ՓԼԱՍԻՏՕ ՏՈՄԻՆԿՈՆ ԵՒ ՃՈՒԼԻԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՐՀՆԵՐԳԸ

«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասի» Հայաստանի օրէնքին համաձայն՝ հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը կը նշուի իբրեւ Երեւանի տօն: Այս շրջանին Երեւանը օրեր շարունակ զարդարուած կ՚ըլլայ բազմազան գոյներով եւ պատուած՝ տօնական շունչով: Ամէնուր համերգներ, բացօթեայ ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, փառատօներ տեղի կ՚ունենան, քաղաքապետարանը կը ջանայ իրապէս տօնական օրեր պարգեւելու քաղաքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն:

Այս տարի կը լրանայ համայն հայութեան սիրելի մայրաքաղաքի հիմնադրման 2806-ամեակը: Այո՛, Երեւանը կը դասուի աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներու կարգին եւ իր հնագոյն անցեալով հպարտանալու առիթներ ունի: Անոր պատմութիւնը տակաւին նախքան Քրիստոսի ժամանակներէն կու գայ եւ պարագաներէն մէկն է, որ միշտ կը գրաւէ օտարները:

Ըստ աւանդութեան՝ ուրարտական Արգիշտի Ա. արքան կառուցած է Երեւանը՝ Քրիստոսի ծնունդէն առաջ 782 թուականին եւ զայն անուանած Էրեբունի: Երեւանի հիմնադրման մասին սեպագիր արձանագրութեան բնօրինակը հասած է մեր օրեր եւ կը պահուի «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ. սեպագիր այդ արձանագրութիւնն ալ մայրաքաղաքի հարստութիւններէն է։

Ահա ինչու իբրեւ Երեւանի օրհներգ ընտրուած է Պարոյր Սեւակի խօսքերով գրուած եւ Էտկար Յովհաննիսեանի երաժշտութեամբ ստեղծուած «Էրեբունի-Երեւան» երգը: Օրերս այ օրհներգը երեւանեան բեմի վրայ հնչեցուց սպանացի աշխարհահռչակ օփերայի երգիչ, դաշնակահար, խմբավար Փլասիտօ Տոմինկօ:

Համաշխարհային աստղը, այլ յայտնի երաժիշտներու հետ, Երեւան հրաւիրուած էր Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի ծիրէն ներս, բայց անոր համերգն ու այցը համընկնեցաւ Երեւանի նախատօնակ օրերուն: Եւ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նուագախումբին հետ (խմբավար՝ Էտուարտ Թոփչեան) իր համերգը իսկական նուէր էր Երեւանին եւ երեւանցիներուն: Տոմինկոյի համերգին կը մասնակցէր նաեւ մրցանակակիր հայազգի երգչուհի, օփերային արուեստի համաշխարհային աստղ Ճուլիանա Գրիգորեան: Փլասիտօ Տոմինկոյի հետ անոնք վաղեմի բարեկամներ եւ գործակիցներ են:

2022 թուականին Ճուլիանա արժանացած է Փլասիտօ Տոմինկոյի հիմնած «Օփերալիա» համաշխարհային հեղինակաւոր մրցոյթի առաջին մրցանակին՝ «Կանացի ձայն» անուանակարգին մէջ: Տոմինկօ միշտ ալ բարձր գնահատած է Ճուլիանա Գրիգորեանի տաղանդը:

Բեմին վրայ Տոմինկօ չէր թաքցներ իրենց բարեկամութիւնը եւ ջերմ ելոյթ ունեցաւ հայ երգչուհիին հետ:

Անոնք համերգը եզրափակեցին «Էրեբունի-Երեւան» օրհներգի համատեղ կատարումով, որ պիտի մնայ պատմութեան մէջ, հակառակ որ առաջին անգամ չէր, որ Տոմինկօ Երեւանի հիմնը երգած է: 2020 թուականին ան օտար բեմի վրայ ելոյթ ունեցող «Փարոս» անդամալոյծներու հայկական երգչախումբին եւ կարգ մը երգիչներու միանալով՝ կրկին երգած է «Էրեբունի-Երեւան»ը: Բայց այս կատարումը կը յիշուի երգի բնօրրանի՝ Երեւան մայրաքաղաքի մէջ երգած ըլլալուն համար:

Համերգի ընթացքին Տոմինկօ երգեց արիաներ, նախերգանքներ յայտնի օփերաներէն, կատարեց սիրուած համաշխարհային ստեղծագործութիւններ, Ճուլիանայի հետ զուգերգեր ունեցաւ, ինչպէս նաեւ երգեց հատուածներ սարսուելաներէն, որ սպանական օփերայի հնագոյն ժանր մըն է, որու ընթացքին երգեցողութիւնն ու պարը կ՚ընդմիջուին երկխօսութեամբ: Այս համերգը իր վրայ սեւեռեց հանդիսատեսի ուշադրութիւնը՝ աշխարհի զանազան կէտերէ:

Տոմինկօ երեւանեան համերգէն առաջ եւ համերգի օրը իր ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառումներ, որոնք միլիոնաւոր հաւանումներ ունեցան, կորզեցին բազմաթիւ քաջալերանքի եւ գնահատանքի խօսքեր: Եւ ի վերջոյ, համերգը դարձաւ իսկական մշակութային հրավառութիւն: Անոր արձագանգները տակաւին կը շարունակուին…

Տոմինկօ, ոգեւորուած երեւանեան ընդունելութենէն՝ իր ընկերային էջերու միջոցով շնորհակալութեան խօսքեր շռայլեց, մանաւանդ՝ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանին, որ քաղաքապետարանի շէնքին մէջ «Ոսկեայ մեյտայլ»ով պարգեւատրած է համաշխարհային աստղը: Երգիչը իր մեյտալով լուսանկարուեցաւ քաղաքապետարանին առջեւ:

Ճուլիանա Գրիգորեանն ալ «Ոսկեայ մեյտայլ» ստացաւ համերգի ընթացքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի ձեռամբ:

Հայաստանը անծանօթ վայր մը չէ Փլասիտօ Տոմինկոյի համար. այս մէկը անոր երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան, ինչպէս նաեւ 2013 թուականին Հայաստանի մէջ համերգ ունեցած է իր որդին՝ Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը:

Առաջին անգամ հայր Փլասիտօ Տոմինկոն Հայաստանի մէջ համերգով հանդէս եկած է 2010 թուականի դեկտեմբերի 3-ին՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նուագախումբի հետ՝ «Երեւանեան հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի ժամանակ: Այն ժամանակ նոյնպէս համերգը կը վարէր նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էտուարտ Թոփչեան:

Հակառակ իր 83-ամեայ տարիքին՝ սպանացի երգիչ-երաժիշտը չի հրաժարիր շրջագայութիւններէ, համերգներէ, շատ մը փառատօներու սպասուած հիւր է: Ան երիտասարդական աւիւնով կը խանդավառէ հանդիսատեսը եւ միշտ սէր կը քարոզէ առ դասական արուեստը:

Առ այսօր Փլասիտօ Տոմինկօ կատարած է 128 օփերայի դեր իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն, սպաներէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Իր առաւել յայտնի դերերէն են Օթելլոն ու Տոն Քարլոսը (Վերտիի համանուն օփերայէն), Ռատամէսը (Վերտիի «Այտա» օփերայէն), Քաւարատոսսին, տը Կրիէն եւ Ռիք Ճոնսընը (Փուչինիի «Թոսքա», «Մանոն Լեսքօ» եւ «Աղջիկը Արեւմուտքէն» օփերաներէն), Ֆաուսթը (Կունոյի «Ֆաուսթ» օփերայէն), Վերթերը (Մասէնի «Վերթեր» օփերայէն), տոն Խոզէն (Պիզէի «Քարմէն» օփերայէն), Սամսոնը (Սեն-Սանսի «Սամսոն եւ Տալիլա» օփերայէն), Լոհենկրինը, Փարսիֆալը եւ Զիկմունտը (Ռիխարտ Վակների «Լոհենկրին», «Փարսիֆալ» եւ «Վալքիրիա» օփերաներէն)։

Փլասիտօ Տոմինկոյի երգացանկը ծաւալուն է՝ օփերաներ եւ երաժշտական-բեմական ստեղծագործութիւններ, «միւզիքալ»ներ, նէոփոլիթանական երգեր ու փոփ ստեղծագործութիւններ։

Ան աստղ-երգիչի հետաքրքրական ճանապարհ անցած է, նոյնքան հետաքրքրական է իր անձնական կեանքը. Տոմինկոն 16 տարեկանին գաղտնի կ՚ամուսնանայ իր դաշնակահարուհի ընկերուհիին հետ, որ մէկ տարի յետոյ իրեն որդի կը պարգեւէ։ Երկու տարի յետոյ անոնք կը բաժնուին։

Փլասիտոն երգիչի առաջին քայլերը կատարած է պարիթոն ձայնով: Մեքսիքայի ազգային օփերա ընդունուած ժամանակ իրմէ կը խնդրեն թենորային արիաներ կատարել, եւ այդ կատարումը իրեն համար կը դառնայ բախտորոշ։ Փլասիտօ Տոմինկօ նաեւ դաշնակահար է եւ խմբավար: Երաժշտանոցի մէջ ուսանելու տարիներուն երաժիշտը կը հանդիպի սոփրանօ Մարթա Օրնելասին։ Անոնք միասին հանդէս կու գան շուրջ երեք տարի։ Տոմինկոն 21 տարեկանին կ՚ամուսնանայ երկրորդ անգամ եւ կ՚ունենան երկու որդի։

Ան նաեւ բազմաթիւ Կրէմմի մրցանակներ խլած երաժիշտներէն է:

1971 թուականին Ճ. Վերտիի «Այտա»ի համար ստացած է Կրէմմիի՝ «Մենակատար լաւագոյն օփերային ձայնագրութիւն» անուանակարգին մէջ:

1983 թուականին նոյն մրցանակը ստացած է Ճ. Վերտիի «Թրաւիաթա»ի համար: 1974 թուականին եւ 1984 թուականին նոյնպէս Կրէմմի ստացած է, ինչպէս նաեւ այդ մրցանակին արժանացած է 1988, 1992 թուականներուն:

Տոմինկոյի համերգին հայ հանդիսատեսին համար անգամ մը եւս բացայայտում եղաւ միջազգային համբաւի արժանացած Ճուլիանա Գրիգորեան, որու յաջողութիւններու մասին մամուլը միշտ կը գրէ, բայց այս համերգը բացառիկ էր եւ երգչուհին փայլեցաւ իր ողջ տաղանդով եւ հմայքով:

Սոփրանօ ձայնի տէր Ճուլիանա Գրիգորեան իր սերունդի ամենախոստմնալից եւ տաղանդաւոր երգչուհիներէն է:

2022 թուականին «Օփերալիա» մրցոյթի ընթացքին առաջին մրցանակը ստանալը ա՛լ աւելի կրկնապատկեց անոր համբաւը: Այդ տարին ան ստացաւ նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակը:

Այսօր Ճուլիանան ելոյթներ կ՚ունենայ ամենահեղինակաւոր օփերային թատրոններու մէջ՝ Միլանօ, Նիւ Եորք, Ամսթերտամ եւ այլն:

Հայաստանի մէջ երգչուհին համագործակցած է Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք, Հայաստանի Պետական սինֆոնիք եւ Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբերու հետ, համերգներ ունեցած է թէ՛ մայրաքաղաքին, թէ՛ մարզերուն, թէ՛ ալ Արցախի մէջ:

Այս տարուան իր համերգաշրջանը մանաւանդ յագեցած էր. ան բազմաթիւ դերերգեր կատարած է զանազան օփերաներու մէջ՝ Լոնտոնէն մինչեւ Պերլին:

2023-24 համերգաշրջանին տեղի ունեցած է Ճուլիանա Գրիգորեանի բեմելը «Մեթրոփոլիթըն» թատրոնի մէջ, նաեւ մասնակցութիւն ունեցած է միջազգային փառատօներու:

Երգչուհին ծնունդով հայաստանցի է, աւարտած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցը եւ ուսումնառութեան տարիներուն արդէն սկսած է մասնակցիլ մրցոյթներու եւ փառատօներու:

Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած է. «Օփերայի արուեստը որքան դիւթիչ է ու հեքիաթային, կրկնակի բարդ է ու առեղծուածային: Զայն քմահաճ է, տարերային, հարկաւոր է ամենօրեայ ջերմեռանդ աշխատանք, նուիրում եւ մեծ սէր»։

Միաժամանակ իր հարցազրոյցներու մէջ ան կը խօսի այն ազդեցութիւններու մասին, որոնք գործած են իր վրայ եւ ամենաառաջինը կը շեշտէ իր մօր ազդեցութիւն-ներկայութիւնը իր արուեստին մէջ։

«Ի սկզբանէ ուսուցչուհիս մայրս էր, որ արդէն իսկ զիս կրած ժամանակ համոզուած է, որ օփերայի երգչուհի պիտի ծնի: Տակաւին ծնած չէի՝ ան ինծի անվերջ իր սիրելի արիաները մրմնջացած է եւ «սնած» է զիս մեծանուն հայ երաժշտահաններու՝ Տիգրան Մանսուրեանի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի, Առնօ Բաբաջանեանի երգարուեստի թովիչ հնչիւններով, որոնք ինծի շատ հոգեհարազատ են ու մեծ սիրով զանոնք կը կատարեմ, երբ հնարաւորութիւն ընձեռնուի»:

Ճուլիանա Գրիգորեան երկար տարիներ ուսանած է ձայնամարզութեան ուսուցչուհի Վիոլեթա Սահակեանի մօտ, որ նաեւ եղած է օփերայի երգչուհիի դասախօսը՝ Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ:

Երգչուհին դասական երաժիշտներէն կը սիրէ Լուսինէ Զաքարեանի, Միրելլա Ֆրէնիի, Ճեսսի Նորմընի, Աննա Մոֆոյի, Մոնսերատ Քապալիյէի, Լուչիանօ Փաւարոթթի արուեստը: Իսկ ժամանակակից երաժիշտներէն կը նախընտրէ Շարլ Ազնաւուր, Էլվինա Մակարեան, Զառա Տօնիկեան, Էտիթ Փիաֆ, Ուիթնի Հիւսթըն…

Միջազգային մակարդակով տակաւին կը լսուի անոր անունը:

Իսկ համաշխարհային մեծութեան աստղի՝ մասնակցութիւնը Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնին նշանակալի իրադարձութիւն դարձաւ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ միջազգային երաժշտական հանրութեան համար:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ԱՐԴԷՆ 16-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Երեւանի միջազգային երաժշտական փառատօնը Հայաստանի երաժշտական կեանքի նշանակալի ձեռնարկներէն մէկն է, որ ամէն տարի Հայաստանի վրայ կը սեւեռէ դասական արուեստի աշխարհի ուշադրութիւնը:

Այս փառատօնը հիմնուած է 2007-ին՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նուագախումբի նախաձեռնութեամբ: Ինչպէս ընդունուած է՝ միջազգային փառատօն մը գեղարուեստական ղեկավարներ կ՚ունենայ եւ այս փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարներն են խմբավար Էտուարտ Թոփչեան եւ ջութակահար Ալեքսանտր Չավուշեան (Անգլիա):

Փառատօնը աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ՝ աջակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին: Երեւանի միջազգային երաժշտական փառատօնի ծրագիրները կ՚ընդգրկեն սինֆոնիք եւ քամերային համերգներ եւ մենահամերգներ: Փառատօնին կը մասնակցին աշխարհահռչակ մենակատարներ, նուագախումբեր եւ խմբավարներ, տեղի կ՚ունենան վարպետութեան դասընթացքներ: Առանձնակի տեղ կը գրաւեն օփերաներու բեմականացումները, նշանաւոր տարեթիւերուն եւ յոբելեաններուն նուիրուած համերգները:

Այս տարի փառատօնը բացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ֆիլարմոնիք նվագախումբի ելոյթով, որ դարձաւ նաեւ նուագախումբի 99-րդ համերգաշրջանի բացումը: Փառատօնը կը փակուի հոկտեմբերի 30-ին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024