ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ապագայ հայկականը» շարժման նախաձեռնարկ, յայտնի գիտնական, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեանը։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց Նուպար Աֆէեանի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց Աֆէեանի շարունակական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանին եւ Արցախի տեղահանեալ հայութեան։
Նորին Սրբութիւնն ու Նուպար Աֆէեան անդրադարձան Հայաստանի իրադարձութիւններուն, հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Արցախի պատանդ առնուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցերը՝ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով հանդերձ։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան բռնազաւթուած ու հայաթափուած Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը եւ Նուպար Աֆէեան շօշափեցին նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապը, սփիւռքի առկայ մարտահրաւէրները։ Անոնք կարեւորեցին Հայաստանի համար դժուարին ներկայ ժամանակներուն սփիւռքի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման ծրագիրները։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024