ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ
Սփիւռքի տարածքին եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու բարեգործական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ դրին շրջաններու մէջ հայկական վարժարաններ ստեղծելու եւ այդ վարժարաններուն միջոցով օտարութեան մէջ ապրող հայուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար, սակայն կարելի չեղաւ բոլոր գաղութներուն մէջ հայկական վարժարաններ ունենալ. անոնք փորձեցին դպրոցները հիմնել հոն՝ ուր հայութեան թիւը շատ է. շատ մը շրջաններ ցաւ ի սիրտ զրկուեցան այդ առաւելութենէն եւ մնացին առանց հայկական վարժարանի:
Հայկական վարժարան չունեցող շրջաններու մէջ ապրող ծնողներուն համար հայու դիմագիծի պահպանումը եղաւ շատ աւելի դժուար. անոնց զաւակները յաճախեցին օտար մանկապարտէզ, օտար դպրոց եւ բնականաբար իրենց հասակակիցներէն ընդօրինակեցին օտար վարքն ու մտածելակերպը. կամայ թէ ակամայ հետեւեցան օտար կրթական ծրագիր մը՝ որ ամերիկացի, արաբ կամ եւրոպացի ըլլալ կը սորվեցնէ՝ եւ ոչ հայ: Հայկական վարժարանէ հեռու այդ մանուկին առաջին ընկերն ու ընկերուհիները եղան օտարները եւ բնականաբար որպէս մարդկային «բնազդ» անոնք փորձեցին նմանիլ իրար՝ պահելու համար հաւասարութիւնը։ Նման պայմաններու մէջ անոնց առաջին խաղերը, արկածախնդրութիւնները, սէրերն ու յոյզերը եղան օտար շրջապատի մէջ՝ հայկական ամէն արժէքներէ հեռու: Անոնց ականջը հայերէնէն աւելի լեցուեցաւ օտարին լեզուով եւ առանց զգալու նկատեցին, որ սկսած են խորհիլ ու արտայայտուիլ օտարին լեզուով ու մտայնութեամբ եւ օտարինը աւելի հարազատ սկսաւ թուիլ՝ քան սեփական լեզուն ու դիմագիծը:
Շատ մը գաղութներ նման մարտահրաւէրի մը դիմաց հիմնեցին միօրեայ հայկական վարժարաններ, կարծելով, թէ ամսուան մէջ չորս անգամ հայերէն լսել ու տեսնելով, օտարանալու դատապարտուած հայ զաւակները պիտի յաջողին պահել իրենց լեզուն ու դիմագիծը:
Շատեր պէտք է հասկնան, որ վարժարանը լոկ հայերէն լեզու սորվեցնելու չի՛ ծառայեր։ Վարժարանը, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին ունի դաս սորվեցնելէ շատ աւելի կարեւոր պարտաւորութիւն ու առաքելութիւն. սփիւռքի տարածքին մեր դպրոցները հայ աշակերտին այբուբենէն շա՜տ աւելի տալիք ունին:
Լաւագոյն օրինակը Լիբանանն ու Սուրիան են. ուսումնասիրելով այս գաղութները պիտի տեսնենք, թէ համեմատած այլ գաղութներու աւելի նուազ են օտար ամուսնութիւնները. մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ նոր սերունդը կը շարունակէ խօսիլ, արտայայտուիլ ու մտածել հայերէնով. Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տակաւին ժողովուրդը կը պահպանէ իր աւանդութիւնները, հոգեւոր ու ազգային բոլոր պարտաւորութիւնները եւ կը հաւատանք, որ այս բոլորին հիմնական պատճառը վարժարաններու գոյութիւնն է. այդտեղ հայ մանուկին առաջին ընկերները այլ հայերն են եւ այդ մէկտեղումն է որ կը շարունակէ զիրենք հայ պահել. անոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, մայրերն ու հայրերը եւ գրեթէ բոլո՛ր հարազատները հայեր են եւ նման մթնոլորտի մը մէջ միայն հայութիւնը կը պահպանուի:
Բախտաւորութիւն թէ դժբախտութիւն՝ չեմ գիտեր, սակայն առիթը ունեցած եմ Եւրոպայի մէջ դառնալ միօրեայ վարժարանի ուսուցիչ. հազարներ հաշուող գաղութին մէջ մի քանի հոգի էին միօրեայ վարժարան յաճախողները՝ մեծ մասամբ իրենց ծնողներու պարտադրանքով. հազիւ դասը վերջանար աշակերտները իրարու հետ կը խօսէին օտար լեզուով. հայը իր տարեկից հայուն հետ օտարին լեզուով կը հաղորդակցէր. ցաւ ի սիրտ, կը տեսնենք, որ նման պայմաններու մէջ ապրող ծնողները եւս իրենք զիրենք «պարտաւորուած» կը զգան օտար լեզուով արտայայտուելու, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ իրենց զաւակները օտար լեզուին աւելի՛ կը տիրապետեն՝ քան սեփական մայրենիին:
Այս բոլորին լոյսին տակ մեծագոյն դժբախտութիւն է տեսնել, որ սփիւռքի մէջ նոր դպրոցներ հիմնելու փոխարէն առ յաւէտ կը քանդենք եղածներն ալ։ Անցնող տասնամեակին քանի՜ դպրոցներ իրենց աշխատանքը դադրեցուցին. շատեր շահութաբեր պայմաններով վարձով տրուեցան օտարներու եւ այսպիսով հայ աշակերտը կամաց կամաց հեռացաւ իր դպրոցէն եւ դպրոցին հետ միասին մշակոյթէն ու հայու դիմագիծէն:
Մի քանի տասնամեակ ետք սփիւռքի տարածքին քանի՞ հայկական վարժարաններ պիտի ունենանք. մեր զաւակներէն քանի՞ն հայերէն պիտի խօսի... կը շարունակէ մնալ հարցական: Այսօր ներքին պայքարները մէկ կողմ դրած, կուսակցական ու յարանուանական ըսի ըսաւները մոռնալով լուրջ ձեւով պէտք է զբաղուինք մեր վարժարաններով, որովհետեւ օտարութեան մէջ հայու դիմագիծը պահելու եւ փրկելու միակ միջոցը մեր վարժարաններն են: Օրինակը պէտք է վերցնենք նախնիներէն. Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները հայերէն այբուբենը տարածելու համար հիմնեցին դպրոցներ եւ այդ դպրոցներու ճամբով է որ տարածում գտաւ հայ լեզուն եւ այդ դպրոցներու փոխանցած շունչով յաջողեցաւ աւելի քան հազարամեակ մը գոյատեւել։ Նոյն այդ դպրոցը պիտի յաջողի՞ օտարութեան մէջ ապրող մեր հայութիւնը հայ պահել, այլապէս մի քանի տասնեակ տարիներ... եւ մենք սփիւռքի մէջ գրեթէ հայ պիտի չունենանք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ճակատագիր գոյութիւն ունի՞:
Պատասխան. Ճակատագիր հասկացողութիւնը փիլիսոփայական հարց է, որ դարեր շարունակ քննարկուած է՝ առանց վերջնական պատասխան մը ունենալու: Ոմանք կը պնդեն, որ ճակատագիր գոյութիւն ունի, հաւատալով, որ մեր կեանքը կանխորոշուած է ճակատագրով կամ տիեզերքի բնածին բնոյթով: Սակայն անդին ուրիշներ կը պնդեն, որ մենք ունինք ազատ կամք եւ այդ կամքով կը ձեւաւորենք մեր սեփական կեանքն ու կը կայացնենք մեր ընտրութիւնները՝ մերժելով ճակատագրի գաղափարը: Հետեւաբար ճակատագրին գոյութիւն ունենալը եւ կամ չունենալը կախեալ է անձի համոզումներէն՝ նկատի ունենալով նաեւ անոր մշակութային, կրօնական եւ փիլիսոփայական ըմբռնումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան