ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է դաստիարակել մանուկները:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստուն կը թելադրէ. «Մանուկին սիրտին մէջ յիմարութիւնը [տգիտութիւնը] կապուած է. խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ» (Առ 22.15):
Այսօր, երբ մանուկներու դաստիարակութեան մասին կը խօսուի, դաստիարակութեամբ նկատի կ՚առնուի լաւ ուսումը եւ բարձր վկայականները: Այն ինչ, ատկէ աւելի առաջ եւ աւելի կարեւորը դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ մանուկը որպէս մարդ կրթելը, միաժամանակ հոգեւորապէս ու բարոյապէս կրթելը: Դժբախտաբար, այսօրուան դաստիարակութեան մէջ այդ բոլորը նկատի չեն առնուիր եւ կամ երրորդական ու չորրորդական մակարադկաներու վրայ են:
Այսօր ո՞վ կը հետաքրքրուի մանուկի մը հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեամբ: Գրեթէ ո՛չ ոք:
Սակայն, այսօր ո՞վ կը հետաքրքրուի մանուկի մը իրաւունքներով: Գրեթէ բոլո՛րը: Այդ հետաքրքրութիւնը սակայն ո՛չ թէ մանուկի իրաւունքներու միտուած է, այլ՝ մանուկի եսին, որովհետեւ դարը որ կ՚ապրինք, ամենաթողութեան դարն է, այսինքն՝ մանուկին ամէն ինչ կարելի է, պէտք չէ շատ խօսիլ ու բարկանալ մանուկին, որպէսզի յանկարծ չվիրաւուրի, չնեղուի եւ նման հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ:
Բայց միթէ՞ այդ է շիտակ ճամբան մանուկներու դաստիարակութեան:
Բնականաբար ո՛չ: Մեր տուած «բնականաբար ո՛չ» պատասխանը մեր համոզումն է հիմնուած այսօրուան անկարգ, անդաստիարակ, անկիրթ եւ բարոյականութենէ ու արժէքներէ զուրկ մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք հասակ կ՚առնեն այս տիպի դաստիարակութեան տակ:
Աստուածաշունչը կը թելադրէ մանուկը կրթած ժամանակ երբեմն-երբեմն խրատի գաւազանը գործածել: Այստեղ գաւազանը անպայմանօրէն ֆիզիքական առումով պէտք չէ առնել, չնայած երբեմն այդ ձեւն ալ պէտք է գործածել մանուկը շահելու համար: Խրատի գաւազանը նաեւ հոգիին ու միտքին համար պէտք է գործածել, այսինքն՝ երբեմն-երբեմն ծանր ու խիստ յանդիմանութիւններով պէտք է փորձել մանուկին մէջ դրոշմել բարիին ու լաւին սերմերը, որպէսզի ատոնք հիմքը ըլլան իր կեանքի ընթացքին:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այս համարին մասին կը գրէ. «Իմաստունը կը պահանջէ ծնողներէն, որպէսզի իմաստութեամբ եւ գիտակցութեամբ դաստիարակեն իրենց զաւակները, որպէսզի տգիտութեան չկապուին: “Գաւազանը” անպայմանօրէն ֆիզիքական դաստիարակութիւնը չէ, այլ՝ կը նշանակէ յստակ կեցուածք առնել՝ ծնողական սիրով շաղախուած եւ նպատակի յստակութեամբ, որն է չշեղիլ ուղիղ ճանապարհէն, իրողութիւն մը, որ վայել է Աստուծոյ զաւակներուն:
Որդիին խելամտօրէն խրատելը՝ դաստիարակութեան տակ գտնուող զաւակին չի՛ տանիր դժգոհութեան, զայրոյթի կամ անարդարութեան զգացումի, այլ՝ աւելի շուտ, զայն կը մղէ յայտնաբերելու իր տգիտութիւնը եւ իմաստութիւն փնտռել: Իմաստունը ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. “Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ՚ազդէ, քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին” (Առ 17.10):
Կը նկատուի, որ Սողոմոնը միայն արտաքին վերաբերմունքին չ՚անդրադառնար, այլ՝ զինք լսողներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ սիրտին, ըսելով. “Յիմարութիւնը [տգիտութիւնը] կապուած է մանուկի սիրտին”: Ան սիրտին բժշկութիւնը կը խնդրէ, թէկուզ խրատի [դաստիարակութեան] գաւազանով»:
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան դաստիարակութեան եւ մարդուն փոքր տարիքէն դէպի չարիք ու մեղք հակում ունենալու մասին՝ այսպէս կը գրէ. «Մեղքին աշխարհ մուտքով, մարդ էակը իր մանկութենէն հակած է դէպի չարը: Եթէ չըլլայ ուղիղ դաստիարակութիւնը՝ ապա անոր միտքին եւ հոգիին մէջ ապականութիւնը իր տեղը կ՚ընդարձակէ:
Աստուած մնայուն կերպով կը հրաւիրէ մարդը ինքզինք մաքրելու: Ղեւտացիներու գիրքին մէջ Ան ըսած է. «Սրբեցէք ձեր անձերը եւ սուրբ եղէք, որովհետեւ Ես սուրբ եմ» (Ղւ 11.44):
Այն ժողովուրդը կամ անհատը որ ինքզինք չի մաքրեր՝ չի կրնար Աստուծոյ մօտենալ եւ չի կրնար Անոր Կամքը կատարել»:
Սրբազանը խօսելով ընդհանրապէս դաստիարակութեան ինչութեան մասին՝ կը գրէ.
* Դաստիարակութիւնը մանուկին, պատանիին, երիտասարդին կամ մեծահասակին տրուած կրթութիւն մըն է, մարդս որոշակի ուղղութեան մը վրայ դնող կազմակերպուած ուսուցողական ճիգ մը, որուն նպատակն է.-
ա.- Անհատ մարդուն շնորհքներուն ու կարողութիւններուն լման փթթումը ապահովել:
բ.- Մարդը իր եսէն կամ ինքնամփոփ գոյութենէն դուրս բերել եւ դնել իր շրջապատին, ընկերութեան ու մարդկութեան հետ ուղիղ յարաբերութեան մէջ, ճշմարիտ երկախօսութեան մէջ:
Ուրիշ ձեւով սահմանելով՝ կրնանք ըսել, թէ դաստիարակութեան նպատակն է.-
ա. Մարդ պատրաստել այսօրուան աշխարհին համար:
բ. Ճշմարիտ քաղաքացի պատրաստել այս օրուան հայրենիքին համար:
գ. Տիպար ազգային պատրաստել ազգի այսօրին համար:
դ. Լաւ քրիստոնեայ պատրաստել այսօրուան Եկեղեցիին եւ Աստռւծոյ յաւերժական ընտանիքին համար:
Ա՛յս պէտք է ըլլայ ծնողներուն հիմնական ուղեցոյցը իրենց զաւակները դաստիարակելու գործին մէջ. մարդ պատրաստել, ճշմարիտ քաղաքացի պատրաստել, տիպար ազգային պատրաստել եւ ամենէն կարեւորն ու էականը լաւ քրիստոնեայ պատրաստել: Այս վերջինին վրայ եթէ ուշադրութիւն դարձուի, միւս երեքը ինքնաբերաբար կ՚ունենան: Իսկ այս բոլորը ունենալուն մէջ, ծնողները պիտի հետեւին Աստուածաշունչի թելադրութեան, թէ՝ «Մանուկին սիրտին մէջ յիմարութիւնը [տգիտութիւնը] կապուած է. խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ» (Առ 22.15):
Խրատի գաւազանը գործածել ո՛չ թէ վիրաւորելու կամ նուաստացնելու համար, այլ՝ դաստիարակելու, ուղղութեան բերելու եւ դէպի փրկութիւն հասցնելու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 109
Վաղարշապատ