ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼԻԿԻՆ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ։ Այսպէս, ֆութսալի յաջորդ ախոյեաններու լիկի կառուցուածքի ձեւաւորման տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Յաջորդ տարի Եւրոպայի ախոյեաններու լիկին մասնակցելիք ակումբները դասաւորուեցան՝ հինգ կողովներու ձեւաչափով։ Նկատի ունենալով, որ Շիշլիի ֆութսալի կազմը Թուրքիոյ մէջ անցեալ եղանակը եզրափակած է ախոյենութեամբ՝ յառաջիկայ համաեւրոպական մրցաշարքին պիտի մասնակցի նաեւ պոլսահայ ակումբը՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։ Շիշլիցիները երեք տարի իրերայաջորդ Թուրքիոյ մէջ ֆութսալի լիկի առաջինը հանդիսացան, ուստի երրորդ անգամ անընդմէջ ֆութսալի Եւրոպայի ախոյեաններու լիկին մէջ պիտի ներկայացնեն Թուրքիան։

Երէկուան վիճակահանութեան արդիւնքով Շիշլի տեղ գտաւ երկրորդ կողովին մէջ, ուր ընդհանուր առմամբ ութ խումբ կը գտնուի։ Առաջին կողովին մէջ ալ նոյն խումբով ակումբներ տեղ գտան։ Երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ կողովներուն մէջ յարաբերաբար աւելի նուազ թիւով խումբեր կը գտնուին։

Երէկուան առաջին դասաւորումէն վերջ, ախոյեաններու լիկի վերջնական վիճակահանութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ հինգշաբթի, երբ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեաններու լիկի որակաւորման փուլին խմբակցութիւններուն կազմերը յայտնի պիտի դառնան՝ ըստ երէկ ձեւաւորուած կողովներուն։ Այդ փուլին պիտի ճշդուի, թէ այս տարուան մրցաշարքի հիւրընկալը ո՛ր քաղաքը պիտի ըլլայ։

Հարկ է նշել, որ չորրորդ կողովի խումբերու շարքին է Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Երեւանի ֆութսալի ակումբը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024