Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, միջեկեղեցական կամ համաքրիստոնէական բնոյթով հարցերու առընթեր, Կիլիկեան Աթոռի Գահակալը Սրբազան Պապին հետ քննարկեց Ատրպէյճեանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակման հարցը։ Ան արծարծեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը միջազգային երաշխիքներով։
Ի լրումն այս բոլորին, Արամ Ա. եւ Ֆրանսիսքոս Ա. կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդման եւ երկրի նոր նախագահի ընտրութեան հարցերուն շուրջ։
Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024