները ո՛չ թէ քաղաքական կամ պետական գործիչներ են, այլ բախտախնդիրներ, որոնք յանուն աթոռի, իշխանութեան եւ դրամի, պատրաստ են նոյնիսկ հրաժարիլ, ուրանալ ու մերժել իրենց իսկ մօտիկ անցեալը, այսինքն՝ իրենց իսկ անցեալ կեանքը…
Գալով Հայաստանի առաջին դէմքի յայտարարութեան, թէ՝ «Պատմական Հայաստանը համատեղելի չէ իրական Հայաստանի հետ եւ նոյնիսկ հակոտնեայ է երբեմն», անոր վեցամեայ անցած ճանապարհին աչք մը նետելով, բնական կը թուի նման յայտարարութիւն մը, եւ աւելին, պէտք չէ զարմանալ այս յայտարարութենէն ա՛լ աւելի «լուսաւոր» յայտարարութիւններ լսելէ մօտիկ ապագային:
Արդարեւ, առաջին դէմքին, իր քաղաքական մանկլաւիկներուն եւ իրենց սատարող մոլեգնացած հասարակութեան համար նման յայտարարութիւն մը ո՛չ միայն սխալ չէ, այլ՝ շատ ճիշդ է: Ճիշդ է, որովհետեւ պատմական Հայաստանի առկայութիւնը իրական Հայաստանի առօրեային մէջ, պիտի ստիպէ զանոնք ճանչնալու՝
ա. Հայկին, մեր ժողովուրդի հերոս Նախահայրին, որ ազատ ու անկախ ապրելու համար ապստամբեցաւ Բէլին դէմ:
բ. Հայկ Նահապետի ծորան՝ Արամին, որ Հայաստանը պաշտպանելու համար յիսունհազարանոց զօրքով դէմ դրած է Մետեացիներու զօրքին, կոտորած է անոնց բանակը, իսկ անոնց առաջնորդ՝ Նիւքար Մատեսին Արմավիրի պարիսպի աշտարակին գամած է՝ ճակատէն:
գ. Տիգրան Ա. Երուանդեանին, որ իր քոյրը՝ Տիգրանուհին կնութեան տուած է Աժդահակին՝ Մարաստանի թագաւորին: Վերջինիս նպատակը եղած է Տիգրանը սպաննել, սակայն Տիգրանուհին քաջութիւն ունեցած է վստահելի մարդոց միջոցով լուր ղրկել իր եղբօր, որ գալով պատերազմած է Աժդահակին, սպաննած է զայն եւ իր քոյրը վերադարձուցած է Տիգրանակերտ:
դ. Տիգրան Բ.-ին, որ իր սխրագործութիւններուն, քաջագործութիւններուն եւ նուաճումներուն շնորհիւ, հայ ժողովուրդին կողմէ տիրացած է Մեծ պատուանունին: Տիգրան Մեծը, որ իր հնարամտութեամբ՝ դիւանագիտութեան գետնի վրայ պարտութեան մատնած է Պոմպէոսին:
ե. Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն, Սանդուխտ կոյսին եւ Ոգուհի իշխանուհիին, որոնք քրիստոնէութեան առաջին սերմերը ցանեցին Հայաստանի մէջ եւ իրենց արիւնով ոռոգեցին:
զ. Արտաշէս թագաւորին եւ անոր մղած պայքարը ալաններուն դէմ:
է. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին եւ Տրդատ թագաւորին, որոնք Սուրբ Առաքեալներուն քրիստոնէական սերմերուն աճիլ ու պտղաբերիլ տուին:
ը. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, Սանատրուկ թագաւորին, թարգմանիչ սերունդին, որոնք գիր եւ գրականութիւն տուին մեր ժողովուրդին, Աստուածաշունչը հայացուցին եւ հայ գրաւոր դպրութեան սկիզբը դրին:
թ. Սուրբ Ներսէս Մեծին, որ ազգանպաստ մեծ ծառայութիւններ մատուցած է հայ ժողովուրդին, արժանանալով նոյն ժողովուրդի կողմէ Մեծ պատուանունին:
ժ. Բագրատունիներուն:
ժա. Ռուբինեաններուն:
ժբ. Օձնեցիներուն, Շիրակացիներուն, Նարեկացիներուն, Շնորհալիներուն, Տաթեւացիներուն, Յակոբ Ջուղայեցիներուն, Աշտարակեցիներուն, Խրիմեաններուն, Գարեգին Յովսէփեանցներուն, Կոմիտասներուն, եւ այլն:
ժգ. Մովսէս Խորենացիներուն, Ստեփանոս Օրբելեաներուն, Յովհաննէս Դրասխանակերտցիներուն, Ուխտանէսներուն, եւ այլն:
ժդ. Իսրայէլ Օրիներուն, Գրիգոր Արծրունիներուն, Ռաֆֆիներուն, Դանիէլ Վարուժաններուն, Սիամանթոներուն, Ռաֆայէլ Պատկանեաններուն, Նիկոլ Աղբալեաններուն, Արամ Մանուկեաններուն, Ռուբէն Տէր-Մինասեաններուն, Լեւոն Շանթերուն, Պօղոս Նուպար փաշաներուն, եւ այլն:
Շարքը կարելի է երկարել, բայց բաւարարուինք այսքանով:
Արդարեւ մերօրեայ քաղաքական վերնախաւին եւ անոնց սատարողներուն համար այս բոլորը համատեղելի չեն իրենց հետ, որովհետեւ իրենք անոնց ունեցած արժեհամակարգը չունին, անոնց տեսլականը, անոնց գաղափարները չունին, այդ պատճառով ալ անոնց գոյութիւնը «իրական» Հայաստանի կեանքին մէջ, վտանգ է առաջին հերթին իրենց աթոռներուն, իրենց շահերուն, որով իրենք ամէն կերպ կ՚աշխատին հրաժարիլ ու ուրանալ անցեալը, պատմականը:
Իրենց որդեգրած տրամաբանութեան համաձայն, պէտք է հրաժարիլ նաեւ սփիւռքահայութեան մեծամասնութենէն, որովհետեւ սփիւռքի ճնշող մեծամասնութիւնը պատմական Հայաստանի ժառանգներն են, հետեւաբար անոնք համատեղելի չե՛ն իրական Հայաստանին հետ եւ նոյնիսկ հակոտնեայ են, հետեւաբար պէտք է նաեւ զիրենք մերժել, ուրանալ ու հրաժարիլ անոնցմէ…
Պարզապէս ողբալի է մեր քաղաքական վերնախաւին մանկամիտ հոգեբանութիւնը: Աւելի ողբալին սակայն, մեր ժողովուրդի հանդուրժողականութիւնն է նման վերնախաւի մը, որ մեր գոյութեան հիմքերը կը խարխլէ:
Զգաստանալ է պէտք, վաղը կրնայ շա՜տ ուշ ըլլալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024