ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ԾԱՓԵՐ

Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած մարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Շիշլի մարզակումբի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան դպրաց դասու, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատիրարք Մութաֆեանի յիշատակին։ Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հովանաւորուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին դափնեկիրներուն յանձնուեցան մետայլներ՝ մինչ մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն համար պատրաստուած էին գնահատման գրութիւններ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2024