ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Արդէն իսկ հասած ենք Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 14-րդ գլուխը, որ Հայրիկ կոչած է «Մահ ծնողաց եւ օրհնութիւն». մինչեւ այսօր տեսանք, թէ Հայրիկ ինչպէս խօսեցաւ ընդհանուր ամուսնութեան գաղափարին, անոր ունեցած մարդկային, բարոյական արժէքներուն մասին. խօսեցաւ, թէ ի՛նչ են տղամարդու եւ կնոջ փոխադարձ պարտաւորութիւնները, ի՛նչ են անոնց որպէս ծնողք ունեցած պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ եւ զաւակներունը փոխադարձաբար հօր եւ մօր հանդէպ: Մինչեւ այսօր Հայրիկ խօսեցաւ բոլոր այն անհրաժեշտ արժէքներու մասին, որոնք պէտք են առողջ եւ օրինակելի ընտանիք մը կազմելու համար, որ Աստուածահաճոյ է:

Այս բաժնով Հայրիկ կու գայ խօսելու կեանքի անխուսափելի երեւոյթներէն մէկուն՝ մահուան մասին. մահը աշխարհի օրէնքներէն մէկն է. ծնողքը լոյս աշխարհ կը բերէ զաւակներ, ապա «նոքա մեռնելով կ՚երթան աշխարհէս, զաւակները՝ նոցա տեղը կը փոխանակեն: Բնական կարգն ու եւ օրէնքն է այս», կ՚ըսէ Հայրիկ: Մինչեւ օրս Հայրիկի բոլոր խրատները գործադրելու անձ մը Աստուածաշունչի բառերով արժանի կ՚ըլլայ «հասեալ ի բարւոք ծերութեան» կոչումն ստանալու եւ չկայ աւելի երանելի արժէք մը մեծահասակներու համար՝ քան այր բարւոք ծերութիւնը, որ նիւթականէն վեր, բարոյական հանգստութիւն մը կ՚ապահովէ՝ մաքուր խիղճով ու սիրտով: Վստահաբար բոլորս ալ լսած ենք, թէ նախամարդը շատ աւելի երկար կ՚ապրէր՝ քան մերօրեայ մարդը. այդ երկարակեցութեան եւ բարւոք ծերութիւն մը ապրելու գաղտնիքը Հայրիկ կը տեսնէր հետեւեալ արժէքներուն մէջ. «անարատ վարք, պարզ ու սակաւապէտ սեղան, հողագործ մշակութեան անխարդախ վաստակ եւ քան զամէնն աւելի Աստուծոյ օրհնութիւնը, որ բարգաւաճ կ՚առնէր զիրենք»:

Օրինակը բերելով Աստուածաշունչէն, Հայրիկ կը յիշէ, որ զաւակներուն համար կարեւոր էր ստանալ հօր օրհնութիւնը. «որդւոց համար նախանձելի էր հօր օրհնութիւն կանխապէս ժառանգել», կ՚ըսէ Հայրիկ, իսկ այդ օրհնութեան հակառակ ահաւոր էր ստանալ ծնողքի «անէծք»ը. սակայն այդ օրհնութիւնն ու անէծքը ծնողքի ձեռքն է, որովհետեւ զաւակներու դաստիարակութիւնը առաջ կու գայ ծնողքէն. անոնց երիտասարդութիւնն ու փոխանցած դաստիարակութիւնն է, որ ապագային կը վերածուի օրհնութեան կամ անէծքի: Ծնողքը ինչ որ փոխանցէ զաւակներուն, այդ է որ կը հնձէ եւ այդ հունձքը որպէս օրհնութիւն ու մեծարանք կը վերադառնայ իրեն՝ նոյնիսկ իր մահէն յետոյ, աշխարհի վրայ ձգելով բարի անուն մը: Այդ իսկ պատճառով, պէտք է գիտակցիլ, որ իւրաքանչիւր անձ ինքն իր անձին համար չէ՛ որ կ՚ապրի. հայկական առակը կ՚ըսէ. «Օրհնութիւն հօր հաստատէ զտուն որդւոյ, եւ անէծք մօր խախտեն ի հիմանէ» եւ հետեւաբար պէտք է ծնողք ամէն ջանք ի գործ դնէ այդ օրհնութեան արժանի զաւակներ դաստիարակելու համար, որովհետեւ վերջապէս պիտի հնձեն այն՝ ինչ կը ցանեն:

Հին ժամանակ մեծապէս կը հաւատային այն երեւոյթին, որ հօր մը օրհնութիւնը կրնայ ծաղկեցնել զաւակներու կեանքը, իսկ անէծքը՝ քանդել, որովհետեւ Աստուծոյ արդարութեան ձեռքը «առաքինի որդւոց գլուխը երկնից ցօղ կը թափէ, իսկ անբարի չարժառանգ զաւակաց՝ կարկուտ եւ հարուած», կ՚ըսէ Հայրիկ: Աւելին, Հայրիկ կ՚ըսէ, որ Աստուած չ՚ընդունիր օրհնութիւնը այն ծնողներուն, որոնք ծնողական զգացումէ մղուած չար զաւակներուն համար օրհնութիւն կը կարդան. Աստուած «իւր արդար ցասումն ի գործ դնելով ամբարիշտ մարդոց տուն կը քանդէ»:

Այստեղ կ՚արժէ խօսիլ Հայրիկի «Աստուած տուն կը քանդէ» արտայայտութեան մասին. վստահաբար Աստուած մարդուն կատարեալ ազատութիւն տուած ըլլալով, անոր կեանքին չի՛ միջամտեր. պէտք է նկատի ունենալ, որ հին ժամանակ ապրող մարդոց մէջ Աստուծոյ հանդէպ վախը շատ աւելիով կար՝ քան ներկայ մարդկութեան մէջ. հիները աւելի Աստուածավախ ըլլալով ամէն ջանք ի գործ կը դնէին Աստուծոյ օրէնքներէն դուրս չգալու համար եւ հետեւաբար Հայրիկ զանոնք Աստուածային օրէնքներուն մէջ պահելու համար կը գործածէ այս ոճը, որովհետեւ անգրագէտ խաւին մօտ նման վախի ազդեցութիւնը աւելիով օգուտ կու տար՝ քան խրատներն ու ճառերը:

Այս բոլորին լոյսին տակ Հայրիկ բացատրութիւնները մէկ կողմ դրած խօսքը կ՚ուղղէ իր զաւակներուն.

«Ուրեմն, ո՛վ դուք ծնողք, որ հայր եւ մայր վեհ անուան արժանացած էք, եւ որ աշխարհիս վերայ տուն եւ ընտանիք կազմէք. եթէ կը ցանկայք, որ ձեր վախճանէն յետոյ ձեր տուն, ձեր գերդաստան, ձեր ամէն ժառանգութիւն եւ ձեր գործը մշտնջենաւոր մնայ, ձեր անունը եւ յիշատակը աշխարհիս վերայ օրհնութեամբ յիշուի, ստոյգ եւ ճշմարիտ օրհնութեան պատրաստեցէք ձեր զաւակները: Մի՛ անհոգ զանցառութեամբ սպասէք. ձեր այս նուիրական պարտիքը՝ ձեր մահուան տագնապի օր կատարելու, երբ անբարբառ կը լինին մարդոյն շրթունքները ու բերանը. այլ անդստին խանձարուրէն եւ օրօրանէն սկսեցէք ձեր օրհնութեան դասերը. այսինքն ծնողական դաստիարակութիւն եւ խրատ, որ լի եւ զեղուն օրհնութիւն կը բերէ ամբողջ տան եւ ընտանեաց վերայ»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար հին ժամանակ մարդիկ աւելի երկար կ՚ապրէին:

Պատասխան. Տարածուած սխալ համոզում է, որ հին ժամանակ մարդիկ զգալիօրէն աւելի երկար կ՚ապրէին: Թէեւ որոշ անհատներ կ՚ապրէին մինչեւ 60-70 տարեկան, սակայն ընդհանուր կեանքի տեւողութիւնը աւելի քիչ էր՝ պայմանաւորուած հիմնական մի քանի գործօններով, ինչպէս օրինակ, բժշկական օգնութեան սահմանափակ հասանելիութիւնը, մաքրութեան վատ պայմանները, վարակիչ հիւանդութիւնները եւ աւելիով մարմնական յոգնութիւն պահանջով ապրելակերպը: Հին ժամանակ ապրող մարդոց կեանքի երկար տեւողութեան համոզումը կրնայ առաջ եկած ըլլալ ծննդեան թուականներու սխալ ուսումնասիրութիւններէն: Ընդհանուր առումով աշխարհի առաջընթացը նպաստած է, որ մարդ աւելի երկար կեանք ունենայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024