ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՂՕԹՔ
Գնալըի բարձունքին, Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, ուխտի շաբթուան շրջանակներէն ներս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը կը շարունակուի թափով։ Երէկ յետմիջօրէին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Բազմաթիւ մանուկներ եւ պատանիներ մասնակցեցան այս աղօթքին՝ ուղեկցութեամբ իրենց ծնողներուն։ Շատ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ կղզիի գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր քարոզ մըն ալ խօսեցաւ հանդիսադիր հայր սուրբը։ Ներկաներու շարքին էին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այն աշակերտները, որոնք շուրջ մէկ շաբթուան համար Գնալը կղզիի յունաց ճամբարին մէջ կեցութիւն մը ունեցան։ Կղզեբնակ մանուկներն ու պատանիները եւ աշակերտները միասնաբար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին եւ տաղաւարի ընդառաջ ունեցան յատկանշական ապրումներ։
Մանկանց աղօթքի աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ անդաստան։ Մանուկներու եւ պատանիներու ներկայութեամբ կատարուած՝ աշխարհի չորս ծագերու խորհրդանշական օրհնութեան այս արարողութիւնը արտասովոր իմաստ ունեցաւ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ մանուկներու եւ պատանիներու ներկայութեամբ ստեղծուած հրճուանքի մթնոլորտը շարունակուեցաւ՝ մինչ անոնք գիրկընդխառնուեցան երգերով ու պարերով։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024