ՆԵՐԵԼ ԸՆԿԵՐՈՋ
«Ան որ վրէժի կը ձգտի՝ երկու գերեզման կը փորէ», կ՚ըսէ չինական ժողովրդական իմաստութեան ասոյթը։ Արդարեւ, յանցանքը ներել խաղաղութիւն հաստատել՝ ներողին ալ, ներուողին համար ալ խղճի հանգստութիւն է, քանի որ վրէժի զգացումը երկուստեք վնասակար եւ քանդիչ, կործանիչ զգացում մըն է։
«Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3), եւ կը շարուակէ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դեմ մեղանչէ, յանդիմանէ զայն։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ զանիկա։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի եւ ըսէ.- Կ՚ապաշխարեմ, պէտք է ներես անոր»։
Եւ մարդուս համար ո՜րքան դժուար է ներել, քանի որ «ԵՍ»ը միշտ արգելք կը հանդիսանայ ներել մէկը՝ որ վիրաւորած է իր արժանապատուութիւնը, եթէ նոյնիսկ անիկա մարմնական-նիւթական վնասի մը պատճառ եղած չըլլայ։
Այս հարցով, Պետրոս առաքեալ կը հարցնէ Յիսուսի, թէ քանի անգամ պէտք է ներել յանցանք մը։
«Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ.- Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր, մինչեւ եօ՞թը անգամ։ Յիսուս ըսաւ անոր.- Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 21-22)։
Ուստի, Յիսուսի պատասխանին «եօթանասուն անգամ եօթը» ասացուածքը «անհուն» անգամ կը նշանակէ, քանի որ «եօթը» կատարելութեան խորհրդանիշն է, եւ հատուածին մէջ յատկապէ՛ս գործածուած է։
Բայց, այս կէտին, անհուն չափով ներելու համար անհրաժեշտ պայմանի մը կ՚ակնարկէ Յիսուս. «Եթէ ապաշխարէ…»։ Եւ ուրեմն, ներելու համար, նախ պէտք է որ յանցաւորը ներողութիւն խնդրէ՝ անդրադառնայ իր սխալին կամ յանցանքին, եւ զղջայ, եւ այս զգացումը արտայայտէ անոր՝ որուն հանդէպ յանցանք գործած է։ Ապա թէ ոչ՝ ներելու պատճառ մը գոյութիւն պիտի չունենայ։
Այստեղ երկու զգացումներ պէտք է զատել իրարմէ։ Չներել եւ վրէժխնդիր ըլլալ կամ ոխակալ։ Մարդ, մէկը կրնայ չներել, բայց պէտք չէ այդ անձին նկատմամբ ոխ պահէ եւ վրէժ լուծելու ձգտում ունենայ։ Որովհետեւ, վրէժխնդիր մէկը յանցաւորին չափ յանցաւոր, եւ նոյնիսկ կրկնապատիկ յանցաւոր կ՚ըլլայ, քանի որ ոխակալութիւնը ծանր յանցանք մըն է։ Ուրեմն, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ իր անձին նկատմամբ, ինչպէս կը պատուիրէ Յիսուս։
Այս հարցին վերջին կէտ մը. աւետարանական հատուածին մէջ կը գործածուի «եղբայր» բառը փոխանակ «ընկեր» բառին։ Ասկէ կը հետեւի, թէ պէտք է ներել ամէն յանցաւոր, առանց խտրութեան, քանի որ «եղբայր»ը աւելի ընդարձակ նշանակութիւն ունի քան «ընկեր»ը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ