ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
«Տէր, բարւոք է մեզ աստ լինել» (Մտ 17.4)
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն տեսակի արժէք, արժանիք, բարոյական արժէքներ, կրօնական աւանդութիւններ եւ սրբութիւններ, ընտանեկան եւ ամուսնական սրբութիւն, զաւակ-ծնող, ծնող-զաւակ յարաբերութիւն իրար անցած են, կորսնցուցած են չափն ու սահմանը: Այս բոլորին պատճառը մարդուն ԵՍԱՊԱՇՏ ու ԵՍԱԿԵԴՐՈՆ դառնալն է: Ճերմակը վերածուած է սեւի, բարին՝ չարի, մեծը՝ փոքրի, բարոյականը՝ անբարոյականի, մաքուրը՝ պիղծի, սուրբը՝ անսուրբի, եւ այսպէս շարունակ: Եթէ փորձենք պատճառ մը փնտռել այս բոլորին, ապա պատասխանը մէ՛կն է. մարդուն Աստուծմէ հեռանալուն հանգամանքը: Այսօրուան մարդը իր կեանքը կ՚ապրի առանց Աստուծոյ, Աստուծմէ հեռու, մերկացած Աստուծոյ ներկայութենէն, ինչի համար ամէն տեսակի այլանդակութիւն տեղ գտած է մեր կեանքէն ներս: Դարմա՞նը այս վիճակին. մարդուն պայծառակերպութիւնը, այլափոխութիւնը: Մարդ արարածը եթէ ներքնապէս, հոգեպէս չպայծառակերպուի, չայլափոխէ իր այսօրուան հասկացողութիւններն ու ապրումները, ապա այս վիճակը օր օրի ա՛լ աւելի պիտի խորանայ: Մինչ պայծառակերպուած մարդը հակառակ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու, կը պայքարի ստեղծուած իրավիճակին դէմ Աստուծոյ շնորհքով եւ օգնականութեամբ:
Վաղը, 7 յուլիս 2024-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ տաղաւար տօներէն՝ Պայծառակերպութեան տօնը: Այս առիթով, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի մէկ քարոզը, խօսուած՝ պայծառակերպութեան տօնին: Քարոզը վերնագրուած է՝ «Պայծառակերպութիւն» խորագիրով:
Պայծառակերպութեան տօնի ամիսն է յուլիսը:
Վստահաբար նախ կը մտածենք Քը-րիստոսի պայծառակերպութեան մասին: Այդ դրուագին որոշ, յատկանշական գիծերը անմիջապէս մարմին կ՚առնեն մեր միտքերուն մէջ: Կը յիշենք, թէ ինչպէս այն օրը Յիսուս Ինք առաւ Իր աշակերտներէն երեքը՝ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը եւ զանոնք Իր հետ տարաւ հանեց լերան մը բարձունքը, ուր կրնային առանձին ըլլալ եւ աղօթել: Եւ մինչ կ՚աղօթէր, Յիսուս այլակերպեցաւ, այսինքն՝ Իր դէմքը արեգակի փայլը ստացաւ եւ Իր հանդերձները լոյսի սպիտակութիւնը հագան: Եւ ահա աշակերտները տեսան Մովսէս ու Եղիա մարգարէները, որոնք Յիսուսի կողքին կանգնած՝ Անոր հետ կը խօսէին Իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին: Յափշտակութեան մէջ Պետրոս բացագանչեց. «Տէր, ի՜նչ լաւ է այստեղ, հո՛ս մնանք: Եթէ կ՚ուզես՝ երեք վրաններ կանգնենք հոս, մին Քեզի, իսկ միւսները Մովսէսի եւ Եղիայի համար»: Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը եկաւ ծածկեց աշակերտները եւ ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը. «Ատիկա է Իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ: Մտիկ ըրէք Անոր»: Աշակերտներ ահով երեսն ի վայր խոնարհութիւն կ՚ընէին, երբ Յիսուս մօտեցաւ, դպաւ անոնց ու ոտքի հանեց: Եւ տեսան, թէ Յիսուս առանձին էր:
Աւետարանական այս համառօտ պատումին մէջ խտացած է այլակերպութեան մեծ դրուագը: Անոր մէջ բաւական նիւթ կը գտնենք կրօնական մեր խորհրդածութեան համար:
1.- Նախ ինչ որ կը դիտենք այն է՝ թէ պատահաբար չէր որ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս Քրիստոսի հետ գտնուեցան կամ մնացին, այլ Յիսուս Ինք ԱՌԱՒ զանոնք եւ լեռ ՀԱՆԵՑ: Ինքն էր որ զանոնք առանձնացուց եւ Իր հետ լեռ առաջնորդեց մասնաւոր դիտումով: Շեշտը դրուած չէ ընտրուած անձերուն վրայ, թէ ինչո՛ւ այս երեքը եւ ոչ ուրիշներ: Շեշտը դրուած է Քրիստոսի կողմէ առնուելուն եւ լեռ հանուելուն վրայ:
Անմիջապէս ճշմարտութիւն մը կը յայտնուի: Թէ՝ Աստուած Ինքն է որ կ՚ընտրէ այն անձերը կամ անձը, որուն Ինքզինք պիտի յայտնէ կամ Իր յայտնութիւնը պիտի ընէ: Այդ յայտնութիւնը տեղի չ՚ունենար մեր կամքով կամ փափաքով: Ինչպէս այս դէպքէն քիչ մը առաջ, Պետրոսի խոստովանութեան առիթով Քրիստոս Ինք պիտի ըսէր. «Մարմինը եւ արիւնը չէր որ ատիկա քեզի յայտնեցին, այլ Հայրս որ երկինքն է» (Մտ 16.17): Աստուած Ինք կ՚ընտրէ անձը եւ այն պահը, երբ Իր յայտնութիւնը պիտի տայ, եւ ըստ այնմ ալ կ՚առաջնորդէ կամ կը պատրաստէ ենթական, ինչպէս Յիսուս Իր աշակերտները առաջնորդեց դէպի լեռ:
2.- Քրիստոս Իր առաքեալները հանեց լեռ, ուր կրնային առանձին ըլլալ: Այստեղ ունինք լեռ բարձրացումը եւ առանձնանալու պահանջքը: Խորհրդանշական բան մը կայ այս լեռ բարձրացումին մէջ: Աստուծոյ յայտնութիւնը անպայմանօրէն լերան մը բարձունքին չի տրուիր կամ չի կատարուիր: Բայց միաժամանակ ասիկա խորհրդանշական յիշեցում մըն է, թէ մարդս Աստուծոյ յայտնութիւնը վայելելու համար պատրաստուած պէտք է ըլլայ մարմինով թէ հոգիով: Բարձրացումը այստեղ՝ վերացումն է մարդուն, ո՛չ թէ այլաբանօրէն, այլ իրական ու վաւերական կերպով վեր ըլլալը ամէն բանէ, որ ստորին է, մեր մարմինը, միտքն ու հոգին կաշկանդող ու սահմանափակող: Զգացումներու եւ մտածումներու մաքրութեան բարձրունքն է անիկա, առաքինութեան սանդուխներով աստիճանաբար վեր տանող: Հոն հասնողը արդէն առանձնացած կ՚ըլլայ ինքնաբերաբար, հեռացած կ՚ըլլայ զինք շրջապատող, իր ուշադրութիւնն ու միտքը գրաւող երեւոյթներէն ու դէմքերէն եւ կրնայ առանձնութեան մէջ գտնել իր կապն ու մտերմութիւնը Աստուծոյ հետ:
3.- Յիսուս այլակերպեցաւ աղօթքի պահուն: Որպէս մարդ՝ Քրիստոս Իր մարմնով պայծառակերպուեցաւ աղօթքի պահուն: Անիկա սովորութիւն ըրած էր յաճախ առանձնանալ եւ աղօթել, երբեմն աղօթել Իր աշակերտներուն հետ միասին: Բայց պայծառակերպութեան այս դրուագին աղօթքի կապուած ըլլալը նոր եւ առանձին դաս մըն է աղօթքի մասին: Ան Իր աշակերտներուն եւ մեզի կը սորվեցնէր, թէ ի՛նչպիսի փոխակերպող ուժ է աղօթքը մարդու մը կեանքին մէջ: Եւ երբ մարդ յաջողի իսկապէս առանձնանալ եւ Աստուծոյ հետ իր կապն ու մտերմութիւնը գտնել՝ ինքզինք գտած կ՚ըլլայ Աստուծոյ ափին մէջ, եւ Աստուծոյ ստեղծագործ ձեռքին հպումը իր մէջ կը կերտէ նոր մարդը, ամբողջութեամբ փոխակերպուած, լուսազարդուած, պայծառացած:
4.- Յիսուս այլակերպեցաւ աշակերտներուն առջեւ: Առաքեալներու աչքին Յիսուսի կերպարանքը փոխուեցաւ յանկարծ: Դէմքը արեւու փայլը ստացաւ, հանդերձները՝ լոյսի պայծառութիւնը: Եւ յատկանշական է, որ Պետրոս ու Յակոբոս եւ Յովհաննէս չկրցան այդ լոյսին դիմաց բաց պահել իրենց աչքերը եւ գետին ինկան ահով: Ոչ մէկ մարմնաւոր մահկանացու կրնայ տեսնել զԱստուած Իր իսկութեանը մէջ: Աստուածախօս մարգարէն իսկ, Մովսէս, երբ ուզեց Աստուծոյ փառքը տեսնել, Աստուած ըսաւ. «Դուն Իմ երեսս չես կրնար տեսնել, որովհետեւ մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ» (Ելք 33.20): Աստուածորդին, որ Աստուծոյ փառքին ճառագայթն է (Եբր 1.3) մարմին առաւ, այսինքն ծածկեց Իր փայլատակող փառքը, Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով հանդերձ կամաւորաբար Ինքզինք ունայնացուց եւ ծառայի կերպարանք առաւ (Փլպ 2.6-7), որպէսզի կարենայ մարդոց մէջ ապրիլ, որովհետեւ այլապէս մարդիկ պիտի չկարենային տանիլ Անոր լոյս ներկայութիւնը: Եւ ահա այսօր Իր մարմնին մէջ իսկ Ինքզինք կը յայտնէ որպէս Աստուծոյ փառքին ճառագայթը, Ինքզինք կը յայտնէ որպէս Որդի Աստուծոյ:
Բայց կայ նաեւ աւելին: Կարծէք Քրիստոսի նպատակը ո՛չ միայն Իր մարմինին մէջ Աստուծոյ փառքը յայտնել է, այսինքն Իր Աստուածութեան սոսկական ապացոյցը տալ, այլ կ՚ուզէ նաեւ սորվեցնել մեզի՝ թէ մենք եւս Իր երկրորդ գալուստին մեր մարմիններով պիտի փոխակերպուինք եւ Իրեն նման պիտի ըլլանք (Ա. Յհ 3.2), աստուածային լոյսին փառաւորութիւնը հագնելով: Քրիստոս երկրաւոր Իր կեանքը Իր բոլոր մանրամասնութիւններով որպէս օրինակ կու տայ մեր կեանքին եւ մեր ըլլալիքին: Ուստի եւ Իր պայծառակերպութիւնը աստուածային փառքի յայտնութեան կողքին նաեւ պատկերացումն է մեր պայծառակերպութեան, ներկայ թէ հանդերձեալ կեանքին մէջ:
5.- Այլակերպութեան պահուն յայտնուեցան Հին կտակարանի երկու մեծ մարգարէները՝ Մովսէս եւ Եղիա: Երկուքն ալ բացառիկ հանգամանքով, զօրաւոր դէմքեր են եւ Աստուծոյ դատին նախանձաւոր պաշտպանները: Մին Օրէնքի միջնորդ տուիչն է, միւսը կենդանի Աստուծոյ ոգեղէն ներկայութեան թարգմանը: Պայծառակերպութեան պահուն անոնց ներկայութիւնը կարծէք կենդանի վկայութիւնն է Հին կտակարանին: Մովսէսէ սկսեալ բոլոր մարգարէներ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը ցոյց կու տային Օծեալ Մեսիայի մը ձեռամբ: Եւ հիմա Քրիստոսի ցոյց տուած աստուածային գործերու վկայութեան հետ Անոր աստուածային հանգամանքին եւ առաքելութեան վկայելու կու գան Օրէնքն ու մարգարէութեան ոգին: Երկուքն ալ այս աշխարհէն կենդանի յափշտակուած՝ հիմա կու գան վկայելու յաւիտենական կեանքին՝ Քրիստոսի մասին, որ Հօրը քով էր եւ մեզի յայտնուեցաւ (Ա. Յհ 1.2): Պայծառակերպուած Տիրոջ կողքին անոնց ներկայութիւնը յաւելեալ յիշեցում մըն է, թէ մենք եւս կոչուած ենք նոյն պայծառակերպութեան հաղորդ դառնալու:
6.- Յատկանշական արտայայտութիւն մըն է Պետրոսի խօսքը. «Տէր, ի՜նչ լաւ է այստեղ, հո՛ս մնանք»: Յափշտակութեան պահու մը արտայայտիչն է անիկա: Թաբոր լերան այդ կատարին որպէս բնական միջավայր ոչինչ կար այնքան գրաւիչ, որ Պետրոսի մէջ արթնցնէր փափաքը՝ հոն մնալու, թերեւս ընդմիշտ: Իրողութիւնը այն է՝ որ Քրիստոսի պայծառակերպուած ներկայութիւնը, աստուածային ներկայութիւնը պահու մը համար յաւիտենականին ճաշակը կու տար առաքեալներուն, եւ այդ լոյս ներկայութիւնը ա՛յնքան ցանկալի էր եւ առինքնող, որ մարդկային կեանքի բոլոր պայմանները կը մոռցուէին այնտեղ այդ վայելքին դիմաց: Աստուծոյ կոխած տեղը երկիրը երկինքի կը փոխուէր, լերկ լեռը դրախտ կը թուէր եւ Պետրոս կ՚ուզէր ընդմիշտ այդ ներկայութիւնը վայելել այնտեղ:
7.- Ի վերջոյ, եզրափակող տարրն է լուսեղէն ամպը, որ կը ծածկէ Աստուծոյ փառքը աշակերտներու տեսողութենէն, եւ որուն մէջէն կու գայ դարձեալ Հօր Աստուծոյ վկայութիւնը. «Ատիկա է Իմ սիրելի Որդիս որուն հաճեցայ: Մտիկ ըրէք Անոր»: Նոյն այն վկայութիւնը, որ լսելի եղած էր մկրտութեան ատեն: Աստուածային տեսիլներու եւ յայտնութեանց մէջ շատ յաճախ ներկայ տարր մըն է ամպը, որ բացուող ու փակուող վարագոյրի մը պէս կարծէք երկինքի ու երկրի սահմանազատումը կ՚ընէ: Սահմանազատումը ժամանակաւորին ու յաւիտենականին: Եւ Քրիստոսի պայծառակերպուած տեսիլքին վրայ եւս կ՚իջնէ ամպեղէն այդ վարագոյրը, կարծէք թելադրելով մտածել Պօղոս առաքեալի բառերով. «Ինչ որ հիմա տեսանք՝ հայելիի մէջ տեսնուած աղօտ պատկեր մըն էր. բայց յետոյ պիտի տեսնենք երես առ երես» (Ա. Կր 13.12):
Քրիստոսի պայծառակերպութեան դրուագին այս վերլուծումը մտածել կու տայ մեզի հետեւեալ կէտերուն մասին.
ա.- Ամէն տօն նպատակ ունի տօնախմբութեան մաս առնող անհատները մասնակից դարձնել տօնին էութեան: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր տօնի նպատակն է իր ներկայացուցած խորհուրդը, իրմով փառաբանուած գաղափարականը վերամարմնաւորուած տեսնել իւրաքանչիւր անհատ հաւատացեալի անձին վրայ կամ անոր կեանքին մէջ: Առանց այս արդիւնքին տօնախմբութիւնը վրիպած կ՚ըլլայ իր նպատակէն եւ պարպուած իր իմաստէն: Մինչ տօն մը «կենդանի» կ՚ըլլայ եւ իմաստալից՝ երբ տօնախմբողին կեանքին մէջ տեղ գրաւէ, ներգործող ուժականութիւն դառնայ:
բ.- Քրիստոս պայծառակերպուեցաւ, որպէսզի պայծառակերպող Իր լոյսին ճառագայթները իյնան նաեւ բոլոր մարդոցս վրայ: Որպէսզի մենք եւս այժմէն պայծառակերպուինք՝ լուսաւորուած միտքով, հաւատքի ջահով լուսաւորելով մեր կեանքը եւ միշտ Աստուծոյ լոյսին մէջ քալելով, մեր կեանքը դարձնելով հարազատ պատկերը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին, որպէսզի այս անգամ մեր կեանքին ու գործերուն հայելիին մէջէն մարդիկ կարենան Աստուծոյ պատկերն ու Աստուծոյ գործերը ճանչնալ ու զայն փառաւորել:
գ- Որքան անհատ մարդուն, նոյնքան անհրաժեշտութիւն է, մանաւանդ մեզի համար, մեր համայնական, ազգովին պայծառակերպութիւնը: Անհատական պայծառակերպութիւնը պայման է ու միաժամանակ սկիզբը կրնայ ըլլալ ազգային հաւաքական այդ պայծառակերպութեան: Ժողովուրդ մը անհատներէ կը կազմուի, եւ ուստի պայծառակերպուած անհատներ շատ բան կը փոխեն եւ շատ բան կրնան ընել իրենց ժողովուրդի պայծառակերպումին համար: Իսկ ժողովուրդի մը պայծառակերպութիւնը կը հասկնանք՝ որպէս
1) ԿԵՆՑԱՂՈՎ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒՄ: Աշխարհի բազմազան ժողովուրդներու այլատեսակ բարքերու եւ ըմբռնումներու բաւիղէն դուրս գալ, ԱՌԱՆՁՆԱՆԱԼ եւ մեր ներքին ճակատի ամրութիւնն ու միութիւնը ամէն բանէ առաջ խարսխել բարոյական զօրաւոր ըմբռնումներու եւ հաւատքի վրայ, ընտանեկան թէ ընկերային յարաբերական կեանքի առանցք դարձնելով զանոնք:
2) ՄԻՏՔՈՎ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒՄ: Անհատական եւ հատուածական նեղ հասկացողութիւններու եւ շահերու կաշկանդումներէն դուրս գալ, պատուարը յաղթահարել եւ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ նոր մակարդակի մը, որ ազգային-ընդհանրական նպատակի մը եւ շահերու հասարակաց գիտակցումն է՝ լուսաւոր, առողջ հասկացողութեամբ:
3) ԳՈՐԾՈՎ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒՄ: Բարձրագոյն այդ նպատակի եւ անոր հրամայական պահանջներու լոյսին մէջ դիտել բոլոր հին գործելակերպերը եւ զանոնք փոխել, ԱՅԼԱԿԵՐՊԵԼ նոր ոգիի առաջնորդութեամբ, զանոնք ո՛չ միայն նոր ու ցանկալի, այլեւ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ աւելի ազդու եւ նպատակասլաց դարձնելու համար, լուսաւոր գործունէութեան մը սանդուխներով բարձրանալու եւ հասնելու համար համազգային պայծառակերպուած կեանքի գոյավիճակին եւ համազգային իրաւունքներու անտեղիտալի հետապնդումին:
Այն ատեն տօնը կը դադրի եկեղեցւոյ ծիսական նեղ սահմանին մէջ պարփակուած կարգ մը ըլլալէ, եւ կը դառնայ մեր պատկերը արտացոլացնող հայելին, իսկական պայծառասիրտ տօնախմբութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024