ՄԱՅՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բա­րո­յա­կան վե­րա­նո­րո­գու­մը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն զբա­ղու­մը եւ նպա­տա­կը ե­ղած է բո­լոր շրջան­նե­րու մէջ՝ սկիզ­բէն մին­չեւ այ­սօր, եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ այն­քան՝ որ­քան մարդ­կու­թիւ­նը գո­յա­տե­ւէ՝ մին­չեւ իսկ մէ՛կ ան­հատ։

Բա­րո­յա­գէտ­ներ հա­մա­ձայն ե­ղած են միշտ, թէ՝ բա­րո­յա­կան վե­րա­նո­րո­գու­մը կը սկսի ըն­տա­նի­քէն։ Եւ դար­ձեալ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տուած է, որ բա­րո­յա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար որ­քան կա­րե­ւոր է ըն­տա­նի­քը, ա՛յն­քան անհ­րա­ժեշտ է, որ ըն­տա­նի­քին մէջ տի­րա­պե­տէ կին-մար­դը՝ պա­հէ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը եւ մշա­կէ բա­րո­յա­կա­նու­թեան աճ­ման մի­ջա­վայր մը։

Ըն­տա­նի­քը բո­լոր մշա­կոյթ­նե­րու մէջ նուի­րա­կան ե­ղած է, նոյ­նիսկ հա­մա­րուած է ան՝ առտ­նին ե­կե­ղե­ցի, սրբա­տե­ղի՛։ Իսկ քրիս­տո­նէու­թեան մէջ կի­նը մին­չեւ իսկ բարձ­րա­ցած է Աս­տուա­ծա­ծին ըլ­լա­լու ե­զա­կի պա­տի­ւին։

Ար­դա­րեւ կի­նը, իր կին-մարդ ըլ­լա­լու ար­ժէ­քէն ա՛լ ա­ւե­լի բարձր ար­ժէ­քի մը տի­րա­ցած է «մա՛յր» ըլ­լա­լով։

Սա­կայն մայր ըլ­լալ բա­ւա­կան չէ՛, մայ­րու­թեան ար­ժէ­քին տի­րա­նա­լու հա­մար պէ՛տք է գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նալ մայ­րու­թեան, եւ վա­յե­լել մայ­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւունք­նե­րը ա­զա­տօ­րէն եւ հան­գա­մա­նօ­րէ՛ն։

Քրիս­տո­նէու­թեան մէջ կի­նը, իր մայր հան­գա­ման­քով կը վա­յե­լէ յար­գան­քէ ա­ւե­լի պա­տիւ մը, քա­նի որ ան ե­ղաւ մայր ու բնա­կա­րան Աս­տու­ծոյ, եւ հո­գած ու խնա­մեց զայն մայ­րօ­րէն, մայ­րա­բար։

Չա­փա­զան­ցու­թիւն պէտք չէ նկա­տել՝ կի­նը իբ­րեւ մայր երկ­րորդ աս­տուածն է մարդ­կու­թեան։ Չէ՞ որ ան ալ մարդ մը կը ծնի, ինչ­պէս Աս­տուած ստեղ­ծած է մար­դը եւ դար­ձեալ կը խնա­մէ, կը հո­գայ զայն, ինչ­պէս Աս­տուած կը հսկէ, կը խնա­մէ, կը հո­գայ մար­դուն, եւ մի­նակ չի թո­ղուր զայն. կը ստեղ­ծէ, բայց կը նա­խախ­նա­մէ զայն։ Ա­հա­ւա­սիկ, ծնե­լու եւ խնա­մե­լու, հո­գա­լու այս ա­րար­քը կ՚են­թադ­րէ ա­րար­չու­թիւն եւ ան­կէ ան­բա­ժան՝ նա­խախ­նա­մու­թի՛ւն։

Ա­մէն ինչ «մայ­րա­կան» է կնոջ մէջ, եւ մայ­րու­թեան նպա­տա­կին կը ձգտի։

Եւ մօր հո­գա­ծու­թեան ներ­քեւ կը հաս­նի ա­պա­գայ մար­դը։ Ուս­տի մօր դե­րը ե­զա­կի է սե­րունդ­նե­րը կա­ռու­ցա­նե­լու սրբա­զան եւ նուի­րա­կան գոր­ծին մէջ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, կի­նը ա­ռաջ­նա­կարգ գոր­ծիչն է մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կա­նին. ան է ա­ռա­ջին հա­ւա­տա­ցեա­լը, ան է մե­ծա­գոյն ու­սու­ցի­չը, որ ըն­տա­նի­քին մէջ կը դաս­տիա­րա­կէ մա­նու­կը՝ ա­պա­գայ մար­դը, ան է հա­ւատ­քին մե­ծա­գոյն պա­հա­պա­նը, եւ ան է հա­ւատ­քը, հա­ւա­տա­լիք­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցէ ու կը հա­ղոր­դէ սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ։ Ուս­տի ան է, որ տէ՛րն է բազ­մա­թիւ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու։

Եւ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու մարմ­նա­ցու­մը ե­ղաւ Կոյս Մա­րիամ՝ մայր մար­դա­ցեալ-մարմ­նա­ցեալ Աս­տու­ծոյ։ Ան սկիզ­բէն կին-մար­դու տրուած շնորհ­նե­րուն լրու­մը ե­ղաւ՝ մայր, դաս­տիա­րակ, հա­ւատ­քի եւ ա­ւան­դու­թեան հա­ւա­տա­րիմ պա­հա­պա­նը։ Կոյս Մա­րիա­մով է, որ կին-մար­դը վերս­տա­ցաւ իր ար­ժա­նի­քը եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը։ Եւ Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փո­խու­մը գե­րա­դաս փառքն է այդ ար­ժա­նի­քին ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ Ար­դա­րեւ Կոյս Մա­րիամ ե­ղաւ տի­պա՛ր մը բո­լոր կին-մարդ սե­րուն­դին, եւ ու­ղե­ցոյց մը ա­նոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն։ Աս­տուա­ծած­նի Վե­րա­փո­խու­մը հրա­շա­լի դէպ­քէ մը ան­դին՝ կին-մար­դուն վե­րա­փո­խո՛ւմն է։

Աս­տուա­ծա­մօր Վե­րա­փո­խու­մը՝ խորհր­դա­նիշն է, տի­պա՛րն է կին-մար­դուն վե­րա­բարձ­րաց­ման՝ վերս­տին տի­րա­նա­լու իր ար­ժա­նիք­նե­րուն, յարգ ու պա­տի­ւին։ Վե­րա­բարձ­րա­ցու­մով կին-մար­դը ստա­ցաւ նոր գիծ, նոր ե­րանգ, նոր ու­ղի, նոր դեր ու պար­տա­կա­նու­թիւն եւ կը ստանձ­նէ նոր ու ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն՝ ըլ­լա­լով ջա­նա­սէր ու հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծա­կի­ցը եւ գոր­ծա­կա­տա­րը նոյն ինքն Աս­տու­ծոյ՝ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ու նա­խախ­նա­մու­թեան գոր­ծին…։

Սուրբ Կոյ­սը, ինք վե­րա­փո­խուե­լէ ա­ռաջ, վե­րա­փո­խեց ու վե­րա­նո­րո­գեց կին-մար­դը՝ ա­զա­տեց զայն նուաս­տու­թեան խա­ւա­րէն եւ բե­րաւ իր ար­ժա­նի վի­ճա­կին։

Զար­մա­նա­լի պէտք չէ նկա­տուի Աս­տուա­ծա­մօր վե­րա­փոխ­ման քրիս­տո­նէա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ պէտք է ըն­դու­նուի ա­ռանց կաս­կա­ծի եւ տա­րա­կու­սան­քի, քա­նի որ ան փո­խեց մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քը, վե­րա­փո­խեց եւ բե­րաւ իր ա­րժանի դիր­քին։ Եւ այս­պի­սին բնա­կան է, որ չի դա­սուեր հա­սա­րակ մահ­կա­նա­ցու­նե­րու վի­ճա­կին։  Եւ այս ա­ւան­դու­թիւն հա­ճե­լի է մե­զի, քա­նի որ ան իր մէջ ու­նի խո­րունկ դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը, վար­դա­պե­տու­թիւն մը։ Ան մարմ­նա­ցումն է աս­տուա­ծա­յին մաք­րու­թեան, անբծու­թեան, սրբու­թեան, պար­կեշ­տու­թեան, խո­նար­հու­թեան, հա­մես­տու­թեան եւ կու­սու­թեա՛ն։

Ա­ռա­քի­նու­թեան մարմ­նա­ցում մը եւ նուի­րա­կա­նու­թեան տի­պար մըն է  Սուրբ Կոյս Մա­րիամ, որ կը ներ­կա­յաց­նէ ան­մե­ղու­թեան ու մաք­րու­թեան մարմ­նա­ցու­մը։

Կին-մար­դը եւ մայ­րը՝ Աս­տուա­ծա­մօր լոյ­սին մէջ ա­ւե­լի եւս ճշմար­տու­թեան, բա­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած՝ վե­րա­փո­խուե­ցաւ շատ ա­ւե­լի բարձր դիր­քե­րու եւ ե­ղաւ ա­ւան­դա­պա՛հ։

Կին-մար­դը «հե­րո­սու­հի» ե­ղաւ մարդ­կա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման ան­վերջ պայ­քա­րին մէջ։

Կ՚ը­սեն, թէ՝ «մարդ» ծնիլ շնորհ մըն է, «մարդ» ապ­րիլ եւ «մարդ» մնալ՝ դժուա­րա­տար եւ տքնա­ջան ըն­թացք մըն է, իսկ «մարդ» մեռ­նիլ՝ յաղ­թա­նա՛կ։

Ար­դա­րեւ մարդ­կու­թեան լրո՛ւմն է այդ յաղ­թա­նա­կը։

Եւ կին-մար­դը, իր մայր հան­գա­ման­քով մա­նա­ւանդ, միշտ յաղ­թա­կան ե­կած է կեան­քի պայ­քա­րին մէջ, միշտ վեր բռնե­լով մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նապա­տուու­թիւ­նը։ Մայ­րը՝ Աս­տուա­ծա­մօր տի­պա­րով մա­նա­ւանդ մնա­ցած է միշտ կին-մարդ, եւ իր վախ­ճա­նին հա­սած է միշտ կին-մար­դու յաղ­թա­նա­կով։

Ակ­նե­րեւ է կին-մար­դուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­տա­նե­կան կեան­քին, եւ ո­րուն հե­տե­ւո­ղու­թեամբ՝ հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին, բա­րե­գոր­ծա­կան, հա­մայն­քա­յին, քա­ղա­քա­կան ա­սպա­րէզ­նե­րու մէջ, միշտ հե­տապն­դե­լով վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կը՝ ծա­ռա­յե­լով մարդ­կա­յին բա­րի­քին եւ ընդ­հա­նուր օգ­տին։

Ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ կին-մար­դուն եւ ա­նոր լրու­մը՝ մօր հրա­շա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն՝ թէ՛ անձ­նա­պէս, թէ՛ իր հաս­ցու­ցած սե­րունդ­նե­րուն կա­տա­րած մե­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով։

Կ՚ը­սեն, դար­ձեալ, թէ ա­մէն յա­ջող մար­դու մը ե­տե­ւը «կին» մը կա՛յ. ա­յո՛ ճիշդ է ա­տի­կա, քա­նի որ ա­մէն յա­ջող մարդ ու­նի մայր մը՝ որ ծնած է զինք եւ հաս­ցու­ցած ու բե­րած այդ դիր­քին։ Ար­դա­րեւ ա­մէն մարդ շա՜տ բան կը պար­տի մօր՝ այն անձ­նուէր ու հե­րոս կին-մար­դուն, որ իր գո­յու­թեան պատ­ճառն է եւ իր յա­ջո­ղու­թեան շար­ժա­ռի­թը…։

Հնա­զան­դու­թիւն, հե­զու­թիւն, զո­հո­ղու­թիւն, սէր, սրբու­թիւն յատ­կա­նիշ­ներն են կին-մար­դուն՝ ո­րոնց շնոր­հիւ է, որ ա­նոր տրուած է «մա՜յր» ըլ­լա­լու ան­զու­գա­կան, ե­զա­կի պա­տի­ւը։ Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­նե՜ր, այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք մարդս կ՚ազ­նուաց­նեն, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն, իր լրու­մին կը հասց­նեն, տրուած են կին-մար­դուն։ Ո­մանք «հնա­զան­դու­թիւն»ը նուաս­տա­ցում կը հա­մա­րեն, եւ կը սխա­լին, քա­նի որ հնա­զան­դու­թիւ­նը պար­կեշ­տու­թեան, խո­նար­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն լրումն է, եւ այն, որ կը հնա­զան­դի՝ կը բարձ­րաց­նէ իր ան­ձը, քա­նի որ հնա­զան­դու­թիւ­նը ա­զա­տու­թիւն է եւ ա­զատ մար­դը վե­հանձն է, ազնուա­կան է, բարձր ար­ժա­նիք­նե­րու տէ՛ր մէկն է… եւ կին-մար­դը բարձ­րա­գոյն յատ­կու­թիւն­նե­րով օժ­տուած, մե­ծա­հո­գի, վե­հա­սիրտ անձ­նա­ւո­րու­թիւնն է։

Կին-մար­դուն եւ ա­նոր լրու­մը՝ մօր պէտք է ըն­ծա­յուի այն­պի­սի ար­ժէք մը՝ որ ա­ռանց այդ ար­ժէ­քին գո­յու­թիւն չ՚ու­նե­նար եւ չի կրնար գո­յա­տե­ւել հա­մայն մար­դու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 14, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015