ՄԱՆԿԱՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԿՐՏԵԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ. ՆՈՐ ԳԻՐՔ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ լոյս տեսած է ուշագրաւ եւ կարեւոր գիրք մը՝ «Մանկամկրտութիւն. ինչո՞ւ պէտք է մկրտել մանուկները» խորագրով: Գիրքը կազմած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան, որ միշտ կարեւորութիւն կու տայ այս հարցին եւ զանազան առիթներով ալ կը պարզաբանէ մանուկներու մկրտութեան կարգը: Այս անգամ ան նման կարեւոր գիրք կազմած է՝ յենլով բազմազան աղբիւրներու վրայ:
Մեր կեանքին մէջ մեծ տեղ գրաւող այս խորհուրդը՝ մանկամկրտութիւնը, թէեւ դարերու պատմութիւն ունի, սակայն ներկայ ժամանակներուն երբեմն հարցումներ կը յառաջացնէ մանուկները մկտրել փափաքող ծնողքի, հարազատներու մօտ՝ մասնաւորապէս՝ ո՞ր տարիքին մկտրել երեխան, ինչո՞ւ մկտրել մանուկը վաղ տարիքին, երբ ան անհրաժեշտ գիտակցութիւնը չունի: Կամ՝ արդեօք մանկամկրտութիւնը դէ՞մ չէ մարդու ազատ կամքին, քանզի մանկան փոխարէն ծնողքը կ՚որոշէ: Այսպիսի եւ նման բազմաթիւ հարցումներու անդրադարձած է Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան գիրքին մէջ՝ ներկայացնելով նաեւ, թէ ի՞նչ է առհասարակ մկրտութիւնը եւ ինչպէ՞ս եկեղեցւոյ վարդապետներն ու հայրերը կը բացատրեն մանկամկրտութեան անհրաժեշտութիւնը:
Մկրտութեան խորհուրդը ան ներկայացուցած է իբրեւ անկրկնելի, նուիրական պահ մը՝ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէջ, որ կը կատարուի մէկ անգամ:
«Սուրբ Մկրտութիւնը կը կոչեն նաեւ «վերստին ծնունդ», քանզի Եկեղեցւոյ Ս. Աւազանէն ծնելով՝ մարդ կ՚ուխտէ իր նախկին կեանքը փոխել եւ նորը ապրիլ արդէն Քրիստոսով եւ հետեւիլ աւետարանական ճշմարտութիւններուն: Ճիշդ է՝ քրիստոնեան Ս. Մկրտութենէն յետոյ ալ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մեղքեր կը գործէ, բայց ատկէ ազատուելու համար ոչ թէ պէտք է վերամկրտուիլ, որ ծանր մեղք է, այլ ապաշխարութեան խորհուրդի միջոցով վերականգնուիլ Ս. Մկրտութեամբ ստացած Ս. Հոգիի զանազան շնորհներուն մէջ: Ուստի, Եկեղեցին կը յորդորէ այս խորհուրդին մօտենալ գիտակցաբար, երկիւղով, ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ՝ զգալու եւ վայելելու Ս. Մկրտութեան կենդանարար խորհուրդի բարերար ազգեցութիւնն ու աստուածային շնորհներու հեղումը», կը գրէ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան՝ գիրքին նախաբանին մէջ:
ՄԱՆԿԱՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Խօսելով մանկամկրտութեան կարեւորութեան մասին՝ գիրքին հեղինակը կը գրէ, որ կանոնական տեսանկիւնէ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ ընկալեալ աւանդութեան համաձայն՝ նորածին մանուկը կարելի է մկրտել ութ օրական ժամանակ, եթէ խանգարող հանգամանքներ չկան: Իսկ մահուան սպառնալիքի կամ անյաղթահարելի ուժի պարագային՝ Ս. Մկրտութիւնը կարելի է աւելի շուտ կատարել:
Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, որ մեր Եկեղեցւոյ Մկրտութեան Ս. Աւազանները փոքր են, ինչ որ կը փաստէ, թէ մեր նախնիք դարերով հետեւած են Եկեղեցւոյ յորդորին եւ երեխաները մկրտած նորածին հասակին:
ԿՆՔԱՀԱՅՐԸ
Այս ճանաչողական գիրքին հեղինակը կ՚անդրադառնայ կնքահայրութեան՝ յիշեցնելով, որ Եկեղեցին սահմանած է կնքահայրութիւնը որոշ նպատակով մը, իսկ կնքահայրը կոչած է իբրեւ մկրտուողի հոգեւոր ծնող ու դաստիարակ, իբրեւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան ժամանակ անոր հաւատքի երաշխաւորն ու վկան: Այսպէս կը բացատրէ. «Ուստի Եկեղեցւոյ ցանկութիւնն ու յորդորն է, որ երեխան մկրտուի փոքր տարիքին, որպէսզի չզրկուի աստուածային շնորհներէն ու Տիրոջ պահպանութենէն՝ հասակ առնելով քրիստոնեայ ընտանիքին եւ միջավայրին մէջ: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ երեխայի ծնողքի կարեւոր դերակատարութեան մասին: Անոնք ոչ միայն պարտաւոր են իրենց զաւակները դաստիարակել, կրթել, սնել, խնամել, մեծցնել, յագցնել եւ հոգալ միւս կարիքները, այլեւ մտածել անոնց հոգեմտաւոր աճի մասին»:
Մանկամկրտութեան մասին այս գիրքը կազմողը անդրադարձած է նաեւ մանկամկրտութեան սուրբգրային հիմնաւորումներուն, որոնք կ՚ապացուցեն մանկամկրտութեան անհրաժեշտութիւնն ու գործնական կիրառութիւնը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ:
Բազմաթիւ սուրբգրային օրինակներ բերելով՝ հեղինակը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ շնորհը նաեւ մանուկներու համար է՝ անկախ անոնց գիտակից եւ նոյնիսկ չծնած ըլլալու հանգամանքէն: Նոյն կերպ, ան մանկամկրտութեան մասին հայրաբանական արժէքաւոր վկայութիւններ կը բերէ գրքոյկին մէջ, նշելով, որ Եկեղեցւոյ հայրերն ու եկեղեցական հեղինակները այս երեւոյթը կը բացատրեն առաւելաբար փրկագործութեան տեսանկիւնէ՝ հաստատելով նաեւ, որ Եկեղեցիին անդամագրուելու ճանապարհի սկիզբը Ս. Մկրտութեան խորհուրդն է:
Ամփոփելով հայրաբանական վկայութիւնները՝ հեղինակը բացառած է հետեւեալ կարեւոր մատնշումները.
1. Մանուկներն ալ բոլորի նման կը ծնին ադամական մեղքով, իսկ այն կը սրբուի միայն Ս. Մկրտութեամբ:
Ս. Գրքի համաձայն՝ Աստուած բոլոր մարդիկ ստեղծած է Իր պատկերով եւ նմանութեամբ, այսինքն՝ ազատ կամքով, անմահ հոգիով եւ ընտրելու հնարաւորութեամբ: Մարդ այդ նոյն աստուածապարգեւ ազատ կամքով պատուիրանազանց գտնուեցաւ, մեղք գործեց, որն ալ դարձաւ ամբողջ մարդկութեան ողբերգութիւնը: Ադամի մեղանչելէ յետոյ ոեւէ մէկը առանց մեղքի չի ծնիր, այդ կարգին նաեւ՝ երեխաները: Ուստի ադամական մեղքէն մաքրուելու այլ ճանապարհ չկայ, քան՝ մկրտուիլը:
2. Մանուկը չափահասի նման կատարեալ մարդ է՝ ծնած Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ, որ նոյնպէս փրկութեան կարիք ունի: Իսկ փրկութեան ճանապարհի սկիզբը Ս. Մկրտութիւնն է:
3. Մանուկները իրենց բնութեամբ տկար են, թոյլ եւ միշտ վաղաժամ մահուան վտանգը կայ օդին մէջ կախուած: Ցաւօք, զանազան պատճառներով բոլորը չեն հասնիր չափահասութեան, ուստի պէտք չէ ուշացնել Ս. Մկրտութիւնը՝ քրիստոնեայ դառնալն ու Եկեղեցւոյ անդամագրուիլը: Ուղղադաւան միւս եկեղեցիներու նման Հայոց Եկեղեցին ալ կը յորդորէ ծնողքին՝ անպայման մանուկ հասակին մկրտել իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք զրկուած չըլլան Ս. Մկրտութեան շնորհէն ու Աստուծոյ օրհնութենէն:
4. Մարդ այս կեանքին մէջ անընդհատ կը փորձուի սատանայի կողմէն, իսկ Ս. Մկրտութիւնը կը պաշտպանէ այդ ամենէն: Դառնալով քրիստոնեայ եւ Քրիստոսի անյաղթ բանակի անդամ՝ մարդ ունակ է ոչ միայն ամբողջապէս վայելելու Տիրոջ օրհնութիւնն ու աստուածային շնորհները, այլեւ ընդդիմանալ նոյն սատանային եւ դիւական զօրութիւններուն:
ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԱԶԱՏ ԿԱՄՔ
Որքան ալ զարմանալի է՝ կան մանկամկրտութեան ընդդիմախօսներ, որոնք կը պնդեն, թէ հաւատքը անհրաժեշտ նախապայմանն է Ս. Մկրտութեան համար: Հայր Զաքարիա այս բոլոր ընդդիմախօսութիւնններուն պատասխանելով, մէջբերումներ կատարելով եւ հիմնաւորելով վաղ տարիքի մկրտութիւնը՝ կը հաստատէ, որ այդ մէկը պէտք է ընել՝ մեր զաւակներու յաւիտենական կեանքի համար, զանոնք պէտք է մկրտել վաղ տարիքին, որպէսզի անոնք ալ մեծահասակներուն նման վայելեն Եկեղեցիին մաս կազմելու եւ քրիստոնեայ ըլլալու բերկրանքը: Անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ մանուկը կը մկրտուի ծնողքի եւ կնքահօր հաւատքի շնորհիւ, որոնք Աստուծոյ առաջ կը պարտաւորուին այդ երեխային մեծցնել ու դաստիարակել Ս. Աւետարանի պատգամներով, Հայոց Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեամբ, աւանդոյթներով՝ իրենց կենցաղավարութեամբ եւ քրիստոնէավայել կեանքով օրինակ դառնալով մանուկին:
Ազատ կամքի մասին գրելով՝ հեղինակը կը նշէ, որ ճիշդ է, մանուկն ալ ազատ կամք ունի, բայց քանի տակաւին չէ մեծցած, կենսափորձ ձեռք չէ բերած, չափահաս չէ դարձած, անոր փոխարէն որոշումներ կ՚ընդունի ծնողքը: Իբրեւ օրինակ կը նշէ. «Նորածին մանուկը չի գիտեր եւ չի գիտակցիր մայրական կաթին կարեւորութիւնը՝ իր աճի համար, բայց առանց ատոր ալ չի կրնար աճիլ: Երբ երեխան կը հիւանդանայ, ծնողքը զայն կը խնամէ, դեղեր կու տայ՝ առանց կշտամբելու, թէ նախ մեծցիր, բժշկական գիտելիքներ ամբարէ, հասկցիր՝ ինչպէ՛ս կը գործէ մարմինդ, այն ատեն միայն կրնաս ընդունիլ այս կամ այն դեղը:
Կամ երեխան որոշ տարիքի մը պէտք է դպրոց երթայ, բայց ծնողքը անոր չ՚ըսեր՝ քիչ մը մեծցիր, այն ատեն կ՚որոշես՝ երթա՞լ, թէ՞ չերթալ:
Ծնողքի պարտականութիւնը միայն զաւակ ունենալը չէ, այլեւ՝ զայն խնամելը, անոր ճիշդ ուղին ցոյց տալը եւ ամենակարեւորը՝ անոր համար կեանքի օրինակ դառնալը:
Եթէ ծնողքը կը մտածէ եւ ամէն ջանք կը գործադրէ իր զաւկը յագցնելու, անոր նիւթական կարիքները բաւարարելու համար, ապա որքան առաւել անհրաժեշտ է խորհիլ եւ քայլեր ընել երեխայի հոգեւոր կեանքը կանոնակարգելու, զօրացնելու ուղղութեամբ՝ մանուկ հասակին մկրտելով, Աստուծոյ առաւել մօտեցնելով, Ս. Գիրքը անոր համար ընթերցելով եւ եկեղեցի առաջնորդելով»:
Կեանքի մէջ կան նաեւ ցաւալի դէպքեր, ինչպէս՝ օրինակ, մանուկի մահը, եւ հեղինակը այս առումով կը նշէ, որ ցաւօք, ծնողքը յաճախ մանկամկրտութեան կարեւորութիւնը կը գիտակցի այն ժամանակ, երբ զաւակը անկնունք կը մահանայ: Անխօս՝ երեխայի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ է իւրաքանչիւր ծնողի համար: Նման պարագաներուն անոնք կը հարցնեն հոգեւորականներուն, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց զաւակներուն հետ՝ փորձելով մխիթարութեան, սփոփանքի նշոյլ գտնել: Իբր այդ գիրքին մէջ կը նշուի հետեւեալը.
«Անկնունք մանուկներու վերաբերեալ միասնական կարծիք չկայ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցւոյ հայրերը եւ վարդապետները նոյնպէս շատ զգուշաւոր են՝ խորհուրդ տալով վերջնական դատաստանը ձգել Աստուծոյ: Անոնց մէկ մասը կը կարծէ, թէ մանուկները իրենց անմեղութեամբ եւ պարզութեամբ Աստուծոյ բաժինն են: Անոնք ոչ թէ պիտի դատապարտուին յաւիտենական տանջանքներու, այլ պիտի վայելելեն երանութեան մէկ տեսակ, որուն մէջ հակառակ որ չկան տանջանքներ, բայց նաեւ կը բացակայի դրախտային երանական կեանքը: Եկեղեցւոյ յորդորն է՝ մշտապէս աղօթել իրենց զաւակներուն համար՝ հայցելով Տիրոջ ողորմածութիւնն ու գթութիւնը»:
Ահա ինչու՝ նման դէպքերէ խուսափելու համար հեղինակը խորհուրդ կու տայ ծնողքին՝ չուշացնել երեխաներու՝ հնարաւորինս կանուխ մկրտուիլը:
ՄԱՆԿԱՆ ՄԻՒՌՈՆԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ
Գիրքին մէջ տեղ յատկացուած է նաեւ միւռոնահանութեան, իբրեւ գեղեցիկ բարեպաշտական սովորոյթի մը, որով կրկին կը շեշտուի մեր ժողովուրդի յարգանքը՝ սրբալոյս միւռոնի հանդէպ: Հեղինակը իբրեւ այս ակնածանքի վկայութիւն կը բերէ նաեւ երեք օր չլուացուելու ժողովրդական աւանդոյթը, որ այժմ նոյնպէս նախընտրելի է պահպանել: Այս առումով ան մատնացոյց կ՚ընէ հետեւեալը.
«Մեկնելով ժամանակի եւ մաքրագիտութեան պահանջներէն, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով չափահաս մկրտուածի ուսանող կամ ծառայութեան մէջ ըլլալը, աշխատանքի բնոյթը եւ այլ հանգամանքներ՝ Եկեղեցին կ՚արտօնէ մեռոնահանութիւնը կատարել աւելի կանուխ կամ ուղղակի եկեղեցւոյ մէջ՝ Ս. Մկրտութեան արարողութենէն յետոյ, հոգեւորականի օգնութեամբ: Նոյնը կիրառելի է նաեւ մանկան պարագային: Պէտք չէ ծայրայեղութեան մէջ իյնալ եւ միշտ յիշել, որ նոր քրիստոնեան միւռոնէն հանելու այս սովորոյթը ժողովրդական է եւ ոչ՝ վարդապետական հիմնախնդիր:
Մանուկ մկրտեալի պարագային միւռոնահանութիւնը սովորաբար կը կատարուի տունին մէջ՝ քահանայի կամ կնքահօր, անոր կնոջ եւ հարազատներու մասնակցութեամբ: Եթէ քահանան կը բացակայի, ապա զայն կը կատարէ կնքահայրը կամ անոր կինը: Վերջիններուս բացակայութեան պարագային այն կարող է ընել երեխայի ծնողքը:
Միւռոնահանութեան ժամանակ պէտք է վերցնել ջուրով լեցուած մաքուր աման, միասին բարձրաձայն ըսել «Հայր մեր»ը, լուալ երեխայի միւռոնուած բոլոր մասերը, ապա այդ ջուրը լեցնել մաքուր տեղ մը, որպէսզի այն ոտնակոխ չըլլայ: Ատկէ ետք կարելի է նաեւ երեխան լոգցնել»:
Ներկայացնենք գիրքէն այլ գործնական խորհուրդներ եւս.
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
ԶԱՔԱՐԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ
Ս. Մկրտութեան արարողութեան համար անհրաժեշտ է եկեղեցի տանիլ հետեւեալ պարագաները.
Խաչ նարօտով. Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ նիւթէ (ոսկի, արծաթ, այլ մետաղ, փայտ) պատրաստուած է խաչը, էականը խաչի օրհնուած ըլլալն է: Խորհուրդ կու տանք Ս. Մկրտութեան համար գնել խաչի հայկական տարբերակը, որ յաճախ կը կոչեն նաեւ «ծաղկեալ խաչ»: Իսկ նարօտը հիւսուած կ՚ըլլայ կարմիր եւ ճերմակ թելերէ, որ սովորաբար կ՚ըլլայ եկեղեցիներու մէջ: Ս. Մկրտութենէն յետոյ զայն կը փոխարինեն շղթայով, իսկ նարօտը որպէս յիշատակ կը պահեն:
Երկու մոմ. Այժմ ընդունուած է եկեղեցի տանիլ երկու ճերմակ մոմ, իսկ միջնադարին ատոնք կարմիր եւ կանաչ գոյնի էին:
Մաքուր անձեռոց մը. Այն յետոյ կարելի է գործածել միւս մկրտութիւններու ժամանակ կամ պահել որպէս բարի յիշատակ:
Նոր զգեստ. Զգեստափոխութիւնը Ս. Մկրտութեան ծէսի անբաժան մասն է, որ կը կատարուի երեխայի մարմնի զանազան հատուածները միւռոնով դրոշմելէ յետոյ: Ուստի, մանուկը եկեղեցի պէտք է տանիլ ոչ թէ արդէն նոր զգեստով, այլ զայն պահել՝ արարողութեան ժամանակ փոխելու համար:
Վաղնջական աւանդութիւն է մանուկին հագցնել ճերմակ զգեստ, որ կը խորհրդանշէ մկրտուածի անմեղութիւնն ու մաքրութիւնը, լուսաւոր վարքն ու պայծառ հաւատքը, ինչպէս նաեւ՝ Քրիստոսով սուրբ եւ նոր կեանքը:
ԱՆՈՒԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Գործնական, կարեւոր հարց է նաեւ անուանադրութիւնը: Այս մասին կը կարդանք, որ մկրտուողին նոր անուն տալը մկրտող եկեղեցականի իրաւունքն է: Զայն կը խորհրդանշէ Եկեղեցւոյ Ս. Աւազանէն նոր մարդու՝ քրիստոնեայի ծնունդը: Քահանան Ս. Մկրտութեան բանաձեւը ըսելու ժամանակ մանուկին նոր անուն կը դնէ: Ընդունուած է մկրտուողը կոչել ոեւէ սուրբի անունով, այն մտածումով, որ տուեալ սուրբը պահապան ըլլայ եւ բարեխօսէ Տիրոջ քով անոր համար՝ յետագայ կեանքին մէջ: Այսպէս նաեւ տուեալ սուրբի յիշատակութեան օրը կը դառնայ այդ մարդու անուանակոչութեան օրը: Մկրտող հոգեւորականը կրնայ նաեւ չփոխել երեխային անունը, եթէ զայն քրիստոնէական կամ հայկական է: Խորհուրդ կու տանք, որ եթէ ծնողքը կամ կնքահայրը իրենք միտքին մէջ պատրաստի որեւէ անուն ունին, ապա այդ մասին նախապէս յայտնեն մկրտող հոգեւորականին: Սովորաբար եկեղեցականները կ՚ընդառաջեն եւ կը կատարեն անոնց ցանկութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան