ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ամուսիններու յարաբերութիւններուն մասին գրուած բան կը գտնե՞նք Առակացին մէջ:
Պատասխան. Անշուշտ: Այսպէս, Առակաց 21.9-րդ համարին մէջ, հետեւեալ հետաքրքրական մտածումին կը հանդիպինք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ»: Իսկ ուրիշ տեղ մը կը կարդանք. «Աղէկ է անապատը բնակիլ, քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ» (Առ 21.19):
Ի՜նչ հետաքրքրական արտայայտութիւն, միաժամանակ ինչքա՜ն կը համեմատի մեր օրերուն, երբ տուները կորսնցուցած են իրենց ներքին հանգիստը, անդորրը, խաղաղութիւնը: Կորսնցուցած են, անհասկացողութեան, անհանդուրժողութեան եւ նիւթականացած ըլլալնուն պատճառով:
Այսօրուան ընտանիքները լարուած ականներ են, ուր իւրաքանչիւր վայրկեան կարելի է պայթում սպասել, երբեմն տկար, երբեմն զօրաւոր, երբեմն թեթեւ վնասներով, երբեմն ալ պարզապէս աւերակներ յառաջացնելով:
Այս բոլորին պատճառը վերը նշուածներուն կողքին է՛ նաեւ այն, որ այսօրուան պսակուող զոյգերը լուրջ չե՛ն մօտենար Ս. Պսակի խորհուրդին, չե՛ն հասկնար, թէ ի՜նչ բանի համար խոստում կու տան եւ որո՞նց վկայ կը բռնեն իրենց տուած խոստումին: Ս. Պսակի ժամանակ ականջ չեն տար քահանայի խրատին, յետոյ երբ տէր եմ-ի եւ հնազանդ եմ-ի պահը գայ, քմծիծաղով, կատակով եւ երբեմն ալ թեթեւսոլիկութեամբ կը պատասխանեն:
Այսպէս, զոյգերը Եկեղեցի կ՚երթան, Ս. Խորանին դիմաց կանգնած՝ Աստուծոյ ներկայութեան կ՚ուխտեն հաւատարիմ ու հնազանդ մնալ իրարու: Պսակող քահանան նախ եւ առաջ հետեւեալ խրատը կու տայ անոնց.
-Տեսէ՛ք սիրելիներ,
Աստուծոյ հրամանով եւ մեր սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն համաձայն Սուրբ Եկեղեցի եկած էք՝ պսակուելու սուրբ ամուսնութեան համար: Մենք բոլորս կ՚աղօթենք որ Աստուած ձեզ միաբան սիրով պահէ, խոր ծերութեան հասցնէ եւ Իր երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ:
Երկուքդ ալ շատ լաւ գիտէք, որ կեանքի մէջ կան տեսակ-տեսակ փորձութիւններ.- հիւանդութիւն, ձախորդութիւն, աղքատութիւն եւ այլ դժբախտութիւններ: Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Աստուած ամէն տեսակի փորձութենէ հեռո՛ւ պահէ ձեզ: Բայց Աստուծոյ կամքն է, որ դուք երկուքդ բոլո՛ր պարագաներուն, մանաւանդ նեղութեան եւ դժուարութիւններու մէջ, միշտ ըլլաք իրարու օգնական, տէր եւ պաշտպան եւ հաւատարիմ մնաք իրարու՝ մինչեւ մահ:
Ապա, պսակող քահանան հետեւեալը կը հարցնէ փեսային.
-Դո՛ւն՝ փեսայ, կը խոստանա՞ս բոլոր պարագաներուն մէջ՝ մինչեւ մահ տէր եւ պաշտ-պան ըլլալ այս օրիորդին, որ կինդ պիտի ըլլայ, եւ հաւատարմութեամբ սիրել զայն:
Փեսան կը պատասխանէ.
-Այո՛, հայր սուրբ, կը խոստանամ՝ Աստուծոյ կամքով:
Ապա, քահանան հարսին կը հարցնէ.
-Եւ դուն՝ հարս, կը խոստանա՞ս բոլոր պարագաներուն մէջ՝ մինչեւ մահ տէր եւ օգնական ըլլալ այս պարոնին, որ ամուսինդ պիտի ըլլայ, եւ հաւատարմութեամբ սիրել զայն:
Հարսը կը պատասխանէ.
-Այո՛, հայր սուրբ, կը խոստանամ՝ Աստուծոյ կամքով:
Եւ ապա որպէս իրենց խոստումին վկայ, հետեւեալը կը հարցնէ զոյգին.
-Աստուած, որ Իր աներեւոյթ ներկայութեամբ այս Սուրբ Տաճարը կը լեցնէ, այլեւ մեր պահապան հրեշտակները, այս Սուրբ Եկեղեցին, Սուրբ Խաչն ու Սուրբ Աւետարանը, քահանայից դասը եւ հարսնեւոր այս ամբողջ բազմութիւնը՝ ձեր խոստումին վկայ թող ըլլա՞ն:
Փեսան ու հարսը կը պատասխանեն.
-Այո՛, հայր սուրբ, վկայ թող ըլլան:
Ի պատասխան այս հաստատումին, քահանան կ՚ըսէ զոյգին.
-Աստուած ձեզի հետ ըլլայ եւ երբե՛ք չսասանիք. օգնէ ձեզի Աստուած, այս պահէն մինչեւ վախճանը ձեր կեանքին («Մաշտոց կամ ծիսարան», Անթիլիաս 2022, դ. հրատարակութիւն, էջ 76-81):
Ոմանք պիտի հարցնեն, լաւ այս բոլորը ի՞նչ առընչութիւն ունին Առակացի վերոնշեալ համարներուն հետ: Կապ ունին այնքանով, որ շատ յաճախ զոյգերը կը խաբուին եւ կը յայտնուին անցանկալի իրավիճակներու մէջ: Ընդհանրապէս տղաները կը խաբուին աղջիկներու գեղեցկութեամբ, իսկ աղջիկները՝ տղաներու հարստութեամբ: Այսօրուան երիտասարդներուն համար Պսակի պարագային էականը ո՛չ թէ խորքային ըմբռնումն ու մօտեցումն է Պսակին, այլ՝ մակերեսային: Այդ մակերեսային մօտեցումին հետեւանքով է, որ պսակադրութենէն երբեմն կարճ ժամանակ ետք, եւ երբեմն ալ տարիներ ետք տհաճ դէպքերը կը սկսին երեւան գալ, եւ այսպէս թուացած օրինակելի, խաղաղ ու հանգիստ ապրող ընտանիքը, կը վերածուի կրկէսի մը, ուր ամէն տեսակի խաղի կարելի է հանդիպիլ:
Գալով Առակացի հեղինակին ըսածներուն, ապա իմաստունը կը խրատէ ամուսինին՝ միաժամանակ նաեւ կնոջ՝ երբ ամուսինը այդպիսին ըլլայ, զգուշանալ եւ զերծ մնալ յաւելեալ լարուածութիւններէ եւ վէճերէ, որոնք կրնան տուեալ ընտանիքը քայքայել ու քանդել: Իմաստունը չի՛ խրատեր բաժնուիլ, չի՛ թելադրել տունէն հեռանալ, այլ՝ պարզապէս կը խրատէ որոշ ժամանակուան մը համար հեռու եւ զերծ մնալ վիճաբանութիւններէ, տան մէկ անկիւնը քաշուիլ, լուռ մնալ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ընտանիքին կայունութիւնը ապահովել:
Իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ վէճեր ու վիճաբանութիւններ կը պատահին: Ամուսինները պարտաւոր են զիրար լսել, զիրար հասկնալ, իրարու մէջ թշնամիներ չփնտռել, երբ կինը՝ ամուսինին, եւ կամ ամուսինը՝ կնոջ թելադրութիւն մը, կամ նկատողութիւն մը կատարէ, այլ՝ փորձեն հասկնալ իրենց դիմացինին նման թելադրութեան կամ նկատողութեան դրդապատճառը: Նոյնիսկ եթէ համաձայն ալ չգտնուին կատարուած թելադրութեան ու նկատողութեան, իրենց ըսելիքը հանգիստ ու հասկնալի կերպով պիտի փորձեն բացատրել իրենց ամուսինին կամ կնոջ, եւ ո՛չ թէ բարկութեամբ եւ անհանդուրժողութեամբ: Բարկութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը սատանային օգտագործած զէնքերն են, որոնցմով ան կը ջանայ տուները՝ ընտանիքները քայքայել ու քանդել, եւ ամուսինները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ կուլ չերթան սատանային լարած ծուղակներուն: Ընտանիքը, արդարեւ, Աստուծոյ տան տիպարն է երկրի վրայ եւ ընտանիքի անդամները այդ գիտակցութեամբ պէտք է իրենց պարտաւորութիւնները եւ պարտականութիւնները կատարեն այդ տան նկատմամբ, յարգելով զիրար, սիրելով զիրար, լսելով զիրար, որպէսզի այդ իրենց տունը միշտ անուշաբոյր ըլլայ եւ Աստուած հաճի բնակիլ այնտեղ:
Աւարտենք, Միւռոն Ծայրագոյ Վարդապետ Ազնիկեանի՝ «Քրիստոնեայ հայ ընտանիք եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն» աշխատասիրութենէն մէջբերելով հետեւեալ հատուածը, ընտանիքի ինչութեան մասին.
«Ընտանիքը, նախքան եկեղեցի, պետութիւն թէ ընկերային այլ դրութիւններ, երկրի վրայ Աստուծոյ հաստատած առաջին կառոյցն է։ Աստուած նախ Ինք օրհնեց եւ սրբեց մարդուն եւ կնոջ ամուսնական միութիւնը եւ զանոնք կարգեց ըլլալու «տիեզերքի տէրն ու պսակը՝ իր արարչագործութեան»։ Իսկ ընտանիքը վերածեց մարդկային ընկերութեան կեդրոնական առանցքին։
Ներկայ ժամանակներուն, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու եւ քաղաքակրթութիւններու որոշ ժխտական ազդեցութեանց ներքեւ, երբ ընտանիք հասկացողութիւնը քայքայուած եւ մասնատուած է, ընտանեկան եւ բարոյական արժէքներ շրջուած կամ անմխիթար պատկեր սկսած են ներկայացնել, անոնք ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կ՚ազդեն եւ պիտի ազդեն մարդկային ընկերութեան, ազգերու եւ ժողովուրդներու ընկերային կառոյցներուն վրայ, ինչու չէ, նաեւ մեր հայկական տոհմիկ, ազգային աւանդներուն, ըմբռնումներուն եւ հոգեւոր արժէքներուն վրայ։
Այս բոլորին դիմաց, Աստուածաշունչ մատեանը մարդկային յարափոփոխ ընկերութեան, ապաբարոյ եւ այլասերիչ վատ բարքերու, ընտանեկան թէ ընկերային անկեալ վիճակներու ուղղիչ գաւազան է եւ բարոյական սկզբունքներու մնայուն օրինագիրք։ Ան, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ մեզի կը պատգամէ եւ, մասնաւորաբար այս պարագային, աստուածատուր օրէնքներ կ՚ուսուցանէ՝ ճշմարիտ, տիպար, օրհնեալ եւ աստուածավախ ընտանիք կազմելու առընչութեամբ։ Այսպէս, Եփեսացիներուն 5։22-6։4 գլուխներուն մէջ, առաքեալը աստուածապաշտ ընտանիքի բնոյթը կը բնորոշէ եւ կը սահմանէ Աստուծոյ եւ իրարու հանդէպ ամուսիններու, ծնողաց եւ զաւակներու ունեցած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Հոն կը կարդանք. «Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսինը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, Իր մարմինին, որուն Փրկիչն է Ինք…։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ Իր կեանքը տուաւ անոր համար…։ Ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, …որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն։ …Եւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը։
“Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը։ ‘Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ’ պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում ունի. ‘որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ’”»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 95
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024