Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները նախընթաց օր ուղեւորութիւն մը կատարեցին դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափը։ Այս ծիրէն ներս անոնք այցելեցին Ռումելիհիմարի Ս. Սանդուխտ եւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցիները։ Այս երկու փուլերուն ալ տղաքը թաղային խորհուրդներու ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։ Տղաքը վառ տպաւորութիւններ ունեցան այս պտոյտէն՝ մանաւանդ, որ եղանակն ալ արդէն ձեռնտու դարձած է բնութիւնը վայելելու։
Միւս կողմէ, դպրոցի նախակրթարանի բաժնի աշակերտներն ալ դաշտապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Եըլտըզի պուրակը։
Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024