ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԱՌԵԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ
Աշխարհի նոր իրադրութիւնը հետեւեալն է. «բոլորը կախեալ է բոլորէն»։ Չկան տարածքային կամ կրօնական որեւէ սահման այն հարցերու պարագային, որոնք կը հետաքրքրեն ամբողջ մարդկութիւնը։ Այլեւս ժամանակը հասած է ու կ՚անցնի գիտակցելու, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւասար է այս մոլորակի վրայ։ Ուզենք կամ ոչ՝ պէտք է ըլլանք միասնական։
Պատմութիւնը միշտ ապացուցած է, որ երբ մարդիկ հետամուտ են միայն իրենց ազգային շահերուն, անոնց կը վիճակին հակամարտութիւններ եւ պատերազմներ։ Համերաշխութեան, կայունութեան, պայմաններուն ներքեւ ապրիլը խաղաղութեան, գթութեան, փոխըմբռնման, խելամտութեան եւ ամենակարեւորը՝ արդարութեան տանող միակ ճանապարհն է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, իրականութեան մէջ, նոյնն է այս մոլորակի վրայ։ Ուզենք կամ ոչ, պէտք է գոյատեւենք միասնականութեամբ ու փոխըմբռնմամբ։
Կրօնքը որոշ չափով կրնայ նպաստել այս պառակտումը, անհամերաշխութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին։ Համաշխարհային բարոյականութեան ըմբռնումը այլեւս կենսական դարձած է այսօր։ Մեզի պէտք է կլոպալ բարոյագիտութիւն, որ կը ներառէ թէ՛ հաւատացեալները եւ թէ անհաւատները, թէ՛ գիտունները եւ թէ անգէտները, թէ՛ մանուկները եւ թէ չափահասները…
Արդեօք օր մը պաշտօնական կրթութիւնը կը կարեւորէ՞ հոգեւոր դաստիարակութիւնը՝ սէր, գթութիւն, մարդասիրութիւն, անաչառութիւն, ներողամտութիւն, ողջախոհութիւն, հանդուրժողականութիւն եւ խաղաղութիւն ջամբելը։ Այսպիսի կրթութեան համակարգ մը անհրաժեշտ է մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան։ Ես կը խօսիմ ընկերային, հոգեբանական եւ առաքինի ուսուցման, մարսողութեան մասին։ Ներկայ դարաշրջանին մեզի համար ամենաանհրաժեշտն է դաստիարակել սրտերն ու մտքերը։ Կրթական համակարգերը յաճախ կը կեդրոնանան նիւթական արժէքներու եւ մարդու «իմաստութեան» մշակման վրայ։ Բայց պատմութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ մենք միայն «հասկնալով» չենք կրնար հասնիլ «հասկացողութեան»։ Իսկ այս առթիւ պէտք է առաւել ուշադրութիւն դարձնել ներքին արժէքներուն։
Անհանդուրժողականութիւնը սկզբնաղբիւրն է ատելութեան ու բեւեռացումներու։ Երեխաները պէտք է հասակ առնեն այն ըմբռնումով, որ հակամարտութիւններու կարգաւորման ամենանպաստաւոր ճանապարհն են փոխըմբռնումը, բանակցիլը եւ հանդուրժողականութիւնը, այլ ոչ թէ բռնութիւնը։ Նոր սերունդի ներկայացուցիչները, ըստ էութեան, մեծ պատասխանատուութիւն ունին աշխարհը բոլորին համար աւելի խաղաղ վայր մը դարձնելու։ Անոնք այս բանը կրնան իրականացնել միայն այն պարագային, եթէ մենք մարզենք ո՛չ միայն մեր ուղեղները, այլեւ՝ մեր սիրտերը։ Ապագայ կրթական համակարգերը պէտք է կարեւորեն մարդկային կարողութիւններու ամրապնդումը. ինչպէս՝ անկեղծութիւնը, միասնութեան զգացումը, մարդասիրութիւնը եւ ընդհանրապէս սէրը։
Աւելի յստակ կը տեսնեմ, որ մեր հոգեւոր հանգստութիւնը, բարեկեցութիւնը կախուած է ո՛չ միայն կրօնէ, այլ՝ մարդկային բնութենէ, բարութենէ, գթութենէ, ուրիշներու հանդէպ հոգատարութենէ… Անկախ մեր դաւանած կրօններու, բոլորս, ըստ էութեան, մեր մէջ ունինք մարդկային բարոյականութեան աղբիւր։ Մենք պէտք է զարգացնենք այս ընդհանուր բարոյականութեան հիմքը՝ աղբիւրը։
Մարդկային համակեցութեան հիմքը հասկացողութիւնն է։ Իմ համոզմամբ, մարդկութեան զարգացումը կախուած է ո՛չ թէ մրցակցութենէ, այլ՝ համատեղ աշխատանքէ։ Գիտութիւնը եւ պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տան այս բանը։
Մենք պէտք է սորվինք, որ ամբողջ մարդկութիւնը հսկայական ընտանիք մըն է։ Բոլորս եղբայրներ ենք՝ ֆիզիքապէս, նաեւ մտաւորական եւ հոգեկան առումներով։ Բայց մենք տակաւին կը կեդրոնանանք մեր տարբերութիւններու, ո՛չ թէ նմանութիւններու վրայ։ Մինչդեռ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, ի վերջոյ՝ կը ծնի եւ կը մահանայ եւ ունի տարբեր յատկութիւններ, կարողութիւններ, ըմբռնումներ, ընկալումներ…
Ամէն ինչի հիմքին կայ հարցում մը. ո՞րն է կեանքի նպատակը։ Իւրաքանչիւր անձ իր կեանքի ողջ տեւողութեան կը ձգտի հասնիլ երջանկութեան եւ խուսափիլ տառապանքներէ։ Ո՛չ ընկերային պայմանները, ո՛չ կրթական մակարդակը կրնան փոխել այս իրողութիւնը։ Բոլորս կ՚ուզենք պարզապէս երջանիկ ըլլալ, բայց ամենակարեւորն է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ուրախ դառնալ։
Այս աշխարհին վրայ մեզմէ իւրաքանչիւրը ժամանակաւոր հիւր է։ Որքա՜ն յիմարութիւն է այս կարճ ժամանակը անցընել առանձին, դժբախտ կամ «մրցակիցներու» հետ հակասութեան մէջ։ Համաշխարհային խաղաղութիւնը պէտք է սկսի ներքին խաղաղութենէ, ինչ որ չի նշանակեր, թէ չկայ բռնութիւն։ Ան դրսեւորումն է մարդկային խղճի, որ կրօնի հետ կապ չունի, մարդկային է։ Այդ մէկը պերճանք չէ, մեր սեփական խաղաղութիւնն ու մտաւոր կայունութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին մարդու գոյութեան համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ