ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՌՈՒԶԵՌ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 2024 թուականի ամրան խանդավառութիւնը սկսած է։ Անցեալ կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։ Կղզեբնակ հաւատացեալները մասնակցութիւն բերին այս Ս. Պատարագին, որ ձեւով մը եկաւ բնորոշել նոր եղանակին սկիզբը։

Միւս կողմէ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս եղանակին եւս կը ջանայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները համախմբել եկեղեցւոյ շուրջ։

Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնի պատարագէն վերջ բոլոր հաւատացեալները զիրար ջերմօրէն ողջունեցին եւ ուրախութիւն յայտնեցին հերթական անգամ կղզիի բարձունքին զիրար վերագտնելու կապակցութեամբ։ Անոնք արժանացան նաեւ ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամներու ջերմ վերաբերմունքին։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024