ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Միսաք Մեծարենց (1886-1908) իր մտերմական նամակները ընդհանրապէս ստորագրած է «Շաւասպ», որ իր գրական սկզբնաւորութեան շրջանի ծածկանունն է. Շաւասպ Ծիածան։
Ահաւասիկ, Մեծարենցի նմակներէն նմոյշ մը, տքթ. Օֆէլիա Տ. Գասապեանի ուղղուած։
Ազնիւ եւ սիրելի Օֆէլիա,
Դարձեալ ճառագայթի պէտք ունիմ, անգամ մըն ալ ծագեցնեմ մտքիս մէջ քու գաղափարիդ լոյսը՝ ու մօտենամ քաղցր ու սփոփարար հոգիիդ, ո՛վ ճառագայթ քոյրս, որովհետեւ այս առտուան բոլոր արփային ճառագայթներուն մէջէն քոյր մը չգտայ ինծի.- ամէնն ալ երջանիկ ու անտարբեր անցան սեղանիս հոգիին ու հոգիիս սեղանին վրայէն եւ որովհետեւ բոլոր քոյրերուն մէջէն ալ ճառագա՛յթ մը չգտայ որ հոգւոյս մթութիւնը լուսաւորէր…։
Թղթիկ մը ծրարեմ ըսի. որովհետեւ պէտք ունէի որ մանիշակագոյն տողերուս ընդմէջէն քու պատկերիդ կենսաւէտ ճառագայթո՛ւմը տեսնէի. չպիտի մոռնամ թէ դուն հաւատքի մը չափ քաղցր ու ամոքիչ ու կորովի նեցուկ մը եղար իմ գաղափարիս՝ որ կը գահավիժէր հայ աղջիկներու ապագային մասին կազմած յուսահատութեանս փոսին մէջ. դուն ճառագա՛յթ մը եղար, այդ փոսին վրայ. դուն ճառագա՛յթ մը եղար, այդ փոսին վրայ նշուլող ճառագա՛յթ մը։
«Լոյս» յօդուածդ կարդացի. օ՜խ, ի՛նչ հանգիստ՝ վերջապէս հայ աղջի՛կ մը՝ որ լուրջ ու գաղափարական բան մը գրելու կորովը կ՚ունենայ, փոխանակ մեղկ սարսուռներու մէջ օրօրուելու, փոխանակ հեշտախտաւոր թարգմանութիւններ ընելու, եւ պչրասիրական խաղտանքներ պտտցնելու հոգիներուն մէջ այն աղջիկներուն՝ որոնց իտէալն է պուպրիկներ ըլլալ, ո՞րն է այսօրուան քաղքենիներուն յատկանիշը. հագուի՞լ, երեւալ-չըլլալ. քիչ մնացեր էր որ շնչահեղձ ըլլայինք այդ վատառողջ կազերէն, վերջապէս այս հոսանքին մէջ ըլլալուն ջատագով մը կը հանդիսանաս դուն՝ ու ճիշդ վայրկեանին կը հասնիս բժշկելու։
Չկարծես թէ միակ յօդուածդ բաւական եղաւ ինծի՝ տպաւորութեանդ ենթարկուելու, այդ յօդուածը ինծի կը խոստանար ու երեւակայել կու տար. նմանօրինակ գրութիւններու ամբողջ շարք մըն է որ կ՚երեւակայեմ, ու մանաւանդ իրաւունք ունենալ կը կարծեմ սպասելու մէկէն՝ որուն մէջ բաւականէն աւելի զօրաւոր մնացած են բնազդները՝ հակառակ կարծեցեալ քաղաքակրթական շօշափումներու եւ փայփայանքներու։
«Ծիածան»ի կոյսը, աւա՜ղ, չէ կրցած փարատել հոգիիս վրայ ամպացող մթութիւնը՝ զոր ես՝ կենսաբաղձութեամբ ուռճացած ու տարածուած պատռտեցի նեղ վերարկուի մը պէս. իսկ դուն, օ՜հ, ինչպէս՞ կրնայիր նախանձիլ անոր՝ որ իրեն վիճակուած խեղճ դեր մը նոյնիսկ չկրցաւ կատարել, դուն՝ որ եթէ «Ծիածան»իս վրայ պտղող սեւ մելանի կաթիլը շոգիացնող ճառագայթը պիտի չըլլայիր, եղար այն կենսաւէտ ճառագայթը՝ որ անդադար «ծիածան»ներ կը յօրինէ հոգիիս արցունքներով՝ որ կը շոգիանա՜ն. կը շոգիանա՜ն. ի՜նչ փոյթ թէ ալ ծիածան չպիտի ունենամ՝ արցունք ունենալով. կը բաւէ ճառագայթ մը ունենալ՝ արեւին հասնելու։
Որքա՜ն տխուր կու գան ինծի քու եւ Տիգրանին համակրութիւնները՝ բանաստեղծութեանս մասին. ինծի՝ որ թերեւս հոգեկան շրջափոխումի վայրկեանի մը մէջ կը զգամ թէ ապաժամ ունայնութիւն մըն է ասիկա, զուարճասիրութեան վայրկեանի անպտուղ ծաղի՜կ մը, աւա՜ղ։
Կ՚երեւայ անհասկնալի բաներ կ՚ըսեմ. գիրս ալ չի՞ յայտներ արդեօք մտքիս տենդային վիճակը. անհասկնալի՜ բաներ. զարմանալի չէ որ «Ծիածան»իս մէջ ալ գտած ըլլաս անոնցմէ. որովհետեւ «Ծիածան» չէ ունեցած բաւականաչափ հասկնալի հանգամանք, այսինքն կենսական, հանրամատչելի, հոգեգրաւ յատկութիւններ. կայ «Ծիածան»ի մէջ ջերմութիւն մը՝ որ սակայն ամպերուն տակէն շողացող արեւին ջերմութիւնն է՝ ցուրտը զգացնող աւելի։ Իսկ Տիգրաննիս հրեշտակասիրտ կ՚անուանէ զիս. հրեշտակասի՞րտ. եթէ ուզէի ըլլալ պիտի չկարենայի. եթէ կարենայի ըլլալ պիտի չուզէի՜։
Անհասկնալի բանե՞ր. շատ ըսի՞ արդեօք. մէկ վայրկեանով հասկցանք զիրար՝ ու այդ մէկ վայրկեանն է զոր կ՚ապրինք տակաւին. ապրելու համար այդ վայրկեանը բաւական է թէեւ, բայց ինչո՞ւ չոսկեղօծել, եւ շուրջանակի չլուսաւորել զայն. ինչո՞ւ հոգեկան աչքին հետ մարմնաւոր աչքին ալ նայուածքներով չպայծառանայ - կը խորհի
Շաւասպը
1907
*
Սիրելի Տիգրան,
Կարդացի թոքախտի վերաբերեալ գիրքը, թոքախտը իր բոլոր նոպաները փորձեց իմ վրաս ու յաղթական ելաւ, արդէն կը քրտնէի, արիւն ալ փսխեցի, ուրեմն ամէն ինչ կատարեալ է. հազս շատ է, մեղմացուցիչ դեղ մը կ՚ուզէ նորէն…։
Շաւասպ
(Անթուական)
*
Ազնի՜ւ Օֆէլիա,
Նամակիդ թուականին կը մտածեմ. Յունի՞ս.- երկու ամիս մը եղաւ։ Անտարբերութիւն չէ, անհոգութիւն ալ չէ, ծուլութիւն ալ, այս հիւանդութիւնը. հապա, ինծի համար գոնէ գեղեցիկ քերթուած մը գրելու իտէալիս մէջ, լայն ու հանդարտ տրամադրութեան մը ապաւինելուս նմանող բան մը՝ պատասխանի այս ձգձգումը, այս հիւանդութիւնը։ Բայց հարկ կա՞ր, սիրելի՜, լեղի դեղահատով մը դարմանել փորձել այս հիւանդութիւնը։ Բայց կ՚ընդունիմ… բժիշկ ես, ուրախանալով նաեւ որ առանց ատոր իսկ, քանի օր առաջ պատրաստեր էի նամակս։ Այսքանը գոնէ ըսել ու շեշտել ուզեց՝
Շաւասպը
1907
*
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ եթէ մէկուն հոգեվիճակը եւ ընդհանուր կեանքը գիտնալ կ՚ուզէք՝ անոր իր մտերիմներուն հետ մտերմաբար խօսածներուն եւ գրութիւններուն պէտք է նայիք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024