ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ «ՏԱՌԱՇԽԱՐՀԸ» ԵՒ «ԼԻԱԼՈՒՍԻՆԻՆ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԶԸ»
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ՝ Մարի Նալճըն եւ Մարիամ Տրամէրեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի յանձնեցին հիմնարկին կողմէ վերջերս տպագրուած հայերէնի եւ թուաբանութեան նոր դասագիրքերը։ «Տառաշխարհը» եւ «Լիալուսինին թուաբանութեան երազը» կը կոչուին այս գիրքերը, որոնց առաջինները լոյս տեսած են բոլորովին վերջերս։ Հեքիաթի մը հիման վրայ պատրաստուած է «Լիալուսինին թուաբանութեան երազը» դասագիրքը, նաեւ «Տառաշխարհը», որոնք Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ պիտի տրամադրուին համայնքային վարժարաններուն։ «Լիալուսինին թուաբանութեան երազը» գիրքի խմբագիրն ու թարգմանիչը եղած է հայերէնի ուսուցչուհի Մարալ Էպէօղլու-Սաթար։
Մարիամ Տրամէրեան եւ Մարի Նալճը այցելութեան ընթացքին մեզի յայտնեցին, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը կը ջանայ բոլոր ուղղութիւններով պոլսահայ վարժարաններուն զօրակցիլ եւ մասնաւորապէս՝ նպաստել հայերէնի ուսուցման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու։ Այս ծիրէն ներս եւ համապատասխան նպատակներով որոշուած է նախաձեռնել սոյն դասագիրքերու պատրաստութեան։ Ուստի, անոնք նշեցին, որ Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ ուրախութիւն է մեր վարժարաններուն համար ապահովել նոր շունչով պատրաստուած երկու դասագիրք։
«Տառաշխարհ»ի եւ «Լիալուսինին թուաբանութեան երազը»ի արտադրութեան եւ հրատարակութեան զանազան փուլերուն դեր ստանձնած են հետեւեալ անունները.
Մելիսա Թադէոսօղլու Տեմիրճի, Մարալ Քըսատուր, Մարալ Ուսթա Պալ, Ծաղիկ Կեւիք, Արուս Քէչէեափան, Սիպիլ Աւագօղլու, Առլին Արզուման Աքսու, Սէրտա Կիւնտիւզ, Անէթ Սանտրա Աչըքկէօզ, Թարա Տեմիրճիօղլու, Ֆուրքան Ալթընքայնաք, Եղիա Աքկիւն եւ Սայաթ Տաղլեան։