ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն։ Կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին դպրոցէն ներս կազմակերպուած հանդէսը յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամները՝ մանաւանդ, որ այս դպրոցը բաց կը պահուի մեծ զոհողութիւններով ու գերմարդկային ջանքերով։

Շրջանաւարտութեան հանդէսին մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ գուրգուրանքով շրջապատեցին այս տարուան ընթացաւարտները։ Ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ տղաքը ստացան իրենց վկայականները, դափնեկիրներուն համար պատրաստուած էին նաեւ յաւելեալ յուշանուէրներ։

Ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած եւ յայտագրի գործադրութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ նոյն ոգեւորութիւնը շարունակուեցաւ՝ մինչ բոլորը այս տարուան շրջանաւարտներուն յաջողութիւն մաղթեցին ապագայ կրթական կեանքի համար։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024