ՀԱԼԷՊԷՆ ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ

Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով երկու իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ Լիբանանի, ապա Սուրիոյ պարագային։

Լիբանանի հայահոծ շրջաններու դէպքերուն մասին մանրամասն անդրադառնալէ առաջ, պէտք է նշել, որ Սուրիան ընտրեց նոր խորհրդարան մը, որուն մէջ ի տարբերութիւն անցեալէն, հայութիւնը ունեցաւ միայն մէկ ներկայացուցիչ։ Այդ ընտրութիւններով՝ Սուրիոյ ժողովուրդը ընտրեցին խորհրդարանականներ, իսկ նախորդած ընտրապայքարին մասնակից դարձան աւելի քան 11 հազար թեկնածուներ։ Խորքին մէջ, Սուրիոյ պատերազմէն ի վեր վերջին ընտրութիւնները չորրորդն էին իրենց տեսակին մէջ։ Եւ ինչպէս անցեալին, այս անգամ ալ «Պաաս» կուսակցութիւնը տիրացաւ խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեան։ Մինչ քաղաքական գործընթացներու տեսակէտէ ընտրութիւնը կարելի է համարել յստակ յառաջընթաց, անդին Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ տիրել տնտեսական բարդ ճգնաժամը, որ մօտիկ ապագային ալ պիտի շարունակէ թանկ նստիլ երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան վրայ։

Վերադառնալով հայկական օրակարգին, ապա հարկ է նշել, որ մինչ անցեալ խորհրդարանին մէջ հայութիւնը ունէր ներկայացուցիչներ, իսկ այս անգամ խորհրդարան կայ հայուհի մը՝ Մարիա Մանուկ-Գաբրիէլեան, որ կը վայելէ համայնքի քաղաքական թէ յարանուանական գլխաւոր ուժերու ամբողջական նեցուկը։ Անշուշտ, հարկ է նշել, որ Սուրիոյ պարագային կ՚երեւին որոշ դրական տեղաշարժեր, որոնք անմիջական կապ ունին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումով։ Ու կարծէք այդ գործընթացի ամբողջացումով է, որ Սուրիան պիտի կարողանայ տնտեսական նոր շունչ մը քաշել, նաեւ պատրաստուիլ յաջորդ փուլին, որուն մէջ հիմնական կէտը Արեւմուտքի հետ երկխօսութեան, ապա որոշ համաձայնութիւններու երթալու փուլն է։

Վերադառնալով լիբանանեան աւազան, հարկ է նշել, որ այդ երկրին մէջ հիմնական օրակարգ կը շարունակէ մնալ մէկ կողմէ նախագահի ընտրութեան օրակարգի բացակայութեամբ ստեղծուած քաղաքական դատարկութիւնը, իսկ միւս կողմէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածի անհանգիստ եւ որոշակիօրէն կիսապատերազմեան դրութիւնը։ Եւ այս բաւական լարուած մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս երեւելի դարձան ներքին խլրտումներ, որոնք աւելիով կը բարդացնեն ստեղծուած անորոշութիւններն ու ապագայի հանդէպ ընդհանուր անվստահութեան մթնոլորտը։

Ահա, այս իրադրութեան մէջ տեղի կ՚ունենան ներքին լարումի, անհանգստութեան եւ անապահովութեան միջադէպէր, որոնք մեծ հաշուով կը խօսին, թէ Լիբանանի հասարակութիւնը այսօրուան դրութեամբ բաւական հեռու է ներքին համերաշխութեան ընդհանուր վիճակէն։ Այդ միջադէպերուն վերջինները տեղի ունեցան հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ, ուր անհատական բնոյթի որոշ խլրտումներ, վէճեր եւ անհասկացութիւնները վերածուեցան զինեալ բախումներու։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ ու երկրի մասնաւորապէս ծայրայեղ աջակողմեան դաւանանքին մաս կազմող ուժեր դէպքերը փորձեցին ծախել, որպէս հայ-իսլամական բախումներ, աւելի որոշակիացնելով ու յայտարարելով, որ Պուրճ Համուտի շիիները գրոհներ կազմակերպեցին տեղի բնիկ հայերուն դէմ։

Դէպքերը նենգափոխելու միտուած այդ փորձերը ամբողջակապէս տապալեցան ու շնորհիւ շրջանի հայկական մարմիններու, նաեւ Լիբանանի անվտանգութեան մարմիններու աչալուրջ մօտեցումներուն՝ կարելի եղաւ իր արգանդին մէջ մարել մեծ լարումներու պայթիւնաբեր ականներու պատրոյգը։

Ներկայիս իրադրութիւնը խաղաղ է Պէյրութի հայկական շրջաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս, պէտք է դիտարկել, թէ Լիբանան կը շարունակէ հեռու մնալ ամբողջական խաղաղութենէ ու կայունութենէ։

Պուրճ Համուտը սեւցնելու փորձերը նորութիւն չեն։ Այդ փորձերը եղած են վաղ 70-ականներուն, ապա 80-ականներու Լիբանանի քաղաքացիական ամենատաք ժամանակներուն եւ նոյնիսկ անկէ ետք (2000-ականներու սկիզբին), երբ երկիրը մտաւ վերակառուցման։ Իր ուրույնութիւնը, հարստութիւնը, տարբերութիւնը եւ մշակութային տարբեր համ մը ունենալը՝ գուրգուրալի պէտք է ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն։ Բայց, եկուր տես, որ բոլորը այսպէս չեն մտածեր ու կարծէք ճիգ մը կայ Պուրճ Համուտի հայերու եւ երկար տարիներու անցեալ ունեցող եւ Պուրճ Համուտ բնակող շիի լիբանանցիներուն միջեւ հարցեր ստեղծելու կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու»։

Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ յատկապէս Լիբանանի մէջ անհատական զէնքի առատութիւնը դարձած է գերակշռող խնդիր, որուն դիմաց իրաւապահ մարմինները դարձած են անզօր։ Ատրճանակ պահելը կամ կրելը եւ անով հարցեր լուծելը կ՚ունենայ ծանր հետեւանքներ։ Սա մեծ վէրք մըն է, անշուշտ, որ բուժելի կրնայ դառնայ միայն այն պարագային, եթէ ապօրինի զէնքերը բոլոր վայրերէն հաւաքուին, սակայն ներկայիս Լիբանանը շատ հեռու է այդ նպատակէն։ Վերադառնալով խնդրին, կարգ մը աղբիւրներ զայն փորձեցին ներկայացնել որպէս հայ-շիի, հայ-այլազգ կամ հայ-իսլամ բախումներ։ Շրջան մը, որ նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմէն առաջ ալ ապրած է խաղաղ ու համերաշխ իր բոլոր բաղկացուցիչներով, ինչպէս կրնայ այսօր դառնալ այլը, միւսը, կամ տարբերուողը ընդունելու դրուածքէն։ Իբր այդ, պէտք է ուշադիր ըլլալ Պուրճ Համուտի մասին գրելու ժամանակ։ Ինչպէս անցեալին, Պուրճ Համուտը իր ուրոյն դիմագծով ունի հայկական պատկանելիութիւն, որով աճած ու մեծցած է շնորհիւ երկար տարիներու աշխատանքի։ Այս առումով է նաեւ, որ լիբանանահայ գաղութի ղեկավարները լաւ կ՚ըմբռնեն այս մէկը ու «ոչ» կ՚ըսէ շրջանին մէջ իրավիճակը շրջել փորձողներուն, իրականութիւնները սեւցնողներուն։ Անցեալին կային «քապատայիներ», որոնք ստացան տեղին եւ յարմար պատասխանը։ Այսօր ալ տարբեր պայմաններու տակ աճած հրոսակները, որոնք պիտի փորձեն ամէն ինչ ընել այդ քաղաքի անդորրը խանգարելու համար, պիտի գան ու անցնին։ Բոլորը շատ լաւ գիտեն այս մասին ու կը մնայ, որ այս նիւթը եւս ճի՛շդ ներկայացուի։

Պետութիւն, պետականութիւն, անկախութիւն չեղած օրերուն, Պուրճ Համուտը Հայաստանի երազը վառ պահողներու բանակ մը հասցուց, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան մղիչ ուժ եւ երակ դարձաւ ու այսօր այս դժնդակ օրերուն հարկ է պահպանել անոր իրական-հայկական դիմագիծը, հեռու ծայրայեղականութիւններէ, ինքնուրոյն, որպէս հարազատ մէկ զաւակը Միջերկրականի ջուրերուն վրայ իր էութիւնը երկարած… Պէյրութին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2024