ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովները եզրափակուեցան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ամփոփ հաղորդագրութիւնով մը։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան յառաջիկայ սեպտեմբերի 27-29-ին նախատեսուած Մայր Տաճարի վերաօծման, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւններուն եւ յարակից միջոցառումներու նախապատրաստման աշխատանքներուն վերաբերեալ խնդիրները։ Ընդգծուեցաւ, որ վերոյիշեալ արարողութիւններուն հրաւիրուած են միջեկեղեցական պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ վաստակաշատ ազգայիններ։

Նիստերու ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցավարչական, թեմերու գործունէութեան, կանոնական, իրաւական, կրթադաստիարակչական ոլորտներուն վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Բաց աստի, որոշուեցաւ 2025 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարել եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024