ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 6 - ԵՍ ԻՄ ԱՇԽԱՐՀՍ ՈՒՆԷԻ…
Ես ամէն օր նամակ կը գրէի ծնողքիս։ Ընկերներս կը հարցնէին. «Ամէն օր ի՞նչ կը գրես»։
«Այնքա՜ն գրելիք կայ» կ՚ըսէի։
Կեանքը կ՚եռար շուրջս, միշտ նորութիւններ կային, յետոյ գրական վերլուծումներ կ՚ընէի, ծնողքս իրենց կարծիքը կ՚արտայայտէին։
Մօրս հետ համաձայնած էինք ամէն օր գրել իրարու, նամակը մէկ ամիսէն կը հասնէր, ուրեմն ամիս մը ետք սկսայ ամէն օր նամակ ստանալ։ Նոյնպէս ծնողքս։ Յանկարծ ուղղագրական սխալ մը չընէի, հայրս կարմիր գրիչով շրջանակ մը կը գծէր անոր շուրջ եւ նամակը ետ կը դառնար։
Ես կը գրէի տեսած թատրոններուս, օփերաներուս, երգի-պարի ներկայացումներուն, գրողներու հետ հանդիպումներու մասին։ Դասախօսներուս մասին։ Կը գրէի համալսարանն ու հանրակացարանը պատահող դէպքերու մասին։ Գրական վերլուծումներ կ՚ընէի… Կը ծանօթացնէի դասախօսներս՝ Եդուարդ Ջրպաշեան, Լուիզա Սամուէլեան, Լովա Ներսիսեան, Գառնիկ Անանեան, Գէորգ Ջահուկեան, Հրանդ Թամրազեան, Ռաֆայէլ Իշխանեան, Վազգէն Գաբրիէլեան, Ժաննա Քալանթարեան, Յովհաննէս Բարսեղեան եւ այլն։
Իրենց հրատարակութիւններուն մասին կը գրէի։ Նաեւ ինչ որ լսած էի իրենց մասին։ Սկիզբը զարմացայ, յետոյ երբ հասկցայ շատ տխրեցայ, թէ ինչո՞ւ շատերը կաղ էին՝ պատերազմի սերունդ։
Հայրս նամակ չէր գրեր, միայն երկու տող մօրս նամակներուն վերջաւորութեան, այդ ալ եթէ մասնաւոր ըսելիք մը ունենար։ Կրնար երեք բառ միայն գրել, որ ինծի համար աշխարհ մըն էր. «Պապան գոհ է»։
«Սիրելի պապա եւ մամա,
Առտուան չորսն է, հիմա աւարտեցի Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպը։
Սիրահարուած եմ Աղասիին։ Եթէ տղայ ունենամ՝ անունը Աղասի պիտի դնեմ, որպէսզի ո՛չ թէ Վէրք Հայաստանի, այլ Վարդ Հայաստանի հերոսը ըլլայ»։
Ամիս մը վերջ ստացայ նամակիս պատասխանը, մօրս նամակին տակ հայրս տող մը գրած էր. «Աղջիկս, հաշիւ ըրի, թոռներուս թիւը յիսունը անցաւ»։
Ոչ ամէն օր բայց շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ անպայման եղբօրս ալ կը գրէի։ Ինք ալ ինծի, ինք գեղեցիկ բացիկներ կը ղրկէր «sister» գրութիւններով։ Հայաստան այդպիսի բացիկներ չկային, կա՛մ հետս պիտի տանէի կամ ալ պիտի պատրաստէի, երկրորդը կը նախընտրէի։
Շատ կը սիրէի առիթներով Երուսաղէմ տունը զարդարել իմ պատրաստած գծագրութիւններովս՝ վրան գրութիւններ, փուչիկներով։ Ամէն անգամ, որ եղբայրս պիտի գար, խաւաքարտով խոշոր սիրտ մը կը կտրէի եւ «Բարի եկար մէկ հատիկ եղբայրս» կը գրէի։ Բոլորը վարժուած էին, որ ես պատրաստեմ, ուրեմն ինծի համար պատրաստող չկար։ Շատ կը տխրէի… Սակայն սարսափելին պատահեցաւ…
Անգլիայէն պիտի գայի։ Չեկած երկու բացիկ գնեցի «Welcome home sister» եւ «Welcome home daughter» եւ երկու շաբաթ առաջ ղրկեցի, որպէսզի ստանան եւ դաշնամուրիս վրան դնեն։ Մթնոլորտ ստեղծուէր, տան իշխանուհին պիտի ժամանէ։ Միայն խօսքո՞վ է, գործ պէտք է…
Ժամանեցի, պաչիկ-փաթթուկ վազեցի հիւրանոց՝ բան չկար դաշնամուրիս վրայ։ Հրէական տօն էր եւ նամակատունը քանի մը օր գոց էր։ Երկու օր ետք ես բերի բացիկները նամակատունէն եւ արդէն իմաստը կորսնցուցած դրի դաշնամուրիս վրայ, բայց խոստում առի, որպէսզի ամէն անգամ երբ գամ՝ ասոնք հոս տեսնեմ։
Եղբայրս այնքան նուէր բերած կ՚ըլլար ինծի, մայրս ալ տեսածը կ՚առնէր. «Աս Անուշիս համար, ան Անուշիս համար», որ կը կաշառէին կարծես։ Սակայն ես ամենէն շատ այդ բացիկը կ՚ուզէի։ Յետոյ արդարացան, որ անոր վարպետը ես էի, ուրեմն իրենք չեն կրնար հետս մրցիլ…։
Ինչպէս ըսի, նամակները մէկ ամիս կ՚ուզէին հասնելու համար։ Ուրեմն համաձայնած էինք, որ ամէն երկուշաբթի հեռագիր պիտի ղրկեմ, տեղեկացնելու, որ լաւ եւ հանգիստ եմ։
Հինգ տարի ուսանեցայ Հայաստան, մէկ անգամ չկրցայ հեռաձայնով խօսիլ ծնողքիս հետ։ Հիմա որքա՜ն դիւրին է հեռաւորութիւնը։
Ապրելու պայմանները շատ դժուար էին… Որոնց անկեղծ ըսեմ, կարեւորութիւն անգամ չէի տար, ես իմ աշխարհս ունէի… Ո՞վ ըսաւ, թէ հիմա մեր ապրած տեղերը լաւագոյն պայմաններով աշխարհներն են, բայց աշխարհդ հետդ պիտի տանիս ամէն տեղ… Իսկ ես Հայաստանի մէջ էի եւ իմ Հայաստան աշխարհիս մէջ իմ աշխարհս ունէի։
Հինգ տարուան մէջ նոյնիսկ անգամ մը մսավաճառին խանութը միս չեմ տեսած։ Օր մը Շուշիկին հետ սենեակս երթալու ճամբուն վրայ խոհանոցին առջեւէն անցնելու ատեն տապկուած միսի հոտ առինք, իրարու նայեցանք եւ վազեցինք խոհանոց։ Մարդ չկար. «Շուշ, բան մը ընենք, մենք ալ ուտենք, ինչ անուշ կը հոտի… Այսքան անօթի չեմ եղած, հարցնենք ուրկէ՞ առեր է միսը»։
Միսին տէրը հասաւ, նայուածքը կ՚ըսէր. «Չըլլայ որ մօտենաք»։ Երկուքս յանցանքի վրայ բռնուածի նման սառեցանք։ Բայց սառելու ժամանակը չէր…
-Անկեղծօրէն ըսեմ, միայն այս ծայրը քանի մը անգամ մատով դպայ եւ լզեցի, եթէ կը զզուիս կրնաս կտրել այսչափը, մնացածը մաքուր է, հաւատա՛ չենք դպչած։
Պզտիկ, անուշիկ սուտս հասաւ իր նպատակին։
-Այդ միսը առէք, դուք կերէք եւ մէյ մըն ալ չմօտենաք ճաշերուս։
Իբր թէ շատ ազդուեցանք, միսը առինք գացինք։
Այդ ի՜նչ համով էր…
Ես ճաշ պատրաստել չէի գիտեր, հաւկիթ անգամ չէի տապկած… Թէյ պատրաստել գիտէի… Սուրճ ալ սորվեր էի։ Օր մը սիրտս տապկուած գետնախնձոր ուզեց, ի՜նչ ախորժակով ջուրը եռացուցի մէջը ձէթ դրի եւ յետոյ կրցածիս չափ կանոնաւոր շերտուած գետնախնձորները։ Սպասէ, որ տապկուին… Դրացիս Արտաւազդը եկաւ.
-Ի՞նչ կ՚ընես։
-Փաթաթէս կը տապկեմ։
-Բայց կարծես կը խաշեսկօր։
-Մամաս կը խաշէր, յետոյ ալիւրի մէջ կը թաթխէր եւ կը տապկէր։ Ես ալ ձէթը ջուրին մէջ դրի, ըսի երկուքը միասին թող ըլլան։ Ալիւր չունէի, որ խառնէի…
-Պարապ տեղ ինքզինքս չհրաւիրեմ, չեմ գիտեր ինչ դուրս կու գայ այս ստեղծագործութենէդ։
Քիչ ետք միասին հաց ու պանիր կերանք։
Տարի մը անց տարեդարձիս ընկերներս փուռ մը նուէր բերին ինծի, որովհետեւ սորվեր էի փուռին մէջ հաւ եփել։ Օր մըն ալ գիւտ մը ընեմ ըսի, ալիւրը եւ ջուրը խառնեցի, շաքար ալ աւելցուցի եւ փուռը դրի։ Հանելէս ետք անուշ քսեցի վրան եւ ընկերներս խենթեցան՝ «Այս ինչ համով է ըսելով» վերջացուցին։ Յաջորդին շաքար չդրի՝ աղով պատրաստեցի եւ վրան հետս տարած «զաթար»ս դրի։ Նորէն յափշտակուեցաւ։ Ես արդէն վարպետ խոհարարի անուն վաստակեցի։ Ամէն անգամ տարբեր կ՚ելլէին համերը եւ կը կարծէին նոր բան ըրած եմ։ Երբ համով ըլլար՝ կը խոստովանէի, որ խելքէս բան մը ըրած եմ։ Երբ չյաջողէի՝ ով գիտէ մամաս ի՞նչ կը դնէր ես մոռցեր եմ, կ՚ըսէի… Բայց կամաց-կամաց շատ բան սորվեցայ։ Արձակուրդին երբ տուն եկայ՝ մօրս նշանաւոր ստեպղինով կարկանդակը քանի մը անգամ պատրաստեցի եւ վերադարձիս ամէն առիթի.
-Անուշ, համով կարկանդակդ կը պատրաստե՞ս։
-Մեծ սիրով։
Յարկիս վրայ հսկայ տղայ մը կ՚ապրէր, ոտքը թիւ 48։ Այդպէս եզրակացուցած էինք Շուշիկը եւ ես, չերեւակայելով, որ աւելի մեծ թիւ կրնայ ըլլալ… Օր մը ի՛նչ տեսնեմ, խոհանոցը ուր ամաններս կը լուամ՝ խոշոր ոտքը դրեր ջուրին տակ «pedicure» կ՚ընէ… Աստուած իմ ստամոքսս բերանս հասաւ, պիտի փսխէի.
-Ո՞ւր խոթեր ես թիւ 48 ոտքդ, անճաշակ, մենք հոն ամանները կը լուանք։
Ոտքը իջեցնելը եւ ետեւէս վազելը մէկ եղաւ, հազիւ հասայ սենեակս, դուռը ետեւէս գոցեցի եւ մինչեւ յաջորդ առտու դուրս չելայ։ Փրկարար Շուշիկս եկաւ ազատեց. «Քալէ, նայիմ ինչ կրնայ ընել եղեր, հոտած»։
Երկու օր ետք հաւ կը խաշէի, պարոն 48 ոտքը գուլպաները բերեր թաց-թաց ճիշդ կաթսայիս վրայ թելի մը վրայ շարեր է, որ իբր թէ չորնան։
Միայն հաւը չէ «թեֆալ» կաթսան, որ հետս տարեր էի Երուսաղէմէն, ան ալ թափեցի եւ երկա՜ր ատեն հաւ չկրցայ ուտել, հաւի տեղ իր թիւ 48 ոտքերը կը տեսնէի…
Բայց դիմացայ… Ինչպէս դիմացայ՝ ես ալ չեմ գիտեր, միայն Աստուած գիտէ…
Դիմացայ, որովհետեւ ասոնք մանրուքներ են այն հսկայ գիտելիքին դիմաց, որ ստացայ։ Հողիդ վրայ ստացածդ՝ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կրնաս ստանալ։
Հողը ուժ է…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024