ԴԻՄԵԼՈՎ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԼՈՅՍԻ ՄՕՐ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
«Մայր Սուրբ սքանչելի լուսոյն,
որ զԱստուած ամենայն յաւիտեանց
յորովայնի քում կրեցեր.
եւ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զԲանն Աստուած»
(Ժամագիրք)
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս առիթ կ՚ընձեռէ անդրադառնալու եւ ինչու չէ նաեւ վերյիշելու «Տիրոջ աղախին»ը, որուն արտասանած մեծ «Եղիցի»ին կը պարտինք Հօր Աստուծոյ մշակած փրկագործութեան ծրագրին՝ մեծ եւ սքանչելի խորհուրդին յայտնութիւնը։ Աստուած ընտրեց Մարիամը, որ եղաւ «թանկագին անօթ» մարմին տալու Աստուծոյ արարչագործ Խօսքին, ներգործութեամբը Սուրբ Հոգւոյն։
Եղան ժամանակներ, որոնց ընթացքին անձեր յանդգնեցան Աստուծոյ կատարած ընտրութեան վրայ ստուեր ածել, ըսելով թէ Աստուած կրնար ուրիշ կին մը ընտրել։ Բայց սա անյեղլի ճշմարտութիւն մըն է, թէ Աստուած ընտրեց Յովակիմի եւ Աննայի դուստրը՝ Մարիամը։ Կը յիշենք Պօղոս առաքեալի խօսքը, որ կը բաղդատէր ոսկիէ եւ արծաթէ, փայտէ ու կաւէ անօթներու արժէքները։ Որպէս եզրակացութիւն կը գրէր. «Կան այնպիսի անօթներ՝ որոնք պատուաւոր գործածութեան համար են. Կան ալ՝ որ ոչ պատ-ւաւոր գործածութեան համար են։ Եթէ մէկը մաքուր պահէ ինքզինք այդպիսի բաներէ՝ պիտի ըլլայ պատուական անօթ մը, սրբագործուած եւ պիտանի իր Տիրոջ, պատրաստուած ամէն բարի գործերու համար։» (Բ. Տիմոթէոս, 2.20-21)։ Մարիամ ճշմարտապէս «թանկագին անօթ» էր, ընտրեալը Աստուծոյ։
Այս ընտրութիւնը ինքնին ցոյց կու տար, թէ յաչս Աստուծոյ Նազարէթ քաղաքի երիտասարդ Կոյսին վարքն էր, որ արժէք կը ներկայացնէր։ Սուրբ Կոյս Մարիամ տաճարի շրջափակին մէջ հասակ նետած էր Աստուծոյ երկիւղով ու անոր պատգամներով։ Այս առումով անոր կեանքի գծին մէջ կը տիրէր աստուածավախ ու բարեպաշտ կենցաղի տիպարը, մանաւանդ հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը եւ Տէրը «իր նայուածքը դարձուց իր աղախինին խոնարհութեանը վրայ։…Հզօրը մեծամեծ գործեր ըրաւ Անոր համար» (Ղուկաս, 1.48-49)։ Նազարէթի մէջ սովորական կեանք վարող Մարիամը, որ կը պատրաստուէր ատաղձագործ Յովսէփի հետ ընտանիք կազմելու, դէմ յանդիման եկած էր «Աստուծմէ շնորհ գտնելու մեծ պատիւին» (Ղուկաս, 1.30), որով իր որովայնին մէջ պիտի կրէր անսկիզբ եւ անվախճան Աստուծոյ ներկայութիւնը, պիտի դառնար Լոյսի Մայր, այն սքանչելի Լոյսին՝ որ «պիտի ծագէր խաւարի, մահուան աշխարհին եւ շուքին մէջ ապրողներուն վրայ» (Եսայի, 9.1-2)։
Կիրակոս Վարդապետ Երզնկացի, Աստ-ւածամօր վերափոխման սքանչելի դէպքին նկարագրութեան նուիրուած շարականին առաջին տունին մէջ կը գրէ. «Արեւելք գերափին եւ օթարան լուսածին. զանմայր ծնեալն առաջին ծնար անհայր երկրորդին»։ Շարականի բառերը ինքնին կը վկայեն, թէ Աստուածամայրը եղաւ արեւելքը Արեգակին, այն Արեգակին որ տիեզերքի լուսատու ու ջեռուցիչ արեգակին Արարիչն էր, եւ էր՝ «Արեգակն արդարութեան» (Մաղաքիա, 4.2)։ Նոյն-պէս Աստուածամայրը կը ներկայացուի որպէս «բնակարան լուսածին»։ Յիրաւի Սուրբ Կոյսը եղաւ բնակարանը որմէ ծնաւ «Ճշմարիտ Լոյսը, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ, որ աշխարհ պիտի գայ» (Յովհաննէս, 1.9)։ Սուրբ Կոյսէն ծագած Արդարութեան Արեգակը, Լոյսը աւետարանեց, թէ Ինքը «է աշխարհի լոյսը։ Ով որ իր ետեւէն կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։ Շարականագիրը, կ՚ակնարկէ նաեւ Աստուծոյ ինքնագոյութեան, ըսելով «զանմայր ծնեալն առաջին»։ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը Յովհաննէս Աւետարանիչի գրի առած Աւետարանի առաջին տողերուն մէջ կը յայտարարէ ամենակալ Աստուծոյ արարչագործ զօրութիւնը. «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր։ Ան սկիզբէն Աստուծոյ քով էր։ Ամէն բան անով եղաւ, եւ առանց անոր չեղաւ բան մը, որ եղած ըլլայ» (Յովհաննէս, 1.1-3)։ Կիրակոս Վարդապետի «ծնար անհայր երկրորդին» բառերը ակնարկութիւն է Քրիստոսի ծննդեան, որ իրականացաւ Բանին Աստուծոյ մարդեղութեամբ, երբ «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին եկաւ Մարիամի վրայ եւ Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի եղաւ իրեն» (Ղուկաս, 1.35)։
Ահա թէ ինչո՞ւ բոլոր առաքելական եկեղեցիները Սուրբ Կոյսը արժանի նկատած են մեծարանքի եւ ամէն առիթ կ՚օգտագործեն յիշելու եւ ընդգծելու Աստուծոյ կամքին գործակից դառնալու ուղղութեամբ Անոր ցուցաբերած բարի տրամադրութիւնը, նաեւ իր սիրայօժար եւ ինքնամատոյց ծառայութիւնը, որ կը ձգտէր կեանքի կոչել այն բարի գործը, զոր Աստուած Իր հզօր կամքին համաձայն ծրագրած էր, համայն մարդկութեան փրկութեան համար։
Այս յատկանիշներով օժտուած Աստուածամայրը, երբ կը կնքէ իր երկրաւոր կեանքը, մարմինը կը դրուի գերեզման։ Սակայն գերեզմանը իրեն համար չըլլար ճանապարհի վերջակէտը։ Չէ՞ որ Ան մայրն էր յարութիւն առած եւ երկինք համբարձած Քրիստոսին։ Չէ՞ որ Ան գլխաւորած էր առաքեալներու եւ ի Քրիստոս հաւատացեալներու խումբը, որոնք «միասիրտ, յարատեւօրէն կ՚աղօթէին» (Գործք, 1.14)։ Չէ՞ որ Անոր մարմինը եղած էր Սուրբ Հոգիին տաղաւար։ Ուստի արժան էր, որ Անոր մարմինը ապականութիւն չտեսնէր գերեզմանին մէջ։ Եւ արդարեւ ալ չտեսաւ։ Իր կեանքի ընթացքին սքանչելի ու հրաշալի օրհնութիւններով օժտուած, տառապանքի իմաստին լիովին թափանցած Սուրբ Կոյսի մարմինը հրաշալի պայմաններու ներքեւ երկինք փոխադրուեցաւ։ Քրիստոսի առաքեալները եղան ականատեսները այս սքանչելի դէպքին։ Ժամագիրքի քարոզի բառերով կը դիմենք կիներուն մէջ օրհնեալին՝ Աստուածամօր, ըսելով. «Սուրբ Կոյս Մարիամ, մայրը՝ սքանչելի Լոյսին, Դուն յաւիտենական Աստուածը քու որովայնիդ մէջ կրեցիր, Բանն Աստուածը որպէս աշխարհի ցնծութիւն ծնար» ու այս անգամ Հայ Եկեղեցւոյ աղօթանուէր վանականին՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բառերով կը շարունակենք դիմել Իրեն, որ ինքնին հրաւէր է ուրախութեան եւ ցնծութեան. «Ուրախացիր եւ ցնծա քեզմէ ծնած անեղ Աստուծոյ անճառելի յարկ, որ քու այդ Որդիիդ խնամածութեամբ հրաշազարդ փառքով լուսակերպ բարձրացար վերին երկինքի ծայրագոյն կատարը, եւ հոգիին թեթեւ թեւերով սլացար եւ իմանալի կայանները վերաչուեցիր հանգչելու յաւէտ։ Ուստի մարդկային միտքին իմացողութեան անհասանելի եւ սրտին զգայութեան անըմբռնելի, անտեսանելի վայելքները անձնապէս հոգիագրկելով՝ անեղծին փառքի ճոխութիւնը քեզի սեպհականեցիր, Սուրբ Աստուածածին» (Գովեստ Սուրբ Կուսին, Զ., թարգմանութիւն՝ Նորայր Արքեպս. Պօղարեանի)։
Աստուածամայր Մարիամի շնորհակալ ենք, որ օրհնուեցանք իր Որդւոյն՝ աշխարհի Փրկչին շնորհիւ։ Այդ շնորհակալութիւնը արտայայտելու եզակի միջոցն է վարակուիլ Իր Աստուածսիրութենէն, տառապանքի պարագային ցուցաբերած Իր համբերութենէն եւ տոկալու կարողութենէն։ Պէտք է լաւ ըմբռնել, թէ ի՞նչ կը նշանակէ մարմին տալով աշխարհ բերած Աստուածորդին տեսնել խաչափայտին վրայ արիւնլուայ վիճակի մէջ, լքուած իր մերձաւոր առաքեալներէն։ Անոր ցուցաբերած համբերութենէն մեր բաժինը վերցնելով զայն վերածենք զրահի մը, որպէսզի նեղութեանց պարագային կարենանք պաշտպանուիլ Աստուծոյ դէմ ապստամբելու տկարութեան մատնուելու վիճակէն։ Լոյսի մայրը իր բազմակողմանի առաքինութիւններով կու գայ յայտնուիլ որպէս տիպար։ Ան առաքելական եկեղեցիներէն ընդունուած է որպէս «Սուրբերու Թագուհին» եւ հաւատացեալներ կը դիմեն Անոր բարեխօսութեան։ Կը հաւատանք, որ Սուրբ Կոյսը ընթացաւ Աստուծոյ ճանապարհէն, սիրեց զԱստուած եւ սիրուեցաւ Աստուծմէ։ Իր կեանքի ընթացքին փառք տուաւ Երկնաւոր Հօր եւ Աստուածային տնօրինութեամբ փառաւորուեցաւ երկինք փոխադրուելով։ Միշտ կ՚ընդգծուի, թէ մայրութիւնը պատիւ է կնոջ համար, սակայն Աստուածամայր ըլլալը գերագոյն պատիւ է, որուն արժանացաւ միայն Սուրբ Կոյսը, այս պատիւին վրայ որպէս թագ կրելով նաեւ երկինք փոխադրուելու պատիւը։
Սուրբ Կոյսը մեր եկեղեցիներու խորանները զարդարող սրբանկարներուն մէջ կը ներկայանայ իր որդւոյն նկատմամբ ունեցած սիրազեղ խանդաղատանքով։ Սակայն կայ փոքրիկ մանրամասնութիւն մը։ Ան ցոյց կու տայ Աստուածորդին, յիշեցնելով թէ երբ կը դիմենք Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեան, մեր ուրախութիւնը կատարեալ կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ ի մտի կ՚ունենանք կարեւորագոյնը, որ է նայիլ Յիսուսին, այն հաւատքով ու վստահութեամբ, թէ Ան է Աղբիւրը կեանքի, ճշմարիտ Լոյսը, ծարաւ յագեցնող կենդանի Ջուրը, կեանքի Հացը։
Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարին յիշենք, թէ խաւարը անորոշութիւն է, որ ինքնին ահ ու սարսափի կը մատնէ մեզ, քանի չենք կրնար տեսնել եւ այդ անկարողութեան մատնուած վիճակին մէջ չենք գիտեր, թէ ինչ բանի կրնանք հանդիպիլ։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ Աստուած բոլորս հեռու պահէ խաւարի մէջ մնալու վիճակէն եւ զօրացնէ մեր հաւատքը, որպէսզի առանց յուսալքուելու մնանք հաւատարիմ Ճշմարիտ Լոյսին, այն յոյսով որ միշտ պիտի զօրացնէ մեզ եւ քաջ գիտնալով, թէ «յոյսը չ՚ամչցներ բնաւ» (Հռովմայեցիս, 5.5)։
Տէրը ընդունի մեր աղօթքները։ Շնորհք, սէր եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ։ Ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
14 օգոստոս 2024, Գնալը կղզի