ԴԷՊԻ ՎԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԿԱԴՐԱԲԱՐ ՋՆՋՈՒԱԾ
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ այս տարուան արարողութիւնները ջնջուած են անվտանգութեան պատճառներով։ Վերջին տարիներուն ստեղծուած նախընթացին հիման վրայ՝ այս տարի Սեպտեմբերի 6-ին՝ Խաչի տօնին առթիւ ուխտագնացութիւն մը նախատեսուած էր դէպի Աղթամար։ Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով առկայ ահաբեկչական դէպքերն ու նահատակութիւնները, նաեւ Վանի մէջ ու մերձակայքին ձեռք առնուած անվտանգութեան միջոցները չխախտելու տրամադրութեամբ՝ որոշուած է այս տարուան ուխտագնացութիւնը յետաձգել։
Երէկ Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած այս տեղեկութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ հայկական զանգուածային լրատուական միջոցներուն մօտ։