ԵՐԲԵՔ ՉԸՍԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԿԷՔ
Ծանօթ բարեկամ մը տարի մը առաջ պաշտօնով եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնեայ. այս գրասենեակը եկաւ փոխարինել ժամանակին յայտնի «Սփիւռքի նախարարութիւն»ը, որ լուծարուեցաւ 2019 թուականին: Հաւանաբար, շատեր չեն գիտեր, թէ ինչո՞վ կը զբաղի այս գրասենեակը, որուն պաշտօնական կայքէջին մէջ անոնք իրենց առաքելութիւնը կը բացատրեն հետեւեալ բառերով.
«Մեր աշխատանքը նուիրուած է հայաստանաբնակներուն եւ համաշխարհային հայկական սփիւռքի մէջ բնակողներու ապագայի եւ հեռանկարներու բարգաւաճման, հայկական ինքնութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի երկու անբաժանելի մասերու ինտեգրման: Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրութիւնն ու կենսունակութիւնը հզօրացնելու: Մեր նպատակներն ու քաղաքականութիւնը նպատակ ունին ընդհանուր հետաքրքրութիւններու յառաջացումին: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը գործէ որպէս կարեւորագոյն կամուրջ՝ համախմբելով համահայկական ներուժը եւ սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցները լիովին ներգրաւելով հայրենիքի կեանքին»:
Որպէս նկարագրութիւն ու «խօսք» հրաշալի գործ կը կատարէ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, սակայն իրական գետնի վրայ ի՞նչ գործ կ՚ընէ՝ ոչ ոք գիտէ: Սփիւռքով զբաղող պետական կառոյց մըն է, սակայն հետաքրքրական է, թէ սփիւռքը ինչքանո՞վ կը ճանչնայ այս գրասենեակն ու անոր գործունէութիւնը։ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայորդիներու կեանքին մէջ անոնք ինչքանո՞վ ներկայութիւն են, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մեր սփիւռքին մէջ՝ ուր խնդիրներն ու դժուարութիւնները անպակաս են:
Առիթով մը վերոյիշեալ ծառայութեան ճշմարտութիւնը փաստելու համար հարց տուի բարեկամիս. ան իրենց աշխատանքը բացատրեց հետեւեալ ձեւով. «Մենք կը զբաղինք սփիւռքահայերով. մեզի ըսած են ամէն ձեւով փորձեցէք օգտակար դառնալ, բայց երբեք չըսէք Հայաստան եկէք»: Ճշմարիտ առաքելութիւնը սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակին այս է, որովհետեւ հայրենիքը սփիւռքի մեր հայերուն կայքով եւ կամ գործով օգնելու եւ ապահովելու հնարաւորութիւնը չունի. թէ՛ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ թէ այս գրասենեակը պարտէին իրենց մեծագոյն աշխատանքը տանիլ վերջին տասնամեակին, մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի եւ Լիբանանի տնտեսական տագնապի ահաւոր օրերուն: Ամէն ժամանակէ աւելի ա՛յդ ժամանակ սփիւռքը պէտք ունէր հայրենիքի աջակցութիւնը զգալու: Եւրոպական շա՜տ մը երկիրներ ըրին այն՝ ինչ պարտաւոր էր ընել հայրենիքը իր հայրենակիցներուն. ինչ որ ըրած էր Խորհրդային Միութիւնը մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ: Լաւապէս կը գիտակցինք, որ մեր հայրենիքը նիւթապէս կարող չէր հոգալ իր հայրենակիցներու պէտքերը, սակայն հայրենիքը պէտք է վստահ ըլլար, որ նիւթական ինչպիսի զոհողութիւն ալ ընէր, վերջաւորութեան շատ աւելիով պիտի քաղէր այդ բոլորին արդիւնքը։ Սփիւռքէն եկած մեր աշխատասէր հայորդիները պիտի յաջողէին մեծ ներդրում ունենալ երկրի տնտեսութեան, այնպէս ինչպէս յետցեղասպանութեան ունեցան սփիւռքի մէջ: Այսօր թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Լիբանանի պատմութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն հայերը, նոյնպէս Պոլսոյ պատմութեան մէջ, որովհետեւ մեծագոյն վաճառականներն ու վարպետները եղած են հայեր, որոնք յաջողած են իրենց արդար աշխատանքով լաւ ներդրում ունենալ իրենց ընկերութեան ու շրջանակին:
Այսօր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կան բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք առիթ կը փնտռեն դուրս գալու դժոխային այդ վիճակէն, սակայն նիւթական սահմանափակումներու պատճառով կը դժուարանան. կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ այդ գրասենեակը զանոնք Հայաստան բերելու գծով ի՞նչ գործ կը կատարէ. կար ժամանակ, որ հայութիւնը կ՚ապրէր այն երազով, որ պիտի գայ օր, երբ աշխարհի հայութիւնը հայրենիքի մէջ պիտի համախմբուի. այդ երազով կ՚ապրէին ու նոյնիսկ երգեր կը հիւսէին այդ հրաշալի երազին շուրջ. այսօր մասամբ այդ երազը եթէ ուզեն կրնան ի գործ դնել... սակայն կը նախընտրեն ձեռնպահ մնալ:
Ցաւ ի սիրտ, կը հաւատանք, որ յանձնակատարի գրասենեակը հիմնուած է մի քանի մեծաւորներու աշխատավարձ ապահովելու նպատակով, որովհետեւ խօսքով ինչքան ալ փորձենք սփիւռք եւ հայրենիք հարազատ վիճակի մէջ ներկայացնել, իրականութիւնը կը մնայ տարբեր:
Անցնող տասնամեակին նիւթական դժուարութիւններու պատճառով հայկական շարք մը վարժարաններ սփիւռքի տարածքին փակեցին իրենց դռները. անոնցմէ մէկն է Յորդանանի միակ հայկական վարժարանը. Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ կամ յանձնակատարի գրասենեակը այս գծով ի՞նչ աշխատանքներ տարաւ. ինչո՞ւ չյաջողեցան յաղթահարել նիւթական պարտաւորութիւնները եւ վառ պահել այդ դպրոցը, որ գաղութի մէջ մեծ արժէք պարտի ունենալ:
Փաստօրէն մեր պետութիւնը ամերիկացի երգիչի մը 6 միլիոն ամերիկեան տոլար գումար վճարելու կարողութիւն ունի, սակայն նոյն գումարով օտարութեան մէջ դժուարին պայմաններով ապրող հայորդիները Հայաստան բերելու եւ անոնց համար բարեկեցիկ պայմաններ ստեղծելու կարողութիւն չունի: Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ ի՞նչ է լուծումը. ահաւասիկ փոքր լուծումներ՝ որոնք շատ մեծ նշանակութիւն ունին սփիւռքի դժուարին պայմաններու մէջ ապրող հայորդիներու համար:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է ամենէն կարճ ապրող կենդանին:
Պատասխան. Ամենէն կարճ ապրող կենդանին շերեփակոթն է (ճպուռ), որուն կեանքի տեւողութիւնը կը տեւէ մի քանի ժամէն առաւելագոյնը մի քանի օր: Անոնք զուգաւորուելէ ետք անմիջապէս կը սատկին, այդ իսկ պատճառով անոնց կեանքը շատ կարճ կ՚ըլլայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան