ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ

Հայ-սպանական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ զուգադիպեցաւ Հոգեգալստեան տօնին։ Այսպէս, Մատրիտի Ալմութենա Մայր տաճարի բակին մէջ զետեղուած խաչքարը օծուեցաւ ու պաշտօնապէս բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Այս առթիւ Մատրիտ այցելեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որուն կ՚ընկերանար Սպանիոյ եւ Փորթուգալի իր փոխանորդը՝ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։

Նորին Սրբազնութեան առընթեր, արարողութեան ներկայ էր Մատրիտի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Խոզէ Քոպօ Քանօ, որ օրուան պատգամին մէջ արժեւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասին։ Խաչքարի բացման զուգահեռ՝ Մատրիտի Արքեպիսկոպոսին նախագահութեամբ մայրաքաղաքի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ նաեւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ անդրադառնալով խաչքարին՝ որպէս հայկական ինքնութեան եզակի ու մնայուն խորհրդանշան, նաեւ մշակութային ժառանգութեան ու քանդակագործական արուեստի կարեւորագոյն արտայայտութիւն։ Ան ողջունեց Հայց. Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան ոգին։ Նորին Սրբազնութիւնը առանձնապէս յայտնեց, որ Սպանիոյ մէջ ներկայիս շուրջ 40 հազար հայ կ՚ապրի եւ տեղւոյն կաթոլիկ եկեղեցին կ՚աջակցի, որ համայնքը հնարաւորութիւն ունենայ հայածէս պաշտամունք իրականացնել։ Հուսկ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան մաղթեց, որ նորաօծ խաչքարը յաչս բոլորին դառնայ երկու եկեղեցիներու եղբայրութեան խորհրդանշանը։

Հարկ է նշել, որ պատմութեան մէջ հայ-սպանական առաջին նշանակալից շփումները տեղի ունեցած են Խաչակրաց արշաւանքներուն ժամանակ։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն վերջ ալ Լեւոն Ե. թագաւորը 1383 թուականին հիւրընկալուած է Քասթիլիոյ Յովհաննէս Ա. թագաւորին կողմէ։ Այս հանգամանքը խթանած է երկկողմանի մշակութային համագործակցութիւնը։ Ներկայիս, բացի Մատրիտէն, Սպանիոյ մէջ հայեր կ՚ապրին Պարսելոնա, Վալենսիա, Մալակա եւ Սեւիյյա քաղաքներուն մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 21, 2024